«Կը Բնակիմ Ռուսաստան, Բայց Հոգիով Կ’ապրիմ Հայաստանի ՄԷջ. Պաւել Ղուկասեան

Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներէն շատերը, դուրսը աշխատելով տարբեր ոլորտներու մէջ, մշտապէս կը ձգտին իրենց համայնքին օգտակար ըլլալու ինչ-որ բանով, կապ պահպանելով Հայրենիքի, մասնաւորապէս` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ:  Անոնցմէ մէկուն` Վլատիքավքազէն մեր նախարարութեան մէջ  հիւրընկալուած Պաւել Ղուկասեանի հետ առիթ ընձեռուեցաւ զրուցելու «Հայերն այսօր»-ի համար:

-Բարի՛  եկած էք Հայրենիք, պարո՛ն Ղուկասեան, գործնակա՞ն է Ձեր այցը, թէ՞ կարօտը Ձեզի բերած է այստեղ:

-Բնականաբար, կարօտը միշտ կայ, որքան ալ յաճախ երթաս-գաս, սակայն այցելութիւնս նաեւ գործնական բնոյթ կը կրէ` եկած եմ խնդրելու, որպէսզի Սփիւռքի նախարարութիւնը դասագիրքեր, ուսումնամեթոդական ձեռնարկներ ու  գեղարուեստական գիրքեր տրամադրէ, նաեւ` մեր հայկական համայնքի անցեալին ունեցած դպրոցի շէնքը վերադարձնելու հարցով: Ես 2011-էն Ռուսասատանի քաղաքացի եմ, կը բնակիմ այնտեղ, սակայն հոգիով այստեղ` Հայաստանի մէջ կ’ապրիմ:

-Ին՞չ աշխատանքով  զբաղուած  էք Վլատիքաքկազի մէջ:

-Առաջին երեք տարիներուն կը խմբագրէի Հիւսիսայի Օսէթիոյ կոմունիստական կազմակերպութեան թերթը, որմէ ետք հրաւէր ստացայ` ղեկավարելու բնապահպանական մեծ հասարակական կազմակերպութիւն մը, որ ստեղծուած է Մատուիենկոյի նախաձեռնութեամբ. Ռուսաստանի 16 տարածաշրջաններուն մէջ բացուած էին նման կազմակերպութիւններ, իսկ Վլատիքավքազի մէջ ալ ես դարձայ այդ կառոյցի գործադիր տնօրէնը:

-Ի՞նչ էր օտար երկրի մէջ Ձեզ այդպիսի կազմակերպութիւն վստահելու նախապայմանը:

-Նախ ըսեմ, որ այնտեղ հայերուն վարկանիշը շատ բարձր է, յետոյ, ըստ երեւոյթին, հաշուի առին նաեւ իմ անցած ճանապարհները, աշխատանքային բազմաբովանդակ կենսագրութիւնը: Դեռեւս խորհրդային տարիներուն Հայաստանի մէջ ես աշխատած եմ թերթի մէջ` որպէս լրագրող, եղած եմ դպրոցի ուումնական մասի վարիչ, որմէ ետք աշխատանքի  անցած եմ ՀԼԿԵՄ կեդրոնական կոմիտէին մէջ, այնուհետեւ անցած եմ կուսակցական աշխատանքի` Լենինեանի կուսակցական շրջանային կոմիտէութեան մէջ, յետագային ` 1986 թուականին, Կարէն Դէմիրճանը ինծի տարաւ կուսակցական շրջանային կոմիտէութիւն, ուր աշխատեցայ` որպէս մշակոյթի բաժինի հրահանգիչ: Տարիներ անց, երբ Հոկտեմբեր 27-ի ողբերգական դէպքը տեղի ունեցաւ, Կարէն Սերոբիչի հետ աշխատած մարդիկ շատ ծանր տարին անոր` հրաշալի մարդու, լաւ ղեկավարի, բազմակողմանի զարգացած անձնաւորութեան, մեծ հայրենասէրի կորուստը: Երբ Դէմիրճեանի այրին ` տիկին Ռիման, եւ անոր տղան, յետագային ստեղծեցին բարեգործական հիմնադրամ, ես դարձայ այդ հիմնադրամի նախագահը, գործադիր տնօրէնը եւ մեր ջանքերուն շնորհիւ, նաեւ` իշխանութիւններուն, անցեալին` Ղուկասեան, այսօր `արդէն Փարպեցի փողոցին մէջ, կառուցուեցաւ Կարէն Դէմիրճեանի անուան թանգարանը:

Բաւականին հարուստ կենսագրութիւն  կերտած էք, պարո՛ն Ղուկասեան. բնականաբար, այսպիսի կենսագրութիւն ունեցող մարդուն օտար երկրի մէջ կրնային վստահիլ այսպիսի պատասխանատու աշխատանք:

-Ես արդէն ըսի, որ հայերուն մեծ տեղ կու տան. անոնց մօտ կառուցուած ամենահին եկեղեցին հայերու կառուցածն է, հայերուն դերը անոնց մշակութային ու տնտեսական կեանքին մէջ բաւականին բարձր է, Հիւսիսային Օսէթիոյ մէջ ստեղծուած վերջին կառավարութեան կապի նախարարը ազգութեամբ հայ է: Վերջերս ես ընտրուած եմ նախագահին առընթեր հասարակական խորհուրդի անդամ, այնտեղ կայ նաեւ բնապահպանական հարցերով զբաղուող յանձնաժողով, այնտեղ ալ գլխաւոր խորհրդատուն եմ: Ես աշխուժօրէն բնապահպանական  մշակոյթ կը քարոզեմ: Շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ենք պետական վերահսկողութեան բնապահպանական մարմիններուն հետ, բնապահպանական թեմաներով բաց դասախօսութիւններ  կը կարդամ դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ:

-Այս բոլորը` Ռուսաստանի համար, իսկ ի՞նչ կ’ընէք Հայաստանի, հայութեան համար:

-Զիս կը մտահոգէ մեր համայնքի, հայութեան հետ կապուած ամէն մէկ հարց, ամէնէն շատ` վերջին տարիներուն  Վլատիքավքազ եկած հայերուն մասին կը մտահոգուիմ, կ’աշխատիմ օգնել անոնց` ընդելուզուելու նոր միջավայրին, աշխատանք գտնելու. յաճախ կու գան Հայաստանէն` առանց նախապէս աշխատանքի հարցը լուծելու: Աշխատաշուկան հիմա բաւականին սահմանափակ է, հայերը այժմ հիմնականին մէջ զբաղուած են շինարարական աշխատանքներով: Վլատիքաւքազի մէջ մենք ունինք «Էրեբունի» պատմամշակութային կեդրոն, մօտեցայ եւ առաջարկեցի իմ ծառայութիւններս:  Քանի մը անգամ այստեղէն գիրքեր  տարած եմ, դեռ պէտք է տանիմ: Դուրսը  ամենակարեւորը լեզուն պահպանելն է: Միայն Վլատիքավքազի մէջ 30 հազար հայ կ’ապրի: Նոր եկածներուն մտածելակերպը էականօրէն կը տարբերի հնաբնակ հայերու մտածելակերպէն: Մեր գերնպատակը դուրսը մեր հայ ինքնութիւնը պահպանելն է, մասնաւորապէս` լեզուն: Ես իմ կեանքիս 60 տարիները Հայաստանի մէջ ապրած եմ, ուստի անհնար է հոգիով ու սրտով չըլլալ Հայաստանի հետ: Հայերը տաղանդաւոր են, իսկ ատիկա դուրսը աւելի զգալի է:

– Ամէնէն առաջ ինչ բանի կարիք ունին Վլատիքավքազի հայերը:

-Ամէնէն  առաջ` իրաւաբանական խորհրդատուութեան, գիրքերու. գիրքերու համար արդէն յայտը լրացուցած եմ եւ համոզուած եմ, որ այդ հարցը կը լուծուի, որուն համար շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան: Միայն այն փաստը, որ կայ Սփիւռքի նախարարութիւն, արդէն ողջունելի է, ես ատիկա բացառիկ նուաճում կը համարեմ:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up