«Ճիշդ Է, Որ Մենք Մեր Քարաշէն Շէնքէն Հեռու Էինք, Բայց Ճեմարանի Ոգին Մեր Մէջ Էր Եւ Մենք Շարունակեցինք Նոյն Ոգիով», Հաստատեց Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի Տնօրէն

«Ճե­մա­րա­նա­կա՛ն պի­տի ըլ­լամ»… Երբ ճե­մա­րա­նա­կանկ՛ըլ­լայ` ու­րա­խու­թեամբ եւ հպար­տութ­եամբ կը լեց­ուիիւ­րա­քան­չիւր աշա­կեր­տի սիր­տը, որով­հե­տեւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին շր­ջան մըն է անոր հա­մար: Ան այ­լեւս ման­կու­թե­նէն կ՛անց­նի պա­տա­նե­կու­թեան: Իւ­րա­քան­չիւ­րին հա­մար նոր սկիզբ է` նոր դպ­րոց, նոր շր­ջա­նակ, նորըն­կեր­ներ եւ նոր ու­սու­ցիչ­ներ:

Բո­լո­րին սր­տին մէջ կայ ճե­մա­րան մը, սա­կայն Ազգ. Քա­րէնԵփ­փէ ճե­մա­րա­նը այլ տեղ կը գրա­ւէ, որով­հե­տեւ անի­կա 70 տար­ուան ան­մար փա­րոս մը եղած է: Բազ­մա­թիւ աշակերտներշր­ջա­նա­ւարտ եղած են Ճե­մա­րա­նէն, այս հզօր կա­ռոյ­ցէն, սա­կայն 2012 տարեշր­ջա­նի աշա­կերտ­նե­րուն դժ­բախ­տա­բարայդ առի­թը չըն­ծայ­ուե­ցաւ: 2011-ին սկսած Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մը  2012-ին թա­փան­ցեց Հա­լէպ եւ հետզ­հե­տէ սաստ­կա­նա­լով` հա­սաւ մին­չեւ հա­յա­հոծ Նոր Գիւ­ղի շր­ջան, ուր կըգտն­ուէր նա­եւ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճեմա­րա­նը: Սակայն այսիրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ար­գելք չհան­դի­սա­ցան Ճե­մա­րա­նիտնօ­րէնութեան, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կէ իր առա­քե­լու­թիւնը: Անոնք ոչ մէկ ճիգ խնա­յե­ցին իրենց աշա­կերտ­նե­րուն ուս­մանտեն­չը յա­գեց­նե­լու հա­մար:

Այժմ, Հա­լէ­պի հա­մե­մա­տա­կան ապա­հով  վի­ճա­կը որոշ չա­փով յոյս ներշն­չեց ժողովուրդին, ինչ­պէս նա­եւ` բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, կազ­մա­կեր­պութիւններուն, վար­ժա­րան­նե­րուն, որոնք եր­կար ժա­մա­նակ հե­ռու մնա­ցին իրենցկա­ռոյց­նե­րէն:

30 Դեկ­տեմ­բեր 2016-ին «Գան­ձա­սար» հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճեմարա­նի տնօ­րէն Յա­կոբ Քի­լէճ­եա­նին հետ: Թուա­կա­նը կը նշեմ, որով­հե­տեւ օրը նշանա­կե­լի եւյու­զիչ էր պրն. Յա­կոբ Քի­լէճ­եա­նին հա­մար, ինչ­պէս` բո­լորճեմարականնե­րուն: Անոնք 5 տար­ուան կա­րօ­տէն ետք առա­ջին ան­գամն էր, որ ապա­հով պայ­ման­նե­րու մէջ կ՛այ­ցե­լէ­ինիրենց ամ­րո­ցը:

«Գան­ձա­սար».- Ե՞րբ եւ ապա­հո­վա­կան ինչ­պի­սի՞ պայ­ման­նե­րու մէջ որո­շե­ցիք Ազգ. Քարէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նի աշա­կեր­տու­թիւնը տե­ղա­փո­խել այլ կա­ռոյց:

Յա­կոբ Քի­լէճ­եան.- 2012-ի Յու­լիս ամիսն էր: 12-րդ կար­գի ամառ­նա­յին դա­սըն­թաց­քը ար­դէն սկ­սած էինք Յու­նիս ամի­սէն: Յու­լիս ամսը­ւան մէջ Նոր Գիւ­ղի շր­ջա­նին եւ դըպ­րո­ցի շր­ջա­կայ­քին մէջ հրաձ­գու­թիւն­ներն ու հր­թի­ռա­կո­ծում­նե­րը բա­ւա­կան սաստ­կա­ցան, որ­մէ ետք, երբ տե­սանք թէ վի­ճա­կը այ­լեւս վտան­գա­ւոր դար­ձաւ` ստիպ­ուե­ցանք մեր դա­սա­ւան­դու­թիւնը կա­սեց­նել: Դըպ­րո­ցին մէջ մեր վեր­ջին օրը եղաւ 21 Յու­լիս 2012-ը: Աշա­կերտ­նե­րը դա­սի մէջ էին, երբ քիչ մը հե­ռուն սկ­սաւ զար­կը: Օդա­նա­ւե­րը սկ­սան հար­ուա­ծել մօ­տա­կայ զին­եալ ահա­բե­կիչ­նե­րը, սա­ւառ­նե­լով ճիշդ ճե­մա­րա­նի վրա­յէն` մօ­տա­ւո­րա­պէս 200-300 մեթր բարձ­րու­թեամբ: Ստիպ­ուե­ցանք դա­սը ընդ­հա­տել  եւ աշա­կերտ­նե­րը ար­ձա­կել: Այդ մեր վեր­ջին դա­սա­ւան­դու­թիւնն էր ճե­մա­րա­նի շէն­քին մէջ:

Մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ ամիս դադ­րե­լէ ետք, Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան հետ հա­մա­խոր­հուրդ որոշ­ուե­ցաւ, որ 12-րդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րու դա­սա­ւան­դու­թիւնը վերս­տին շա­րու­նակ­ուի` «Սի­մոն Վրաց­եան» կեդ­րո­նէն ներս: Հոն ու­նե­ցանք երեք բա­ժա­նում­ներ (եր­կու գի­տա­կան եւ մէկ գրա­կան բա­ժա­նում), որոնք իրենց դա­սա­ւան­դու­թիւնը շա­րու­նա­կե­ցին Սեպ­տեմ­բեր ամս­ուան սկիզ­բէն: Իսկ միւս կար­գե­րու դա­սա­ւան­դու­թիւնը դժ­բախ­տա­բար չկա­րո­ղա­ցանք սկսիլ Սեպ­տեմ­բե­րին  եւ ստիպ­ուե­ցանք յե­տաձ­գել մին­չեւ Դեկ­տեմ­բեր 24, որով­հե­տեւ այդ ըն­թաց­քին ար­դէն ե՛ւ քա­ղա­քին մէջ իրա­րան­ցում մը ստեղծ­ուած էր ե՛ւ պա­տե­րազ­մա­կան ճա­կատ­ներ կա­յին… ապա­հո­վա­կան վի­ճա­կը բա­ւա­կան վատ էր:

24 Դեկ­տեմ­բե­րին 2012-2013 տա­րեշր­ջա­նի վե­րա­մու­տը յայ­տա­րա­րե­ցինք: Դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը կ՛ըն­թա­նա­յին Ազգ. Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նին մէջ: Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նի աշ­խա­տան­քա­յին ժա­մե­րը եղան առա­ւօտ­եան 7:30-էն մին­չեւ ժա­մը 11:40, իսկ կէ­սօ­րէ ետք ազ­գա­յին միւս վար­ժա­րան­նե­րու(նա­խակր­թա­րան) աշ­խա­տան­քա­յին ժա­մե­րը եղան մօ­տա­ւո­րա­պէս ժա­մը 12:00-էն մին­չեւ 3:40: Այս­պի­սով մեր վե­րա­մու­տը սկ­սաւ: Բնա­կա­նա­բար տա­րեշր­ջա­նը ամ­բող­ջա­ցու­ցինք բա­ւա­կան դժ­ուա­րու­թին­նե­րով, բայց Կիւլ­պէնկ­եան դըպ­րո­ցին մէջ վի­ճա­կը հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի ապա­հով էր:

«Գ.».- Ինչ­պի­սի՞ դժ­ուա­րու­թիւն­ներ դի­մագ­րա­ւե­ցիք փո­խադր­ման հե­տե­ւան­քով եւ ի՞նչ ան­մի­ջա­կան լու­ծում­ներոր­դեգ­րե­ցիք անոնց դի­մագ­րաւ­ման հա­մար:

Յ.Ք.- Դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու յար­մա­րա­գոյն վայր գտ­նե­լու հա­մար եր­կար քն­նար­կում­նե­րէ ետք այն եզ­րա­կա­ցու­թեան հա­սանք, որ Կիւլ­պէնկ­եան դպ­րո­ցի վայ­րը հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի ապա­հով է, քան ու­րիշ շր­ջան­ներ եւ որո­շում գո­յա­ցու­ցինք դա­սա­ւան­դու­թիւնը սկ­սիլ Կիւլ­պէնկ­եա­նէն ներս` 22 Դեկ­տեմ­բեր 2012-ին: Ինչ որ անհ­րա­ժեշտ էր փո­խադ­րե­ցինք Կիւլ­պէնկ­եան դպ­րոց (գրա­սե­ղան­ներ, կա­հոյք եւ այլն): Այդ աշ­խա­տան­քը ամ­բող­ջա­ցու­ցինք եր­կու օր­ուան ըն­թաց­քին: Մե­զի օգ­նե­ցին մեր աշա­կերտ­նե­րը, Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւնը եւ բո­լոր այն երի­տա­սարդ­նե­րը, որոնք ան­համ­բեր կը սպա­սէ­ին վե­րա­մու­տը: Սա­կայն հոս ալ ու­նե­ցանք դըժ­ուա­րու­թիւն­ներ, որով­հե­տեւ Կիւլ­պէնկ­եան դպ­րո­ցը որ­պէս կա­ռոյց փոքր էր եւ կ՛ըն­դու­նէր մօ­տա­ւո­րա­պէս 300- 400 աշա­կերտ, մինչ­դեռ առա­ջին տա­րին, երբ մենք մեր դա­սա­ւան­դու­թիւնը սկ­սանք հոս շա­րու­նա­կել, ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րուն թիւը կը հաս­նէր 750-ի: Կր­նաք պատ­կե­րաց­նել, թէ ի՛նչ դժ­ուա­րու­թիւն­ներ ու­նէ­ինք. դա­սա­րան­նե­րը լի­ո­վին լե­ցուն էին, կարգ մը վար­չա­կան սեն­եակ­ներ դա­սա­րան­նե­րու վե­րա­ծե­ցինք եւ շա­րու­նա­կե­ցինք մեր դա­սա­ւան­դու­թիւնը: Այս ըն­թաց­քին 12-րդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րը մնա­ցին «Սի­մոն Վրաց­եան» կեդ­րոն, իսկ 7- 11-րդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րը տե­ղա­ւո­րե­ցինք Ազգ. Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նի կա­ռոյց:  Ճիշդ է, որ եր­կու կա­ռոյց­նե­րը շատ հե­ռու չեն իրար­մէ, բայց եւ այն­պէս տնօ­րէ­նու­թեան հա­մար դժ­ուա­րու­թիւն էր եր­կու տե­ղ հաս­նիլ եւ հսկել ընդ­հա­նուր աշ­խա­տանք­նե­րը:

Ան­շուշտ ճե­մա­րա­նէն հե­ռու մնա­լով շատ բա­նե­րէ զրկ­ուե­ցանք առա­ջի­նը` բա­կի մեծ տա­րածքն էր, ուր աշա­կերտ­նե­րը իրենց մար­զան­քի պա­հերն ու զբօ­սան­քը կ՛ան­ցը­նէ­ին, մինչ­դեռ Կիւլ­պէնկ­եա­նի բա­կը, հա­մե­մա­տա­բար մեր թիւին, փոքր էր: Երկ­րոր­դը` ու­նէ­ինք եր­գի սրահ, ուր այս կա­ռոյ­ցին մէջ չկար: Շար­քը եր­կար է` ու­նէ­ինք հա­մա­կար­գի­չի յա­տուկ սեն­եակ, ուր իւ­րա­քան­չիւր աշա­կերտ կ՛ու­նե­նար իր յա­տուկ հա­մա­կար­գի­չը եւ կը պատ­րաս­տէր իր դա­սե­րը: Ու­նէ­ինք նա­եւ գծագ­րութ­եան եւ ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու յա­տուկ սեն­եակ մը, սա­կայն դարձ­եալ կա­ռոյ­ցին փոքր ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով չկա­րո­ղա­ցանք այս­տեղ տե­ղադ­րել: Կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը` ու­նէ­ինք նո­րա­կա­ռոյց եր­կու  տար­րա­լու­ծա­րան` քիմ­ի­ա­գի­տու­թեան եւ բնա­գի­տու­թեան, որոնք, կը կար­ծեմ, Սուր­իոյ մա­կար­դա­կով լա­ւա­գոյն­նե­րէն էին, եւ իւ­րա­քան­չիւր աշա­կերտ քիմ­ի­ա­կան փոր­ձե­րը ինք­ կը կատարէր: Ինչ­պէս նա­եւ ու­նէ­ինք մեծ ըն­թեր­ցաս­րահ մը` «Ս. Վրաց­եան» գրա­դա­րա­նը, որ կը պա­րու­նա­կէր շուրջ 10.000 գիրք, ուր­կէ  մեր աշա­կերտ­նե­րը տա­րե­կան մօ­տա­ւո­րա­պէս երեք հա­զար գիրք կը վար­ձէ­ին, կը նս­տէ­ին ըն­թեր­ցաս­րա­հը եւ կ՛ըն­թեր­ցէ­ին: Ճե­մա­րա­նի ընդ­հա­նուր այս բա­րիք­նե­րէն զրկ­ուե­ցանք:

«Գ.».- Պար­տա­դիր այս տե­ղա­փո­խու­թիւնն ու ժա­մա­նա­կա­ւոր լու­ծում­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով շատ մը ու­սու­ցիչ­նե­րուն գաղ­թը որ­քա­նո՞վ ազ­դե­ցին ու­սում­նա­կան կեան­քին վրայ:

Յ.Ք.- Գաղ­թի պատ­ճա­ռով աշա­կերտ­նե­րու թիւի նուա­զու­մին առըն­թեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն թիւն ալ   նուա­զե­ցաւ: 2011-2012 տա­րեշր­ջա­նին ճե­մա­րա­նին մէջ ու­նէ­ինք 1127 աշա­կերտ, իսկ 2012-2013-ին թիւը նուա­զե­ցաւ 750-ի: Ու­սուց­չա­կան կազ­մը, վար­չա­կան կազ­մին եւ ծա­ռա­յո­ղա­կան պաշ­տօն­եա­նե­րուն հետ մի­ա­սին, մօ­տա­ւո­րա­պէս 120 էր, իսկ 2016-ին մօ­տա­ւո­րա­պէս անձ­նա­կազ­մը 50 հո­գի կը հաշ­ուէր: Ան­շուշտ այս մէկն ալ դժ­ուա­րու­թիւն էր, գաղ­թող­ներուն մէջ ան­պայ­ման որակ մը կար, մեր լա­ւա­գոյն ու­սու­ցիչ­նե­րէն շա­տեր գաղ­թե­ցին զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով` հիմ­նա­կա­նը ապա­հո­վութ­եան: Հր­թի­ռա­կո­ծում­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ անոնց բնա­կա­րան­նե­րը քանդ­ուին, նոյ­նիսկ մար­դիկ վի­րա­ւոր­ուե­ցան, իսկ ու­րիշ­ներ կորսն­ցու­ցին իրենց հա­րա­զատ­նե­րը: Իսկ հոս մնա­ցող ու­սու­ցիչ­նե­րը կա­րո­ղա­ցան Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նը կան­գուն պա­հել:

Ճիշդ է, որ մենք մեր քա­րա­շէն շէն­քէն հե­ռու էինք, բայց ճե­մա­րա­նի ոգին մեր մէջ էր եւ մենք շա­րու­նա­կե­ցինք նոյն ոգի­ով: Այ­սօր` 30 Դեկ­տեմ­բեր 2016-ին հռ­չա­կե­ցինք Նոր Գիւ­ղի շր­ջա­նի վե­րա­կանգ­նու­մը` առ­նե­լով մեր առա­ջին քայ­լը: Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի վե­րա­կանգ­նու­մի առա­ջին աշ­խա­տան­քը սկ­սաւ ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րուն իսկ ձեռ­քով: Բո­լոր աշա­կերտ­նե­րը ուղղ­ուե­ցան ճե­մա­րան: Նախ­քան Ճե­մա­րան եր­թա­լը անոնք այ­ցե­լե­ցին Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղե­ցի եւ Ս. հա­ղոր­դու­թիւն ստա­ցան, որ­մէ ետք մտան Ճե­մա­րան, մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու ու­րա­խու­թեամբ աշ­խա­տե­ցան, մաք­րե­ցին ճե­մա­րա­նի շր­ջա­փա­կը:

Ամ­սուն 1-ին, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Ճե­մա­րա­նի Տնօ­րէ­նու­թեան, Խնա­մա­կա­լու­թեան ու բո­լոր աշա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յութ­եամբ` Ճե­մա­րա­նի մէջ տօ­նա­ծա­ռի լու­սա­ւո­րու­մը պի­տի կա­տա­րենք եւ նոր տար­ուան առա­ջին աղօթ­քով ու ճե­մա­րա­նի քայ­լեր­գով պի­տի յայ­տա­րա­րենք ճե­մա­րա­նի վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տան­քը:

«Գ.».- Հա­կա­ռակ երկ­րիս պա­տե­րազ­մա­կան պայ­ման­նե­րունՃե­մա­րա­նը նուա­ճում­ներ եւս ար­ձա­նագ­րեց, նոյ­նիսկ Սուր­իոյ մա­կար­դա­կով, ինչ­պէս նա­եւ այս ըն­թաց­քին պար­գեւ­ներստա­ցաւ: Ի՞նչ կը յայտ­նէք այս առու­մով:

Յ.Ք.- Այս 5 տար­ուան ըն­թաց­քին մենք հա­կա­սու­թիւն­ներ ապ­րե­ցանք: Հա­կա­սու­թիւն կ՛ըսեմ, որով­հե­տեւ Ճե­մա­րա­նի պատ­մու­թեան մէջ բարձ­րա­գոյն նի­շը ապա­հո­վեց Գէ­որգ Եղ­իայ­եան, որ 2015 տա­րեշր­ջա­նին Հա­լէ­պի մա­կար­դա­կով եր­րորդ հան­դի­սա­ցաւ եւ Սուր­իոյ մա­կար­դա­կով` հին­գե­րորդ ու ապա­հո­վեց 2880/2900 նիշ: Իսկ Ճե­մա­րա­նի պատ­մութ­եան մէջ բարձ­րա­գոյն 5 նի­շե­րը ձեռք բեր­ուած են 2011-2016-ի մի­ջեւ: Աշա­կերտ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թեան տո­կո­սը պա­քա­լոր­իա­յի մէջ հա­սաւ 100%-ի, որ մեծ նուա­ճում էր ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րուն հա­մար: Ին­չո՞ւ աշա­կերտ­նե­րը այս վատ պայ­ման­նե­րուն մէջ յա­ջո­ղե­ցան լաւ ար­դիւնք­ներ ձեռք բե­րել: Հա­ւա­նա­բար առա­ջին պատ­ճա­ռը հա­յու նկա­րա­գիրն է, որ մենք դժ­ուար պայ­ման­նե­րուն մէջ աւե­լի լաւ ար­դիւնք կու­ տանք, իսկ երկ­րորդ` այլ ժա­մանց­ներ չկա­յին, աշա­կերտ­նե­րը իրենց առօր­եան ու­րիշ զբա­ղում­նե­րով չէ­ին կր­նար լեցը­նել, տու­նը մնա­ցին եւ կեդ­րո­նա­ցան դա­սե­րուն վրայ: Ու­րեմն` ամէն չա­րի­քի մէջ բա­րիք մը կայ:

Այս բո­լո­րին կող­քին` 2009-էն սկս­եալ մաս­նակ­ցե­ցանք Սուր­իոյ գի­տա­կան ողոմպ­ի­ա­կա­նին եւ բո­լոր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կա­րո­ղա­ցանք Հա­լէ­պի եւ Սուր­իոյ մա­կար­դակ­նե­րով լա­ւա­գոյն ար­դիւնք­ներ ձեռք բե­րել: Ու­նե­ցանք աշա­կերտ­ներ, որոնք Մի­ջազ­գա­յին Գի­տա­կան Ողոմպ­ի­ա­կա­նի մէջ Սուր­ի­ան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ­ին, սա­կայն որով­հե­տեւ Սուր­իոյ  հան­դէպ յա­տուկ վե­րա­բեր­մունք կար` անոնք չկա­րո­ղա­ցան մաս­նակ­ցիլ: Մեր առաջ­նա­կարգ եւ Սուր­իոյ գի­տա­կան ողոմպ­ի­ա­կա­նին առա­ջին հան­դի­սա­ցող Ալիք Սար­եա­նը կեն­սա­բա­նու­թեան նիւ­թին մէջ Սուր­ի­ան պի­տի ներ­կա­յաց­նէր նախ` Պուլ­կար­իոյ, ապա` Դան­իոյ մէջ, բայց դժ­բախ­տա­բար իրեն մուտ­քի ար­տօ­նա­գիր (վի­զա) չտ­րա­մադ­րե­ցին: Բայց այս վեր­ջին երեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մեր աշա­կերտ­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը թէ՛ պե­տա­կան քն­նու­թիւ­ննե­րու, թէ՛ գի­տա­կան ողոմպ­ի­ա­կա­նի մէջ բա­ցա­ռիկ էին:

Այս ըն­թաց­քին պար­գե­ւատրուե­ցանք եր­կու ան­գամ: Առա­ջի­նը` ՀՀ Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ` «Լա­ւա­գոյն Կր­թօ­ճախ Սփիւռ­քի մէջ» ան­ուա­նա­կար­գին երկ­րորդ դիր­քը գրա­ւե­լով, իսկ վեր­ջի­նը կր­կին ՀՀ Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ` հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծի մէջ նշա­նա­կա­լի աւանդ ներդ­նե­լու հա­մար: Գնա­հատ­ուե­ցանք եւ պար­գե­ւատր­ուե­ցանք նա­եւ Հա­լէ­պի կըր­թա­կան տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ` մեր աշա­կերտ­նե­րուն բարձ­րա­գոյն ար­դիւնք­ներ ձեռք բե­րե­լուն եւ 100% յա­ջո­ղու­թիւն ապա­հո­վե­լուն հա­մար:

«Գ.».- Ճե­մա­րան վե­րա­դառ­նա­լու պա­րա­գա­յին, վե­րա­կանգ­նու­մի ինչ­պի­սի՞ ծրա­գիր­նե­րու մշակ­ման կը նա­խա­պատ­րաստ­ուիք: 2017 տա­րեշր­ջա­նը նշա­նա­կե­լի տա­րի մը պի­տիըլ­լայ, որով­հե­տեւ ճե­մա­րա­նի 70 ամ­եակն է, այդ առու­մովի՞նչ կը յայտ­նէք:

Յ.Ք.- Երբ Հա­լէպ քա­ղա­քի ապա­հո­վա­կան վի­ճա­կը բա­րե­լաւ­ուե­ցաւ եւ ընդ­հան­րա­պէս ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դադ­րե­ցան` Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան հետ հա­մա­խոր­հուրդ որո­շե­ցինք վերս­տին վե­րա­կանգ­նել Ճե­մա­րա­նը, ու­րեմն 2016-2017 տա­րեշր­ջա­նի 2-րդ կի­սամ­եա­կին, պի­տի փոր­ձենք Ճե­մա­րա­նէն ներս դա­սա­ւան­դու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րը վերս­տեղ­ծել: Բա­ւա­կա­նին մեծ աշ­խա­տանք պէտք է վե­րա­շի­նու­թեան եւ վե­րա­կանգ­նու­մի հա­մար, սկ­սե­լով քա­րէն ու անց­նե­լով կա­հոյ­քին, որով­հե­տեւ դռ­ներ, պա­տու­հան­ներ եւ այլն քանդ­ուած են զա­նա­զան պայ­թում­նե­րու հե­տե­ւան­քով: Աշ­խա­տանք­նե­րը ար­դէն այ­սօր սկը­սանք ճե­մա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րուն իսկ ձե­ռամբ: Հե­տա­գա­յին, զուտ մաս­նա­գէտ­նե­րու մի­ջո­ցաւ, պի­տի սերտ­ուին ճե­մա­րա­նի կա­ռոյ­ցը վե­րա­կանգ­նե­լու անհ­րա­ժեշտ կա­րիք­նե­րը: Ան­շուշտ կ՛են­թադր­ուի մեծ աշ­խա­տանք եւ մեծ ծախս, որուն հա­մար մենք կոչ պի­տի ուղ­ղենք ճե­մա­րա­նի մեծ ըն­տա­նի­քին, աշ­խար­հացը­րիւ բո­լոր ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րուն, շըր­ջա­նա­ւարտ­նե­րուն եւ ճե­մա­րա­նը սի­րող­նե­րուն, որ­պէս­զի իրենց լու­մա­յով  նե­ցուկ կանգ­նին ճե­մա­րա­նին. մենք ալ մեր կար­գին` մեր լու­մա­յով եւ մեր աշ­խա­տան­քով, որ­պէս­զի ճե­մա­րա­նը վերս­տին դառ­նայ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան եւ սուր­ի­ա­հա­յութ­եան տրո­փող սիր­տը եւ շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը իրենց վկա­յական­նե­րը կըր­կին ստա­նան Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի օճա­խէն ներս, ծա­ռա­յեն իրենց ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին: 2017-ին` ճե­մա­րա­նի 70 ամ­եա­կին, մեր ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը ան­պայ­ման պի­տի իրա­կա­նաց­նենք ճե­մա­րա­նի շր­ջա­փա­կին մէջ: Այս տար­ուան շըր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը այն սե­րունդն են, որ իր առա­ջին քայ­լե­րը սկ­սաւ ճե­մա­րա­նին մէջ` 2011-2012 տա­րեշր­ջա­նին, իսկ շր­ջա­նա­ւարտ պի­տի ըլ­լան եւ վկա­յա­կան պի­տի ստա­նան 2016-2017 տա­րեշր­ջա­նին: Յու­սամ, որ գա­լիք սե­րունդ­նե­րը իրենց եր­թը շա­րու­նա­կեն ճե­մա­րա­նին մէջ եւ իրենց վկա­յա­կան­նե­րը ստա­նան ճե­մա­րա­նի բե­մէն:

Մենք ալ մեր կար­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն պրն. Յա­կոբ Քի­լէճ­եա­նինեւ Խնա­մա­կա­լութ­եան, ինչ­պէս նա­եւ բո­լոր բա­րե­րար­նե­րուն, մաղ­թե­լով ան­խա­փան եւ բա­րի երթ դէ­պի 100 ամ­եակ:

Այս կա­ռոյ­ցը սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տեց ողջ Սփիւռ­քին հա­մար եւ ցարդ նոյն առա­քե­լու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ: Վարձ­քըկա­տա՛ր անց­եա­լի ու ներ­կա­յի բո­լոր կր­թա­կան մշակ­նե­րուն:

Հարցազրոյցը վարեց`

Անի Դաւիթեան Ուրիշիկեան

30 Դեկտեմբեր 2016

Scroll Up