Հայկական Ժողովրդական Պարերը Սիսիլիոյ Մէջ

2013 թուականի միջազգային  շարք մը փառատօններ Գրասնոտարի «Նարեկ» կրթամշակութային կեդրոնի սաներուն  համար հանդիսացան  շրջադարձային  ու նշանակալի:

Վերջերս  հայկական տուտուկն ու զուռնան հնչեցին  հեռաւոր  Իտալիոյ գեղահրաշ Սիսիլիա կղզիին մէջ: Հայկական ժողովրդական նազանի պարերը  համոյթի մենապարուհի Աննա Մոսինեանի  կատարմամբ մեծ հաճոյք պարգեւեցին հանդիսատեսին եւ գնահատող յանձնաժողովին: Ամէն անգամ բեմահարթակէն հեռանալով`  Աննան կ’արժանանար բուռն ծափահարութիւններու: Այս անգամ, բացի պարէն ու երգէն, փառատօնի  ծրագիրին համապատասխան, «Նարեկ» կեդրոնը ներկայացուց Նայիրա Յարութիւնեանի արուեստական  հաւաքածուն` 1920-30թթ.. «Coco Chanel»-ի հիմունքներով: Միջազգային բոլոր փառատօններէն «Նարեկ» համոյթի սաները կը վերադառնան հրաշալի արդիւնքներով, գաւաթներով ու պատուոգրերով` բարձր պահելով աշխարհասփիւռ հայերու ոգին:

Scroll Up