«Ես Աստուծոյ Եւ Իմ Ազգիս Զաւակներուն Համար Կ’ընեմ, Ես Մա՛յր Եմ, Հայուհի, Այդ Բոլոր Զինուորները Նաեւ Իմ զաւակներս Են». Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեան
Յունուար 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց հայրենադարձ Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանը, որ հերթական բարեգործական բեռը բերած էր զինուորներուն համար: Այս անգամ ան Ճապրայիլի զինուորական հիւանդանոց ուղարկելու համար հագուստի կապոցներ բերած է, եւ` իր պատուիրած Աստուածամօր պատկերազարդ քանդակը` հիւանդանոցի մատուռին մէջ տեղադրելու համար:
Ողջունելով Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց անոր մասնակցութիւնը «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին, ցուցաբերած պարբերական օգնութիւնը հայոց բանակին, եւ մասնաւորապէս նշեց. «Ես ուրախ եմ կրկին ձեզ տեսնել, Սիրան մայրիկ: Շնորհակալ եմ, դուք հերոսուհի մայրիկ էք: Համոզուած եմ, որ մեր հասարակութիւնը պիտի սիրի բանակին այնպիսի հոգատարութեամբ, ինչպէս Դուք, սիրելի՛ տիկին Սիրան»:
Հայրենիքի սահմանները պաշտպանող զինուորներուն մշտական օգնութիւն ցուցաբերելը 80-ամեայ տիկին Սիրանի համար մայրական հոգատարութեան դրսեւորում է: «Հայաստանը մեր Հայրենիքն է, եւ մենք պարտաւոր ենք ամէն ինչ ընենք մեր երկիրը զարգացնելու համար: Բայց ամէնէն առաջ պէտք է հզօրացնենք մեր բանակը: Կը կարծեմ` բանակը աւելի հզօր պէտք է ըլլայ, քան մենք, եւ մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք հայ զինուորին օգնելու համար: Ես Աստուծոյ եւ իմ ազգիս զաւակներուն համար կ’ընեմ եւ, ես մա՛յր եմ, հայուհի, այդ բոլոր զինուորները նաեւ իմ զաւակներս են». Ըսաւ ան: Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեան 16 տարի առաջ Մարսէլէն վերադարձած է Հայաստան եւ հաստատուած Արմաւիրի մարզի Ջրաշէն գիւղին մէջ: Ան 6 զաւակ, 15 թոռ եւ 4 ծոռ ունի: 1966թ. տիկին Սիրանին ընտանիքը Պէյրութէն տեղափոխուած է Ֆրանսա: Հաստատուելով Հայաստանի Ջրաշէն գիւղին մէջ` սկսած է զբաղիլ տնամերձ այգիներու մշակման աշխատանքով: