Ֆրանսացի Ընկերաբանը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/IMG_3197.jpg)
Յունուար 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ֆրանսացի ընկերաբան Լորէնս Ռիթերը եւ ամուսինը` հայազգի լուսանկարիչ Մաքս Սիւասլեանը: Նախարարը կարեւոր նկատեց անոնց կատարած արժէքաւոր հետազօտութիւնը` մասնաւորապէս անդրադառնալով ֆրանսացի գիտնականի անթերի հայերէնին ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ ունեցած անթաքոյց հետաքրքրութեան:
Քննարկուեցան Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ Ռիթերի «Սփիւռք-Հայաստան, հայկական ինքնութեան վերաձեւաւորումները, զոհի` ենթակայութեան թեմայով հետազօտութեան:
Ֆրանսացի ընկերաբանը ներկայացուց իր «Թրից պրծածները. Թուրքիայի ծպտեալ եւ իսլամացուած հայերը» գիրքը, որ իրականացուցած է ամուսնուն` Մաքս Սիւասլեանի համահեղինակութեամբ: Գիրքը 2011թ. ֆրանսերէնով հրատարակուած է Փարիզի մէջ, իսկ 2013թ. «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ թարգմանուած է թրքերէնի:
Լորէնս Ռիթերը 2016թ. Դեկտեմբերէն «Քաղաքացիական հասարակութեան աջակցութեան» ծրագիրի ղեկավարն է: Ծրագիրը կ’իրականացուի ՀԲԸՄ-Հայաստանի կողմէ «Եւրասիա համագործակցութիւն» հիմնադրամին հետ գործընկերութեամբ եւ կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական միութեան կողմէ: Ծրագիրը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ սփիւռքի եւ տեղական ՔՀԿ-ներու փորձագէտներու միջեւ կապերու ստեղծման, գիտելիքներու եւ փորձի փոխանակման` ապահովելով Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան առօրեայ կեանքին մէջ սփիւռքի աւելի մեծ ներգրաւումը:
Լուսանկարիչ Մաքս Սիւասլեան ծնած է Ֆրանսա` Մարսէլ, հայկական ընտանիքի մէջ: Ան 20 տարեկանէն կը ճամփորդէ աշխարհով մէկ եւ կը լուսանկարէ:
1992թ. Ղարաբաղի մէջ երկու տարի շարունակ նկարած եւ լուսաբանած է առաջնագիծի կռիւները եւ ռմբակոծութեան ենթարկուող քաղաքացիներու կեանքը: Հակամարտութեան ողջ ընթացքին ըլլալով «Sygma» գործակալութեան թղթակիցը` Սիւասլեան 2002թ. տպագրած է իր «Սեւ այգի» գիրքը:
1995թ.-էն ան հաստատուած է Երեւանի մէջ` որպէս «Նուվել Տը Արմէնի»՛ պարբերականի թղթակից եւ կը շարունակէ իր լուսանկարչական գործունէութիւնը:
Սիւասլեան նաեւ շարք մը` «Ils sont assis», «Իմ Երեւան» եւ այլ գիրքերու հեղինակ է: