«ՀՕՄ-ը Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պահպանման Հիմնական Դերակատարներէն Մէկը Դարձած Է.Տիանա Յովսէփեան

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Նոյեմբեր 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստի ժամանակ Հայ օգնութեան միութեան սուրիահայերու աջակցութեան ուղղուած ծրագիրները ներկայացուց  ՀՕՄ Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Տիանա Յովսէփեան` նշելով, որ սուրիական պատերազմի սկսելու օրուընէ մինչեւ հիմա ՀՕՄ-ը, միաւորելով իր ուժերը, Սուրիոյ հայ համայնքի պահպանման եւ օժանդակութեան աշխատանքներուն մէջ հիմնական դերակատարներէն մէկը  դարձած է:

«Հայ օգնութեան միութեան նախաձեռնութեամբ 2012 թուականէն կը շարունակուին տարբեր ծրագիրներ իրականացուիլ` օգնելու համար Սուրիոյ մէջ շարունակուող ճգնաժամի պայմաններուն մէջ օրհասական վիճակի մէջ գտնուող հայերուն: ՀՕՄ-ը իր առաջին քայլով աջակցութիւն հասցուց եւ կը շարունակէ աջակցիլ դպրոցականներուն, հայկական վարժարաններուն: 2012-2015 թուականներուն նիւթական աջակցութիւն  տրամադրուած է Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Գամիշլիի եւ այլ շրջաններու մէջ 27 վարժարաններու:

Նոյնիսկ քաղաքի շրջափակման եւ սննդամթերքի սակաւութեան ամենածանր օրերուն անընդհատ շարունակուած է «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս  շաբաթը 3 անգամ 230 անձի կը տրամադրուի տաք ճաշ, իսկ «Տաքուկ բնակարան» ծրագիրը իրականացնելով` ձմրան ընթացքին ջեռուցման անհրաժեշտ վառելանիւթի գումարով   ապահոված է լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւող հալէպահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն»,-զեկոյցին ժամանակ ըսաւ Տիանա Յովսէփեան` աւելցնելով, որ 2013 թուականին սկսած են իրագործել «Երաշխաւորէ Սուրիահայ  Ընտանիք մը» ծրագիրը` նպատակ ունենալով նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել նորածին երեխայ ունեցող կարիքաւոր ընտանիքներուն:

ՀՕՄ-ը Սուրիոյ մէջ գտնուող սուրիահայերուն օգնելէ բացի, չմոռցաւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայերուն եւ քեսապահայութեան. տարբեր ծրագիրներով օժանդակելու նաեւ Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայերուն եւ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն անմիջական կարիքները հոգալուն:

Աւելցնենք նաեւ, որ Հայաստանի մէջ սուրիահայ ընտանիքներուն մեծածաւալ մարդասիրական օգնութիւն, նիւթական եւ հոգեբանական աջակցութիւն  տրամադրուած է: Սուրիահայ կանանց մասնակցութեամբ կազմակերպուած է Ձեռարուեստի դասընթացներ, իրականացուած են անոնց ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառքներ, ընդելուզման նպատակով իրականացուած է շրջապտոյտներ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր եւ այլն:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի աշխատանքներուն մէջ այսօր ընդգրծուած են աւելի քան 100 սուրիահայ կանայք:

Նշուած բոլոր ծրագիրները, ներառեալ եւ միւսները` ՀՕՄ-ի «Ամանոր» ծրագիր, Ձեռարուեստի ծրագիր, Ս.Օ.Խ.-ի պատսպարաններ, շտապօգնութեան մեքենայի ձեռքբերում եւ այլն, կը շարունակուին նաեւ այսօր:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up