Նամակ Հայ Զինուորին. Սպանիոյ Վալենսիա Քաղաքի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցի Սաներ
Հայոց յաղթանակած բանակի 25-ամեակին առթիւ Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաները «Նամակ հայ զինուորին» խորագիրի ծիրէն ներս իրենց բարեմաղթանքները յղած են հայ զինուորին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը փոխանցեն Վալենսիոյ (Սպանիա) «Արարատ» հայկական միութենէն` 6-15 տարեկան երեխաները բարի ծառայութիւն մաղթած են մեր հայրենի սահմանները պաշտպանող զինուորներուն, բարի վերադարձ դէպի տուն եւ խաղաղութիւն Հայոց աշխարհին: Աշակերտները մեծագոյն խանդավառութեամբ ընդունած են զայն, որ նամակները պիտի հասնին դիրքեր, զինուորները պիտի կարդան ատոնք ու ոգեւորուին:
Ստորեւ Ձեզի կը ներկայացնենք հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաներու նամակները հայ զինուորին: