Հալէպի Մէջ Այսօր Մօտ 20 Հազար Հայ Կ´ապրի

Բերիոյ Հայոց թեմի տուեալներուն համաձայն` Հալէպի մէջ այս պահի դրութեամբ շուրջ 20 հազար հայ կ´ապրի:
Այս մասին Փետրուար 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստի ժամանակ ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Պապիկեան:
Անոր խօսքով` Դամասկոսի մէջ կը բնակի 3000, Լաթաքիա, Քեսապի ծովափնեայ շրջաններուն մէջ` 3000-3500, Գամիշլիի` 3000, մնացած բնակավայրերուն մէջ` 3000-4000 սուրիահայ: «Այս թուերը կայուն չեն եւ կարող են փոփոխութեան ենթարկուել մի շարք գործօններից ելնելով»,-ըսաւ Պապիկեան:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ բնակչութիւնը մինչ պատերազմը կը կազմէր 24.5 միլիոն, այժմ` 17-է 18 միլիոն: «7 միլիոնը համարւում է ներքին տեղահանուած, 13.5 միլիոնը ունի մարդասիրական օգնութեան կարիք, որից 4.5 միլիոնը բնակւում է դժուար հասնելի վայրերում կամ շրջափակման մէջ»,-աւելցուց ան:
Սուրիոյ այն տարածքներուն մէջ, ուր կը պահպանուի հրադադարի կարգը, դրական տեղաշարժ կը նկատուի կենցաղային պայմաններու բարելաւման առումով: Ահաբեկիչներու ձեռքին մէջ կը գտնուէին Դամասկոսը մատակարարող ջրամբարները եւ ատոնց գրաւումը կառավարական ուժերուն կողմէ որոշակի առումով թեթեւացուց ջրամատակարարումը այնտեղ: «Սիրիայի բնակչութեան մեծագոյն հատուածը գտնւում է ծայրայեղ ծանր վիճակում: ՄԱԿ-ի տուեալների համաձայն` բնակչութեան 50 տոկոսը համարւում է բռնի տեղահանուած, երկու երրորդը` խիստ կարիքաւոր: Կիսաքանդ վիճակում է գտնւում 1000, լիովին ոչնչացուած 100, մասնակի աւերածութեան ենթարկուած 800 տուն –շինութիւն, 3000 խանութ, վաճառատուն կայ Սիրիայում, որոնք կողոպտուած են, այրուած, կամ կիսաքանդ վիճակում»,-ըսաւ ԱԳՆ նախարարի տեղակալը` աւելցնելով, որ կը շարունակուի սուրիահայութեան արտագաղթը դէպի Գանատա, Աւստրալիա, Հայաստան:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան հետ միասին կը շարունակեն աջակցութիւն ցուցաբերել այն սուրիահայերուն, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն գալ Հայաստան: Հալէպի մէջ կը շարունակէ գործել միակ հիւպատոսութիւնը, որ կը շարունակէ ամէնօրեայ կարգով տեղեկատուութիւն տրամադրել Հալէպի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին: