«Կիպրացիները շատ կը սիրեն հայկական Ամանորը».Վիոլեթա Նալչաճեան-Թաշչեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/Վիոլետա.jpg)
«Հայերն այսօր»-ը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով կը ներկայացնէ աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող հայերուն, որոնք, Հայաստանէն հեռու գտնուելով, կը պահպանեն Նոր տարին նշելու հայկական սովորոյթներն ու Սուրբ Ծննդեան հոգեւոր խորհուրդը:Կիպրահայ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Վիոլեթա Նալչաճեան-Թաշչեանը կը պատմէ կիպրահայերու հայկական Ամանորին մասին:
-Ին՞չ խորհուրդ ունի Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը Ձեզի համար:
-Ամանորը եւ Սուրբ ծնունդը ունին խաղաղութեան եւ սիրոյ խորհուրդը: Քրիստոսի ծննդեան տoնը եւ Նոր Տարին թող հաւատքի ամրակուռ լոյսով զօրացնեն փոխադարձ յարգանքը եւ հասկացողութիւնը մարդոց եւ ժողովուրդներու միջեւ:
Այս պահուն բոլորիս մտածումները Արցախի մեր քաջարի հերոսներուն ու ժողովուրդին հետ են:Արցախէն մինչեւ Կիպրոս թող արդարութիւնը հաստատէ ինքզինք: Մարդկութիւնը զգայ խաղաղութիւնը աշխարհին:
–Հայաստանէն հեռու գտնուելով՝ Ձեր ընտանիքով ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծնունդին, տօնին հետ կապուած հայկական աւանդոյթները կը պահպանէ՞ք:
–Տօնական օրերուն թէեւ գտնուելով Հայաստանէն հեռու, մեր զգացումները կը թեւածեն Հայրենիք, նաեւ Պատմական Հայրենիք: Հօրենական մեծ հայրերս ու մեծ մայրերս Կեսարիայէն են, իսկ մօրենական՝ Մալաթիայէն, Կիպրոս բերած են անցեալի յիշողութիւնները եւ հայկական սովորութիւնները: Սերունդէ – սերունդ ծնողքս պահպանած են հայերէնը, հայ արժէքները եւ մեր աւանդութիւնները:
Մայրս հայկական համեղ ճաշերը կը պատրաստէ իւրովի վարպետութեամբ եւ արուեստով, յատուկ երանգ տալով մեր հայկականութեան:
Հայկականութիւնը պահպանելը ծնողքիս քաջալերանքով եւ զոհողութեամբ, ինծի համար դարձաւ կեանքի իմաստ եւ նուիրում:
Իրենց մղումով Հայրենիքի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէ ետք, որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան մասնագէտ եւ ուսուցիչ՝ հաւատալով Մայրենիի հզօրութեան եւ հայ սերունդներու համար ունենալիք դերակատարութեան 1988-ին սկսայ հայերէնը ու հայ գրականութիւնը հնչեցնել ու տարածել Կիպրոսի մէջ, որպէսզի հայկականութիւնը թեւածէ Միջերկրականի այս ափին:
–Ո՞ր աւանդոյթները յատկապէս կը պահպանէք եւ ի՞նչ ճաշատեսակներ կը պատրաստէք:
–Սուրբ Ծննդեան տօնին կը մասնակցինք Սուրբ Պատարագի արարողութեան:Կոմիտասեան երգեցողութիւնը, հայկական մեր շարականները կը ստեղծեն հոգեւոր մթնոլորտ:
Մեծ մայրերէս փոխանցուած հայկական համեղ ճաշեր ու անուշեղէններ իւրայատուկ արուեստով կը պատրաստէ մայրս, որուն կ՛օգնեն թոռնուհիները՝ Կարինը եւ Մեղեդին:
Կ՛ուզեմ յիշել հայկական գեթէն, որ հօրենական մեծ մայրս Կեսարիայէն բերած էր սովորութիւնը:Իսկ տօնական անուշապուրը, որ կը պատրաստենք ցորենի հատիկներով, բազմատեսակ չիրով, նուշով եւ ընկոյզով: Մեծ մայրս կը պատմէր, թէ Մալաթիա այն կը պատրաստէր հայկական ծիրանի չիրով եւ կը ճաշակէին Սուրբ Ծննդեան հաղորդութենէն վերադարձին:
–Ամանորին կիպրահայերով իրարու տուն կ’այցելէ՞ք՝ ինչպէս Հայաստանի մէջ ընդունուած է :
–Այո՛, ինչպէս Հայաստան այստեղ ալ տօնական օրերուն կ՛երթանք իրարու տուն:
-Կիպրացիներուն մասնակից կը դարձնէ՞ք տօնական օրերուն, անոնք ի՞նչ կարծիք ունին հայկական Ամանորին մասին:
–Հայերս այլ ազգի պատկանող բարեկամներու ալ մասնակից կը դարձնենք հայկական Ամանորին:Կիպրացիները շատ կը սիրեն հայկական մթնոլորտը եւ ճաշատեսակները:
–Ինչպէ՞ս կը նշեն կիպրացիները Ամանորը, ի՞նչ աւանդոյթներ ունին տօնին հետ կապուած:
–Կիպրացիները հայերուս նման սովորութիւններով կը նշեն Ամանորը: Քաղաքները Քրիստոսի Ծնունդը խորհրդանշող զարդարանքներով, տօնածառերով եւ գունաւոր լոյսերով կը զարդարուին:Տարբեր երգչախումբեր Սուրբ Ծննդեան երգերով հանդէս կու գան:Երաժշտական համերգներ կը ստեղծեն տօնական մթնոլորտ:Որոշակի անուշեղէններ կը պատրաստուին այս տօներուն առիթով, ինչպէս «մելոմաքարոնա» եւ «վասիլոպիթա»:
Սակայն այս բոլորին մէջ կայ էականը Կիպրացիներուս համար՝ կարօտը սահմանէն անդին, երկար տասնամեակներէ ի վեր բռնագրաւուած մեր ծննդավայրին ու երկրին եւ սպասումը, որ շուտով իրականութիւն դառնայ այս կղզիին արդար ազատագրումը` խաղաղութեան լոյսով:
-Կիպրացիներու ամանորեայ աւանդոյթներէն կը կիրառէ՞ք կամ անոնց ճաշատեսակներէն կը պատրաստէ՞ք:
-Բնականաբար մենք հայկականի կողքին կը կիրառենք նաեւ տեղական աւանդութիւնները:Այստեղ կը ներկայացնեմ մեր հայկական տօնական Անուշապուրը:
Գէորգ Չիչեան
Յ.Գ.-Կը ներկայացնենք Վիոլեթա Նալչաճեան-Թաշչեանի առաջարկած ամանորեայ բաղադրատոմսը
Անուշապուր
1 գաւաթ ցորեն
4 գաւաթ ջուր
1 կտոր դարիճենիկ
1 գաւաթ շաքար
1 գաւաթ նուշ
1 գաւաթ ընկոյզ
1 գաւաթ չամիչ
1 գաւաթ տաք ջուր
ծիրանի չիր
Բացատրութիւն
Lուալ ցորենը, աւելցնել 4 գաւաթ ջուր եւ ձգել: Յաջորդ օրը ցորենը եփել դարիճենիկի կտորով թեթեւ կրակի վրայ, աւելցնելով գաւաթ մը տաք ջուր: Ապա խառնել շաքարը եւ շարունակել եփել: Աւելցնել չամիչը, ծիրանի չիրը, ընկոյզը ու նուշը:Պնակի մէջ դնելէ ետք զարդարել ընկոյզով, նուշով եւ ծիրանով:Կարելի է հրամցնել տաք կամ պաղ: Տուեալ չափերը կրկնապատկել ցանկութեան համաձայն: