Առանց Հզօր Հայաստանի, Սփիւռքը Դատապարտուած Է Կատարեալ Անկման. Ռազմիկ Թամրազեան
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցն է Աւստրօ-հայկական մշակութային ընկերութեան նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրիոյ մասնաճիւղի ատենապետ, ճարտարագէտ Ռազմիկ Թամրազեան:
Աւստրիոյ եւ Հայաստանի պետական, եկեղեցական շարք մը պարգեւներու արժանացած աւստրիաբնակ ճարտարագէտին հետ զրոյցը հիմնականին մէջ ծաւալուած է 1974 թուականին հիմնադրուած մշակութային ընկերութեան, Հիմնադրամի տեղական մարմնի գործունէութեան, հայ-աւստրական կապերուն շուրջ:
Աւելցնենք միայն, որ Աւստրօ-հայկական մշակութային ընկերութեան շնորհիւ Աւստրիոյ մէջ այսօր բազմաթիւ մնայուն արժէքներ կան՝ Ֆրանց Վերֆելի յուշարձանը, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողը (որուն հեղինակը Ռազմիկ Թամրազեանն է), Յովհաննէս Աստուածատուր (Աստուածատրեան) «Դիօ Դաթօ» պուրակը եւ այլն:
– Պարոն Թամրազեան ինչպէ՞ս կը բնորոշէք 1974-ին հիմնադրուած մշակութային ընկերութեան գործունէութիւնը:
– Աւստրօ-Հայկական Մշակութային Ընկերութեան գործունէութեան ծիրը խարսխուած է իր Ծրագիր-Կանոնագիրին մէջ, այն է` ներկայացնել եւ ծանօթացնել Հայ Մշակոյթը աւստրիացիներուն եւ զուգահեռ ներկայացնել եւ ծանօթացնել աւստրական Մշակոյթը մեր հայրենակիցներուն: Յիշեալ նպատակին հասնելու համար Կազմակերպութիւնս աւստրիացիներուն եւ մեր հայրենակիցներուն համար, իր գոյութեան 42 տարիներուն ընթացքին, կազմակերպած է անթիւ ցուցահանդէսներ, համերգներ, դասախօսութիւններ, բանակումներ, ճամբարներ, ճամբորդութիւններ, տեսաժապաւէններ, գիրքերու շնորհանդէսներ եւ տեղադրած յուշարձաններ, կատարած նկարահանումներ թէ Աւստրիոյ եւ թէ Հայրենիքի մէջ:
– Ձեր կարծիքով զարգացման ի՞նչ փուլ անցած է հայ–աւստրական մշակութային յարաբերութիւնները: Այսօր այդ յարաբերութիւնները ի՞նչ մակարդակի վրայ են:
– Աւստրօ-Հայկական Մշակութային Ընկերութեան անդամներուն թիւը մեծ չէ, սակայն մեծ է անոր համակիրներուն թիւը, որոնք ինչպէս անդամները, հայ եւ աւստրիացի մտաւորականներ են, որ հետաքրքրուած են երկու ժողովուրդներու մշակոյթով: Աւստրօ-Հայկական Մշակութային Ընկերութիւնը պաշտօնական անդամ է Աւստրիոյ «Աւստրիա-օտարերկրեայ ՓԱՆ կազմակերպութեան» (Փարթընըր ալլէր Նացիոնըն / Գործընկեր բոլոր Ազգերու), որուն Նախագահն է երկրի Նախագահը եւ փոխ նախագահները Աւստրիոյ ինը Նահանգապետները: Տարիներու ընթացքին այդ յարաբերութիւնները ամրապնդուած եւ ճիւղաւորուած են Ռատիօ-թելեվիզիոնի, մշակութային կազմակերպութիւններու եւ անհատ մտաւորականներու մասնակցու-թեամբ:
– Որքանո՞վ կրցած է մշակութային ընկերութիւնը Աւստրիոյ մէջ տարածել հայկական մշակոյթը:
– Այնքանով, որքանով Կազմակերպութեանս հնարաւորութիւնները թոյլ տուած են` ըլլան ատոնք ցուցահանդէսներ, համերգներ, Աւստրիոյ Պետական Հեռուստատեսութեամբ եթեր ուղարկուած` «3000 տարի Հայաստան» նկարահանուած տեսաժապաւէնով կամ Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարի Մանրակերտի, Ֆրանց Վերֆելի Յուշարձանի, Դիօ Դաթօ Պուրակի ստեղծման աշխատանքներով:
– Պարոն Թամրազեան մշակութային ընկերութիւնը ի՞նչ չափով կրցած է համախմբել Աւստրիոյ հայ համայնքը:
– Աւստրիոյ Համայնքը ըլլալով փոքր եւ միայն վերջին տասնամեակներուն յարաբերական մեծցած Համայնք ունի բազմաթիւ ազգային կառոյցներ եւ միութիւններ, որոնք ունին իրենց մասնակի նախասիրութիւնները, որոնց շուրջ կը հաւաքուին իրենց համակիրները, հետեւաբար Կազմակերպութիւնս չունի աւստրիահայ համայնքի անդամները համախմբելու յատուկ աշխատանք:
– Սփիւռքի մէջ յատկապէս խոցելի են երիտասարդները: Ձեր կարծիքով անոնք հետաքրքրուա՞ծ են հայկական մշակոյթով, անոր պահպանմամբ ու տարածմամբ:
– Համաշխարհային տիրող մթնոլորտին պարտադրաբար հետեւելով մեր երիտասարդութիւնը եւս կը ձգտի նախ անձնական կայունացում եւ ապահովութիւն ձեռք բերել, ապա նոր զբաղուիլ ազգային, հասարակական կամ միութենական աշխատանքներով: Անոնք այնքանով հետաքրքրուած են մեր մշակոյթով, որքանով, որ իրենց վերը յիշուած նպատակը կը թոյլատրէ: Սակայն կան բարեբախտաբար դեռ երիտասարդներ, որոնք ազգային գիտակցութեամբ կ’օժանդակեն մեր համայնքային գործունէութեան:
– Պարոն Թամրազեան կը խնդրէի, որ պատմէք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրիոյ մասնաճիւղի գործունէութեան մասին: Հայաստանի մէջ ի՞նչ ծրագիրներ իրականացուցած է:
– Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Աւստրիոյ Տեղական Մարմինը հիմնադրուած է 1992 թուականին, Երեւանի մէջ կեանքի կոչուած Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ստեղծումէն անմիջապէս ետք:
Տեղական Մարմնին մաս կը կազմեն Աւստրիոյ մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւնները մէկական լիազօր անդամով, Վարչութեան մէջ կը մտնեն նաեւ պատւոյ անդամներ եւ օժանդակող անդամներու, ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած չորս Պատուիրակներ:
Համայնքը ըլլալով փոքր, հնարաւորութիւն չենք ունեցած յատուկ ծրագիրներ իրագործելու, սակայն հանգանակած բոլոր գումարը սկսեալ 1992 թուականէն նոյնութեամբ կը փոխանցուի ՀՀՀ Գործադիր Մարմնին «Հայաստանի եւ Արցախի զոհուած ազատամարտիկներուն եւ առաջին կարգի հաշուանդամներու երեխաներուն օժանդակելու» հաշուին:
Վարչական անդամներու անհատական օժանդակութեան շնորհիւ, խնայողութեան տեսանկիւնէն ելլելով, Տեղական Մարմինը չունի ոչ գրասենեակ եւ ոչ ալ վճարովի պաշտօնեայ: Այլ եւ այլ ծախսերը (շրջաբերական, գրենական պիտոյքներ, փոստ) կը հոգան անդամ կազմակերպութիւնները, իսկ ՀՀՀ-ի ժողովներուն մասնակցելու ճամբորդութեան ծախսերը կը վճարուի մասնակից Վարչական անդամին կողմէն:
– Պարոն Թամրազեան յաճա՞խ կ‘այցելէք Հայաստան: Ձեր այցելութիւնը հիմնականին մէջ ի՞նչ առաքելութիւն կը հետապնդէ:
– Այո, 1975 թուականէն տարեկան մէկ կամ երկու (երբեմն ալ երեք) անգամ: Աւստրօ-Հայկական Մշակութային Ընկերութեան 1975 թուականէն սկսեալ տարեկան «Հայաստանի Ճամբորդութիւն» ծրագիրի պատասխանատու, Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովներու մասնակցութիւն, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի տարեկան ժողովներ (ես որեւէ գործով չեմ զբաղուիր, ոչ Հայաստանի եւ ոչ ալ Աւստրիոյ մէջ):
Հայաստանի ամէն մէկ յաջողութիւնը, խթան է սփիւռքի գոյատեւման եւ երիտասարդներու հպարտութեան ու հետաքրքրութեան համար: Եթէ Հայրենիքի մէջ իշխէ ժողովրդավարութիւնը, իրար հանդէպ հանդուժողականութիւնը, անկասկած Հայաստան օր-օրի պիտի հզօրանայ եւ Սփիւռքի գոյատեւման երկարաձգման գրաւականը դառնայ:
Այլապէս առանց հզօր Հայաստանի, ցաւօք Սփիւռքը դատապարտուած է կատարեալ անկման:
Լուսինէ Աբրահամեան