«Դարձեալ Սկսիլ». Սուրիահայ Սիլվա Գալաճեանի Ձեռքերուն ՄԷջ Անպէտք Իրերը Նոր Կեանք Կը Ստանան. տեսանիւթ
Սիլվա Գալաճեանի երիտասարդ ընտանիքը 4 տարի առաջ որոշում կայացուց Հալէպէն Հայաստան գալ: Ընտանիքին այստեղ հեշտ կեանք չէր սպասէր, բայց աշխատասէր զոյգը այսօր ոտքի կանգնած է, միասին հարսանեկան նկարահանումներու մոնթաժ կ’ընեն: Սիլվային ամուսինը նաեւ արհեստավարժ լուսանկարիչ է:
Բացի հիմնական աշխատանքէն երիտասարդ մայրիկը նաեւ գեղեցիկ ձեռագործ աշխատանքներ կը պատրաստէ` տան ձեւաւորման, զարդեր եւ այլն: «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը խոստովանի, որ ինք կրնայ անգամ անպէտք իրերէ գեղեցիկ զարդարանք պատրաստել:
Սիլվայի ձեռագործ աշխատանքներուն գնորդը կը ծանօթանայ հիմնականին մէջ ֆէյսպուքեան էջի միջոցով (K . S Handmade Decoration), բայց ատոնց հեղինակը հնարաւորութիւնը չի փախցներ նաեւ ցուցահանդէսներու միջոցով ներկայանալու:
«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը անոր հետ զրուցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած եւ արդէն աւանդական դարձած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառի օրերուն: