Արցախի Վարչապետը Ընդունած Է Գերմանիոյ Պատեն Վիւրթենպերկ Երկրամասի Հայ Համայնքի Հոգեւոր Հովիւը

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Յունուար 23-ին ընդունած է  Գերմանիոյ Պատեն Վիւրթենպերկ երկրամասի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեանը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Վարչապետը բարձր  գնահատածէ  հայ համայնքի  ծաւալած ազգանպաստ գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած Արցախին օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

«Ապրիլեան դժուար օրերին միշտ զգացել ենք սփիւռքի մեր հայրենակիցների աջակցութիւնը: Այդ օգնութիւնը լոկ սոցիալական խնդիրների լուծում չէր, այն առաւել եւսհոգեբանական մեծ աջակցութիւն էր ողջ արցախահայութեան համար»,- նշած է կառավարութեան ղեկավարը եւ Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեանին յանձնած կառավարութեան շնորհակալագիրը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար`  Տէր Տիրատուրը վարչապետին ներկայացուցած է իրենց առաքելութեան մասին եւ աւելուցած, որ Արցախի անապահով ընտանիքներուն համայնքին կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ:

Հանդիպման ներկայ էին ԱՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու  նախարար Սամուէլ Աւանէսեան եւ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Լեւոն Գրիգորեան:

Աւելցնենք, որ Յունուար 10-ին Գերմանիոյ Պատեն Վիւրթենպերկ երկրամասի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեանը ընդունած էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Տէր հայրը նախարարին տեղեկացուցած էր Արցախի անապահով ընտանիքներուն իրենց ցուցաբերած 26 թոն օգնութեան մասին, սնունդի եւ հագուստեղէնի տեսքով, աւելցնելով, որ այն շարունակական բնոյթ պիտի կրէ. «Սուրբ ծննդեան տօնին առիթով համայնքէն ներս կազմակերպեցինք մարդասիրական օգնութեան արշաւ` Արցախի սահմանամերձ գիւղերու անապահով ընտանիքներուն համար. բերած ենք 26 թոն օգնութիւն, իսկ զինուորներուն համար ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն շատ կարճ ժամանակուան մէջ մեր համայնքէն ներս, մշակութային միութիւններուն հետ համատեղ` հաւաքեցինք 12 հազար եւրօ գումար, եւ զայն ուղարկեցինք Արցախ: Այս նոր ձեռնարկը կու գայ մաս դառնալու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման: Մենք կը փորձենք մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ մեր լուման ներդնել, որպէսզի ունենանք առողջ, հզօր պետութիւն, խաղաղ երկինք»:

 

 

%d5%be%d5%a1%d6%80%d5%b9%d5%a1%d5%ba%d5%a5%d5%bf1

 

Scroll Up