Հայրենադարձ Թոշակառու Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեան` «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» Շարժման Մասնակից
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/հայրենադարձ3.jpg)
Նոյեմբեր 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց հայրենադարձ Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանը:
80-ամեայ տիկին Սիրան 16 տարի առաջ Մարսէլէն վերադարձած է Հայաստան եւ հաստատուած Արմաւիրի մարզի Ջրաշէն գիւղին մէջ: Ան 6 զաւակ, 15 թոռ եւ 4 ծոռ ունի: 1966թ. տիկին Սիրանի ընտանիքը Պէյրութէն տեղափոխուած է Ֆրանսա: Հաստատուելով Հայաստանի Ջրաշէն գիւղին մէջ` սկսած է զբաղուիլ տնամերձ այգիներու մշակման աշխատանքով:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց ապրիլեան պատերազմէն յետոյ Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանի ցուցաբերած պարբերական օգնութիւնը հայոց բանակին:
Նախարարը կարեւոր նկատեց Սիրան մայրիկի հայրենանուէր գործունէութիւնը` նշելով. «Դուք ամիսներ շարունակ հագուստի կապոցներ էք ուղարկել սահմանային զօրամասեր: Միայն վերջերս գնել էք մօտ կէս միլիոն դրամի ապրանք կրկին հայոց բանակ ուղարկելու համար, սակայն չէք սիրում Ձեր արած գործերի մասին բարձրաձայնել: Դուք կարեւրում էք նաեւ հայ զինուորի համար ուղարկուող հագուստի որակը եւ ամէն ինչ անում միայն որակեալ հագուստ զինուորին հասցնելու ուղղութեամբ: Համոզուած եմ, որ մեր հասարակութիւնը պիտի սիրի բանակին այնպիսի հոգատարութեամբ, ինչպէս Դուք, սիրելի՛ տիկին Սիրան»:
Բարձր գնահատելով Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանի աշխոյժ մասնակցութիւնը «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին, ինչպէս նաեւ սահմանները պաշտպանող զինուորներուն մշտական օգնութիւն ցուցաբերելը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոր պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրով:
Տիկին Սիրան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց. «Հայաստան մեր Հայրենիքն է, եւ մենք պարտաւոր ենք ամէն ինչ ընել մեր երկիրը զարգացնելու համար: Բայց ամէնէն առաջ պիտի հզօրացնենք մեր բանակը: Կը կարծեմ` բանակը աւելի հզօր պիտի ըլլայ, քան մենք, եւ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք հայ զինուորին օգնելու ուղղութեամբ»:
Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեան աջակցած է նաեւ իրեն օգնութեան խնդրանքով դիմող շատ այլ կարիքաւոր ընտանիքներու: Այժմ նոյնպէս կը պատրաստէ կապոցներ զինուորներուն համար, եւ յառաջիկային ատոնք հասցէական կ’ուղարկէ սահմանամերձ զօրամասերուն մէջ ծառայող հայ զինուորին: