Տեղի Ունեցաւ «Քառօրեայ Պատերազմ Կամ Ղօղանջ Լռութեան». Ֆիլմի Ցուցադրութիւնը
Ապրիլ 14-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Արսէն Յակոբեանի «Քառօրեայ պատերազմ կամ ղօղանջ լռութեան» խորագիրը կրող ֆիլմի առաջնախաղը, որուն ներկայ էր նաեւ ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան:
Նարեկացի արուեստի միութեան տնօրէն Լեւոն Իւանեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ հակիրճ ներկայացուց ֆիլմի ստեղծման գաղափարն ու ստեղծագործական կազմը:
«Քառօրեայ պատերազմ կամ ղօղանջ լռութեան» ֆիլմը կը ներկայացնէ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, ատոր պատճառները, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ պատմական ակնարկ կը տրուի Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի մասին: Ֆիլմին մէջ տեղ գտած փաստերը ջուրի երես կը հանեն ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան կեղծիքները, ցոյց կու տան ատրպէյճանական քարոզչութեան դատարկամտութիւնը:
ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց ֆիլմի նշանակութիւնը, շեշտեց այն հնարաւորինս լայն զանգուածներուն ներկայացնելու խնդիրը եւ յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային ֆիլմը պիտի ներկայացուի նաեւ Սփիւռքի մէջ, ինչպէս հայ, այնպէս ալ օտարազգի հանդիսատեսին: Այնուհետեւ ան Արսէն Յակոբեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրով:
Ֆիլմի աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Արսէն Յակոբեան:
Հանդիպումն աւարտեց զրոյց-քննարկումով: