Սփիւռքի Ներուժի Առաւել Արդիւնաւէտ Ներգրաւման Նպատակով Անհրաժեշտ Է Աշխուժացնել ՀՀ Նախարարութիւններու Եւ Գերատեսչութիւններու Համատեղ Գործունէութիւնը
Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման տարբեր ոլորտներու մէջ սփիւռքի ներուժի առաւել արդիւնաւէտ ներգրաւման նպատակով Կարէն Կարապետեան նշած է, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնել ՀՀ նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու համատեղ գործունէութիւնը: Այդ նպատակով վարչապետը յանձնարարած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` գործադիր բոլոր մարմիններու ղեկավարներուն հետ համատեղ մէկ ամսուան ժամկէտով մշակել ծրագիր սփիւռքի յայտնի մասնագէտներու, կառավարիչներու եւ անոնց կազմակերպութիւններուն հետ երկկողմանի համագործակցութիւնը խորացնելու վերաբերեալ:
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան եւ սփիւռքի նախարարներուն կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է երկու ամսուան ժամկէտով մշակել համատեղ ծրագիր` սփիւռքի կրթական խնդիրներու լուծման աջակցութեան, սփիւռքի կրթօճախներուն համար մասնագէտներու պատրաստման, երիտասարդութեան մօտ մայրենի լեզուի ուսուցման մակարդակի բարձրացման, սփիւռքի կրթօճախներուն համար ուսուցիչներու պատրաստման եւ վերապատրաստման կազմակերպման, սփիւռքի կրթօճախներուն համար նոր, ներառեալ ելեկտրոնային դասագիրքերու, ուսումնական ծրագիրներու մշակման, ինչպէս նաեւ միջոցներ սփիւռքի գիտնականներուն եւ անոնց կազմակերպութիւններուն եւ Հայաստանի համալսարանական եւ գիտական հաստատութիւններուն միջեւ երկկողմանի համագործակցութիւնը խորացնելու եւ համակարգելու համար:
ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու ու սփիւռքի նախարարներուն ալ վարչապետը յանձնարարած է մէկ շաբթուան ժամկէտով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան միջոցով հայազգի գործարարներուն փոխանցել առկայ ներդրումային ծրագիրները` ատոնք սփիւռքի գործարարներուն տրամադրելու համար, ինչպէս նաեւ տեղեկացնել սփիւռքի գործարարներուն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան բոլոր հարթակներուն մասին եւ պահպանել այդ կապը մշտապէս:
ՀՀ մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու եւ սփիւռքի նախարարներուն յանձնարարուած է երկու ամսուան ժամկէտով մշակել համատեղ մշակութային, երիտասարդական եւ մարզական ծրագիրներ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան օժանդակելու, հայկական մշակոյթի տարածման եւ հայկական արժէքներու քարոզման միջոցով Հայաստան առաւել ճանաչելի դարձնելու համար: