Նամակ Իմ Հայ Զինուորին` «Փոքր» Եւ Միեւնոյն Ժամանակ «Մեծ»

Բարեւ անծանօթ, բայց շատ հարազատ հայ զինուոր:

Ես Մերին եմ: Կ’ապրիմ Ղազախստանի Փեթրոթաւլովսկ քաղաքին մէջ:  Վեցերորդ դասարան եմ: Ունիմ փոքր քոյր եւ եղբայր: Ես, բացի հանրակրթական դպրոցէն, կը յաճախեմ նաեւ հայկական դպրոց եւ հպարտ եմ, որ կրնամ նամակ գրել մայրենիով:

Իմ հայ զինուոր` «փոքր» եւ միեւնոյն ժամանակ «մեծ»: Այսպէս կը գրեմ, որովհետեւ տատիկս ձեր մասին խօսելուն կ’ըսէ «այդ փոքր երեխեքը…», իսկ պապիկս` «ապրեն մեր մեծ ու քաջ տղաները»: Սկիզբը ես չէի հասկնար, թէ ինչու  անոնք այդպէս կ’ըսեն: Հիմա, երբ հայոց լեզուի ուսուցչուհիս պատմեց ձեր սխրագործութիւններուն մասին, ես հասկցայ այդ խօսքերուն իմաստը:

Իմ  քաջ ու անվախ զինուոր, չնայած որ դուն տարիքով «փոքր» ես, կը պաշտպանես մեր հայրենիքը «մեծի» պէս: Դուն գիշեր ու ցերեկ, անձրեւին ու ձիւնին, կանգնած քու դիրքերուդ կը պահպանես մեր անդորրը: Մենք անհոգ կ’ապրինք խաղաղ երկնքի տակ, որովհետեւ դուն կաս:  Դուն  «փոքր» ես, բայց գրոհի կ’ելլես թշնամիին դէմ «մեծի» պէս: Մենք քեզմէ կը սորվինք հայ ըլլալ:

Իմ հարազատ զինուոր, դուն մեր հայրենիքն ես, մեր ուժն ու ապագան: Ես կը հպարտանամ քեզմով, քու քաջութեամբ,  արիութեամբ, նուիրուածութեամբ,  սիրով հայրենիքիդ հանդէպ: Դուն իրաւունք ունիս բարձր ու հպարտ կրելու «հայրենիքի հերոս» կոչումը:

Ես կը շնորհաւորեմ քեզ, բոլոր հայ զինուորներուն, ձեր հարազատներուն եւ ողջ հայութեան Հայկական բանակի օրուան առթիւ եւ կը ցանկամ խաղաղ ու ջինջ երկինք, քաջառողջութիւն ու բարձր տրամադրութիւն:

Թող հայ մայրերու աչքերուն միայն ուրախութեան արցունքներ ըլլան: Թող հայ հայրերը հպարտանան իրենց զաւակներու սխրագործութիւններով, տատիկներն ու պապիկները յաղթական քոչարի պարեն, իսկ մեր հայրենիքը բարգաւաճի եւ ալ աւելի հզօրանայ:

Աստուած պահապան քեզ հայ զինուոր:

Յարգանքներով` Մերի Պետրոսեան

ՂՀ, Փեթրոփաւլովսկ

Ազգային վերածնունդի №17 դպրոց

Ուսուցիչ` Ասլանեան Սիլվա

 

 

Scroll Up