«Յորդանանի Ազգային Մարզական Միութեան» Ատենապետ Յակոբ Սերպեգեանը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Յուլիս 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Յորդանանի Ազգային մարզական միութեան» ատենապետ Յակոբ Սերպեգեանը, միութեան անդամներ Յակոբ Յակոբեանը, Սարգիս Սանճեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց կազմակերպութեան հայապահպան գործունէութիւնը: Ան ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրները եւ սփիւռքահայ գործիչը հրաւիրեց մասնակցելու սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կայանալիք «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովին:
Յակոբ Սերպեգեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ արդիւնաւէտ զրոյցի համար, ներկայացուց համայնքի նորութիւնները, աւելցուց, որ միացած են «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» շարժումին եւ դրամ հաւաքած արցախեան պատերազմի հերոսներու ընտանիքներուն օգնելու համար: