«Հայաստան Կարծես Դրախտ Ըլլայ». Շաքէ Թումայեան

Նոյեմբեր 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լիբանանէն հայրենադարձուած Շաքէ Թումայեանը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Հայրենիք հաստատուելու Շաքէի որոշումը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Շատ ուրախ եմ, ճիշտ որոշում ես ընդունել: Այստեղ է իւրաքանչիւր հայի տունը: Այստեղ հողը, ջուրը, լեզուն, մշակոյթը, ամէն ինչը ձերն է, հարազատ է, հայկական»:

Շաքէ Թումայեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար ու նշեց. «Շատ եկած եմ Հայաստան, եկած եմ շրջագայութեան: Միշտ ալ հայրենադարձուելու մասին մտածած եմ, վերջապէս յաջողեցայ իրագործել: Արդէն առաջին քայլը ըրած եմ, Աշտարակի մէջ փոքրիկ տուն ու հողակտոր  մը գնած եմ: Երբ հաստատուիմ քրոջս ու եղբօրս ալ պիտի բերեմ: Այստեղ մարդ ինքզինք ապահով կը զգայ, ամէն ինչ ուրիշ է. օդը, ջուրը, ուտելիքը, բնութիւնը, Հայաստան կարծես դրախտ ըլլայ: Երկրի գեղեցկութիւնը պարզ է, առանց զարդարանքներու: Երեւանը շատ գեղեցիկ է, շէնքերը, այգիները: Այստեղ միշտ տան մէջ կը զգաս, շուրջբոլորը կը խօսին հայերէն: Մշակութային կեանքը շատ հարուստ է, բարձր արուեստ կայ եւ այդ ամէնը մատչելի է: Հայաստանի ժողովուրդը ազնիւ, կամեցող, սրտբաց, պարզ ու բարի մարդիկ են: Միայն մէկ բան լաւ չէ, որ աշխատանք չկայ, աշխատավարձերը ցած են: Բայց համեմատաբար կեանքն ալ այդքան թանկ չի: Շատ կ’ուզեմ, որ Հայրենիքս զօրանայ, թերութիւնները պակսին: Փափաքս է, որ հայերը գան, Հայաստանի մէջ տուներ գնեն, գործ դնեն, աշխատատեղեր բանան, տնտեսութիւնը աշխուժանայ, թերութիւնները պակսին: Աշխարհի բոլոր հայերը պէտք է միասնական ըլլան, խօսելու փոխարէն գործ ընեն: Կեանքը կը կառավարուի գիտակցութեամբ, ցանկութեան պարագային ամէն ինչ ալ կարելի է աշխատիլ կարգաւորել: Չենք կրնար հապեր բաժնել, որ բոլորը դրական դառնան: Հայաստան միասին պէտք է  զօրացնենք»:

Scroll Up