«Տինքի Եւ Անոր Նմաններու Գործունէութեան Արդիւնքով Թրքական Հասարակութիւնը Երկփեղկուեցաւ». Աշոտ Մելքոնեան

Յունուար 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հրանդ Տինք. 10 տարի անց» Կլոր սեղան-քննարկման ընթացքին ուշագրաւ ելոյթներով հանդէս եկան շարք մը նշանաւոր մտաւորականներ` գրողներ, հրապարակախօսներ, թրքագէտներ, արեւելագէտներ, պատմաբաններ: Ինչպէս միշտ,շատ տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Աշոտ Մելքոնեան, որուն հետ հետաքրքիր զրոյց ունեցայ նաեւ «Հայերն այսօր»-ի համար:

-Պարո՛ն Մելքոնեան, Հրանդ Տինքի մահէն 10 տարի անց ի՞նչ փոխուեցաւ, ի՞նչ տուաւ այս տաս տարին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ մտաւորականներուն:

-Կան անհատականութիւններ, որոնք իրենց գործունէութեան ընթացքին իրականութեան մէջ ակօս, ճանապարհ կը բանան, ինչպէս «Ակօս»-ը ըրաւ, բայց շրջապատին համար, ցաւօք սրտի, կը մնան աննկատ, սակայն երբ այդ մարդիկ կը դառնան նահատակ, նոր միայն,միանշանակ, հասարակութիւնը կը դառնայ միակարծիք այդ մարդոց ակօսած ճանապարհին վերաբերեալ: Հրանդ Տինք, իրօ՛ք, այդպիսին էր: Ցաւալի է, բայց պէտք է նշել, որ կենդանութեան օրօք հայկական շրջանակներէն եւս ցեխ շպրտողներ կային անոր վրայ, անոր գործելակերպը չէին ընդուներ, անոր կ’անուանէին թրքամէտ, կ’ըսէին որ իբր ան տեղի իշխանութիւններու պատուէրո՛վ կը փորձէ այդ թեւը առաջ տանիլ, որ Թուրքիան Եւրոմիութիւն մտնելու խնդիր ունի, եւ ժողովրդավար ներկայանալու առումով Հրանդ Տինք պատրանք կը ստեղծէ աշխարհի մէջ: Ես այդ առիթով միշտ օրինակ կը բերեմ արքեպիսկոպոս Մաղաքիա Օրմանեանին, որ Պոլսոյ մէջ մեր պատրիարքն էր,որուն եւս կը մեղադրէին թրքամէտութեան մէջ: Մաղաքիա Օրմանեան կ’ըսէր, որ մենք թրքական գազանը զսպելու խնդիր ունինք եւ պատասխանատուութիւն ունինք համայնքի առումով, ուստի արքեպիսկոպոսը անհրաժեշտ կը համարէր ճիշդ գործելակերպ ընտրելու:Ան  համայնքը չվտանգեց, այլ վտանգեց իր սեփական կեանքը: Երբ իմ անձնական շփումներուս, մտերմութեան ծիրէն ներս, կը փորձէի այդ իմաստով դիտողութիւններ ընել, ան կ’ըսէր. «Ձգէ՛, ջանըմ, ամէն բան իմ մասիս գիտեն»: Ան ընտրեց այդ ուղին, եւ ես ամէնայն պատասխանատուութեամբ կրնամ ըսել, որ այդ 10 տարուան ընթացքին թրքական հասարակութիւնը երկփեղկուեցաւ նաեւ Տինքի ու անոր նմաններուն գործունէութեան արդիւնքով: Այսինքն` մէկ կողմէն ազատական ուժերը երթալով ալ աւելի մեծ զանգուած դարձան, իսկ միւս կողմէն ալ թրքական ազգայնամոլութիւնը, ի դէմս Էրտողանի, աւելի սրուեցաւ, խորացաւ: Այսինքն` թրքական հասարակութեան մէջ այդ հակոտնեայ ուժերուն միջեւ եղած պայքարին արդիւնքով թրքական հասարակութիւնը, ի վերջոյ, պէտք է պայթի:

-Հրանդ Տինքի մահէն 10 տարի անց կարծես ծնունդ առաւ նոր Տինք մը` այս անգամ` Կարօ Փայլան անունով. կրնա՞ք զուգահեռներ գտնել այս երկու հայորդիներուն միջեւ, կրնա՞ք ըսել, որ Հրանդ Տինքը ճանապարհ բացաւ Կարօ Փայլանի գործունէութեան համար, եւ այսօր Փայլան աւելի համարձակ կը գործէ:

-Այո՛, կրնանք զուգահեռներ գտնել. Տինքը, անշուշտ, իր գործունէութեամբ եւ մահով կարծես ճանապարհ բացաւ Կարոյին համար: Փայլան, օգտուելով այն հանգամանքէն, որ քրտական ազդեցութեան կշիռը խորհրդարանին մէջ երթալով մեծցաւ, աւելցաւ, եւ ինք այդ կուսակցութեան միջոցով պատգամաւոր դառնալով` արդէն շատ աւելի պաշտօնական մակարդակով կրցաւ այս խնդիրը բարձրաձայնել պետական հարթակներու վրայ, առաջ մղել: Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրն այդպիսի մակարդակով առաջ մղելով թրքական խորհրդարանին մէջ`Փայլան Հրանդ Տինքի գաղափարները շատ բարձր մակարդակի հասցուց, ուստի հասկնալի է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ամոր գործունէութեան դէմ ուղղուած բացասական հակազդեցութիւնը:

– Յարգարժա՛ն փրոֆէսոր, ի՞նչ կը կարծէք, այսօրուան ձեռնարկը` նուիրուած Հրանդ Տինքին, դուրսը արձագանքներ կ’ունենա՞յ արդեօք:

-Կը կարծեմ` այո. համոզուած եմ, որ դուրսը ուրիշ ձեռնարկներ եւս կ’ըլլան: Հրանդ Տինքի եւ անոր նմաններու սկզբնաւորած շարժումն արդէն զուտ հայկական երեւոյթ դիտելը սխալ կ’ըլլայ, որովհետեւ ան, իրօք,դարձած է համընդհանուր ժողովրդավարական շարժման բաղադրամաս, եւ շատ ժողովրդավար թուրքերու մօտ ալ ան  արդէն դարձած է իտէալ: Կը կարծեմ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր ընելիքը ըրած է եւ նման երեւոյթին արձագանքելն այսպիսի մակարդակով միանգամայն ճիշդ էր ու տեղին, իսկ դուրսը, մասնաւորապէս` առաջին հերթին հէ՛նց Սթամպուլի մէջ, մեծ ձեռնարկներ կ’ըլլան, որոնք իրենց հնչեղութեամբ շատ արձագանքներ կ’ունենան:

– Շնորհակալութիւ՛ն, պարոն Մելքոնեան. յուսանք, որ Հրանդ Տինքի արծարծած գաղափարները մօտ ապագային համաշխարհային մակարդակով կը դառնան միջազգային հարթակներու վրայ գերակայ խնդիրներէն մէկը եւ, ի վերջոյ, կը ստանան արդարացի լուծում:

Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up