Արցախի Կառավարութեան Հաշուեհամարին Քառօրեայ Պատերազմէն Ետք Փոխանցուած է Մօտ 5,5 Միլիառ Դրամ
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրապարակած է յատուկ հաշուեհամարի մուտքերուն եւ ելքերուն (ծախսերու) վերաբերեալ ընդհանրական հաշուետուութիւնը` 2017-ի Յունուար 1-ի դրութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը․
2016-ի Ապրիլ 4-էն մինչեւ 2017-ի Յունուար 1-ը 7,903 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու կողմէ կառավարութեան յատուկ հաշուեհամարին փոխանցուած է, ընդհանուր առմամբ, 5,484,130,100 ՀՀ դրամ: Ըստ արժոյթի` փոխանցումները բաշխուած են հետեւեալ կերպով` 2,519,339,800 ՀՀ դրամ, 5,032,601 տոլար, 180,428 եւրօ եւ 62,631,827 ռուբլի:
Սոյն թուականի Յունուար 1-ի դրութեամբ` հաւաքագրուած գումարներէն եւ կառավարութեան արտապիւտճետային հաշիւէն տարբեր նշանակութեան ծախսեր կատարուած են` ընդհանուր առմամբ, 6,003,654,100 դրամի չափով, որոնք արտայայտուած են հետեւեալ ընդհանրական տողերուն`
- Փոխանցում ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան` 1,359,862,200 ՀՀ դրամ: Այդ միջոցները տնօրինած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը` ըստ իր կարիքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն:
- Ռազմական նշանակութեան սարքաւորումներու ձեռքբերում` 1,458,724,500 ՀՀ դրամ: Առաջնագիծի ողջ երկայնքով տեղադրուած այդպիսի սարքաւորումները բարձրացուցած են դիրքերու պաշտպանունակութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ` հակառակորդին տեղաշարժի վերահսկման հնարաւորութիւնները` թէ՛ մերձակայ եւ թէ՛ հեռու տարածութիւններու վրայ, թէ՛ ցերեկային եւ թէ՛ գիշերային պայմաններու մէջ:
- Երկրաչափական աշխատանքներու կատարում` 1,144,556,400 ՀՀ դրամ: Այս աշխատանքները ներառած են ե՛ւ առաջնագիծի, ե՛ւ թիկունքային ամրութիւններու կառուցում եւ բարեկարգում:
- ՊԲ կարիքներուն համար ենթակառուցուածքներու, փոխադրամիջոցի ու կապի ծառայութիւններու եւ ընդհանուր ծախսերու իրականացում` 1,012,035,600 ՀՀ դրամ: Այս ծախսերուն միջոցով բարելաւուած են առաջնագիծին սպասարկող ենթակառուցուածքները եւ արդիականացուած են կապի միջոցները:
- Զօրակոչուած քաղաքացիներուն եւ կամաւորականներուն դրամական աջակցութեան տրամադրում` 1,028,476,400 ՀՀ դրամ: Ֆինանսական աջակցութիւն տրուած է ԼՂՀ գրանցում ունեցող այն կամաւորներուն, որոնք կա՛մ գործազուրկ/ինքնազբաղուած էին եւ որոշակի եկամուտ կորսնցուցած կամաւորութեան ընթացքին, կա՛մ հաստատագրուած գումարի չափէն աւելի ցած աշխատավարձ կը ստանային:
Նշենք, որ, ընդհանուր առմամբ, յատուկ հաշուեհամարին մէջ հաւաքագրուած միջոցներէն շուրջ 520 միլիոն դրամ աւելի գումար ծախսուած է, որ ուղղուած է կառավարութեան արտապիւճետային հաշիւէն:
Բացի կառավարութեան յատուկ հաշուեհամարին մէջ հաւաքագրուած գումարներով կատարուած աշխատանքներէն, տարբեր ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձիք եւս առանձին աջակցութիւն ցուցաբերած են յատկապէս թեքնիքական միջոցներու, մեքենաներու եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներու տրամադրման տեսքով: Իսկ երկրաչափական աշխատանքներուն զգալի մասը կատարած են շինարարական մասնաւոր ընկերութիւնները` կառավարութեան կողմէ իրենց ծախսերու մասնակի փոխհատուցմամբ:
Տեղեկացնենք, որ կառավարութիւնը Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան մշտական յանձնաժողովին եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուցած է աւելի մանրամասն հաշուետուութիւններ, որոնք կը ներառեն նաեւ հանգանակուած գումարներու ծախսման վերաբերեալ գաղտնի տեղեկութիւններ:
Կառավարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն անձերուն, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով հնարաւոր դարձուցած են ներկայացուած աշխատանքներու իրականացումը: Մենք մեծապէս կարեւոր կը համարենք մեր գործունէութեան թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը` պատրաստ ըլլալով հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ ներկայացնել հանրութեան յատուկ հաշուեհամարի միջոցներու ծախսման մանրամասնութիւնները: