Նամակ Հայ Զինուորին. Կը Գրեն Ղազախստան Ապրող Հայ Երեխաները
Որքան կը մօտենայ Հայոց բանակի տօնը, այնքան մեր նամակատուփը «կը ծանրաբեռնուի» հայ զինուորին ուղղուած նամակներով: Եւ սա պատահական չէ. չէ՞ որ այս տարին յոբելենական է, եւ մենք ազգովի պիտի նշենք բանակի կազմաւորման 25-ամեակը: Այսօր հայկական հզօր, կուռ եւ մարտունակ բանակը իրաւամբ, համայն հայութեան հպարտութիւնն է, եւ այս հրաշալի յոբելեանին առիթով աշխարհով մէկ` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, կը կազմակերպուին տարաբնոյթ ձեռնարկներ:
Հայոց բանակը մեր յաղթանակներու ու վերածնունդի մարմնաւորումն է, մեր անվտանգութեան եւ անկախութեան երաշխաւորը, մեր յաջողութիւններու անառարկելի գրաւականը: Հայ զինուորն ու սպան, իրենց անմնացորդ նուիրումով, անձնուրաց գործողութիւններով ու սխրագործութիւններով, բարձր պատրաստուածութեամբ ու պատասխանատուութեամբ, անցած հերոսական ճանապարհով դարձած են մեր խաղաղ ու ապահով կեանքի առհաւատչեան, մեր ուժն ու յենարանը:
Բանակի տօնը ըստ արժանուոյն նշելու պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները: Անոնք միացած են «Նամակ հայ զինուորին» շարժման եւ յուզառատ նամակներ կը գրեն` հաւատալով, որ ատոնք կը հասնին մեր հայրենիքի սահմանները անառիկ պահող հայ զինուորներուն ու սպաներուն, կ’ոգեւորեն ու նոր ուժ կը հաղորդեն անոնց:
«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Ղազախստանի Փեթրոպաւլովսկ եւ Ասթանա քաղաքներէն ստացուած եւս քանի մը նամակ: