Դարձեալ Սկսիլ. Սուրիահայ Հայրենադարձ Լենա Շամլեան. տեսանիւթ
Լենա Շամլեան Հալէպի մէջ երկու աշխատանք ունէր` դպրոցի մէջ կը դասաւանդէր եւ կը զբաղէր սեփական գործարարութեամբ: Սակայն Սուրիոյ մէջ սկսած պատերազմը փոխեց անոր կեանքը: Ձգելով ծննդավայրը` տիկին Լենա Շամլեան 2012 թուականի Հոկտեմբերին տեղափոխուեցաւ Հայաստան:
Ամէն ինչ կրկին սկսելով` այսօր արդէն Հանրապետութեան հրապարակին հարակից տարածքին մէջ ` «Հալէպի շուկայ»-ին մէջ, իր գործը հիմնած է:
Մանրամասնութիւնները` «Հայերն այսօր»-ի տեսանիւթին մէջ.