Հայ Զինուորներուն Ուղղուած Շնորհաւորանք` Յորդանան Գետի Ափէն. տեսանիւթ

Յունուար 22-ին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է ուխտագնացութիւն` դէպի Յորդանան գետ: Ուխտագնացութեան կը մասնակցէին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան, Ամմանի մէջ պատրիարքական փոխանորդ Աւետիս վարդապետ Իփրաջեան, ինչպէս նաեւ` Երուսաղէմի եւ Յորդանանի հայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին Յորդանանէն կը յայտնէ Մարալ Ներսէսեան` ուխտագնացութեան ժամանակ հաւաքուածները շնորհաւորած են նաեւ Հայոց բանակի կազմաւորման 25-րդ տարեդարձը:

Scroll Up