Մեր Թանկագին Զինուորներ, Ընդունէ՛ք Սփիւռքահայ Պատանիներու Խոնարհումը.տեսանիւթ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/Սարատով1.jpg)
Թանկագի՛ն տիկին Յակոբեան, սիրելի՛ հայրենակիցներ,
այս տարի մեր բանակին 25-ամեակն է` մեր յաղթակա՛ն, խրո՛խտ ու քաջարի՛ բանակին: Ան 25-ամեայ երիտասարդն է, որ արդէն ունի թէժ մարտերու մէջ գրուած հերոսական պատմութիւն ու յաղթական ներկայ:
Արցախեան գոյամարտին մէջ ծնած ու թրծուած մեր հուժկու բանակը այսօր ալ կը շարունակէ պայքարը յանուն հայ ժողովուրդի խաղաղ ներկային , ազատ ու ապահով գալիքին:
Մենք ի սրտէ կը շնորհաւորենք Ձեզ, Սփիւռքի նախարարութեան բոլոր աշխատակիցները, ողջ հայ ժողովրդը այս պանծալի տօնին առիթով եւ կը խնդրենք հաղորդել հայրենիքի վեհ պահապաններուն մեր սրտագին խօսքերը․
«Մեր թանկագին զինուորներ, ընդունէ՜ք սփիւռքահայ պատանիներու խորին խոնարհումը ձեզ, ձեր զօրեղ մարտական ոգիին եւ պայծառ մտքին, ձեր անձնուրաց առօրեային, հերոսական գործերուն:
Ընդունէ՜ք մեր խորին խոնարհումը ձեր սրբացած մայրերուն, որոնք վեհութեամբ ու կարօտալի սիրով կը սպասեն ձեր վերադարձին:
Մենք ձեզի հետ ենք սրտով, մտքով, ոգով:
Շնորհակալութիւ՜ն մեր չքնաղ Հայաստանի ու անառիկ Արցախի ազատութեան ու անկախութեան պահպանման համար: Շնորհակալութի՛ւն մեր հայրենիքի պայծառ գալիքին մասին վստահ երազանքին համար, որ դուք կը պարգեւէք մեզի:
Փա՜ռք ձեզ, մե՛ր սիրելի զինուորներ, փա՛ռք ձեզ ,մե՛ր անպարտելի եղբայրներ: Սու՜րբ է ձեր ուղին:
Շնորհաւո՜ր ձեր տօնը , հայո՛ց քաջազուններ»:
Միշտ սիրով`
«Կռունկ» հայկական համայնքի
հայոց լեզուի, պատմութեան,
ազգային-մշակութային աւանդոյթներու
ուսումնասիրման կեդրոնի սաներ
Ք․Սարատով