Հարցազրոյց՝ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան ընկեր ԺԻՐԱՅՐ ՐԷԻՍԵԱՆի հետ
Սուրիոյ տագնապին եւ սուրիահայութեան դիմագրաւած աղէտին ու մարտահրաւէրներուն նուիրուած զեկուցական հրապարակային հաւաքին առիթով՝ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան ընկեր ԺԻՐԱՅՐ ՐԷԻՍԵԱՆ հետեւեալ հարցազրոյցը տուաւ «Ազատ Օր»ին.-
Հարցազրոյզը վարեց՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ընկ. Րէիսեան, որոնք են պատճառները, որ Սուրիան պատերազմի մէջ կը գտնուի եւ ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ ներկայիս Սուրիոյ մէջ։
Անշուշտ պէտք է ճանչնալ անցեալը, որպէսզի խօսինք ներկային մասին։ Անցեալ ըսելով, արդէն բոլորս ալ գիտենք, որ Սուրիոյ դէպքերը սկսան 2011 թուականին։ Առաջին տարին, յատկապէս Հալէպի մէջ, ոչ մէկ բան կար։ Նոյնիսկ մեզի համար այդ դէպքերուն ծայր առնելը միայն պատմութեան պէս կը լսուէր եւ չէինք հաւատար, որ այս ալիքը կրնար մինչեւ մեր մօտ հասնիլ՝ հաւատալով պետութեան եւ ժողովուրդի ամրութեան։ Բայց արդէն յստակ էր, որ պարտադրուած պատերազմ մըն էր։ Պատերազմ մը, որ նպատակ ունէր տնտեսապէս երկիրը քանդելու։ Քանդելու իշխանութիւնը կամ կառավարութիւնը ամբողջ՝ շահագործելով կրօնական տարբերութիւնները, էթնիք տարբերութիւնները։ Միայն մէկ բան էր ուզուածը՝ այն ալ Սուրիան նուաճել, Սուրիան չոքեցնել, Սուրիան տկարացնել, որպէսզի իր հեղինակաւոր խօսքը ըսելու կարելիութիւն չունենայ։ Որովհետեւ իրականութեան մէջ, արաբական աշխարհին մէջ, կարծէք միակ մնացած երկիրը, որ տակաւին իր հեղինակութեամբ կը խօսէր, Սուրիան էր։
Եւ հոն էր, որ իրենք դժուարութիւն ունէին Սուրիոյ կեցուածքներուն դիմաց։ Իրենց փորձը այս անգամ ուղղուեցաւ այլ կողմ, Սուրիան տկարացնելու, որպէսզի արդէն երկար ժամանակով Սուրիոյ համար հիմնական թշնամին՝ Իսրայէլը, հանգիստ ընէ։ Անշուշտ այդ բոլորի կողքին կային նաեւ միջազգային գերուժերու այլ շահեր, իրենց ներքին հակամարտութիւններով, որոնց այս բոլորին զոհ կ’երթար անմեղ ժողովուրդը եւ կը շահագործուէին զինեալներ, պետութեան դէմ հանելով։
Բնականաբար նման որեւէ մէկ քայլ կը նշանակէ հակաօրինական ընթացք եւ պետութիւնը անպայման պէտք է միջոցառումներու դիմէ, որուն հետեւանքով արդէն բախումները կը սկսին։ Բախումը սկսածին պէս, անմեղներ զոհ կ՚երթան։ Մարդկային զոհերուն կը գումարուին հաստատութիւններու, շէնքերու, հիւանդանոցներու, եկեղեցիներու, մզկիթներու վնասներ եւ շատ շրջաններ արդէն դարձած են փլատակ։ Այսօր Հալէպի մէջ կան բազմաթիւ թաղամասներ, որ հողակոյտի վերածուած են, կամ՝ շէնքերը գրեթէ գետնի հաւասար դարձած են։ Հիմա այս բոլորը եթէ նկատի առնենք՝ շէնքերու փլուզումը, հաստատութեանց հասած վնասները, դպրոցներու պարագային՝աշակերտներու եւ ուսուցիչներու վիրաւորանքը, եկեղեցիի կամ մզկիթի պարագային՝ քանդումը, գործատեղիներու պարագային աւելի վատ, որովհետեւ այդ բոլորին յաջորդեց կողոպուտ եւ այս բոլորին մէջ անվերապահօրէն շատ յստակ կրնանք տեսնել Թուրքիոյ դերակատարութիւնը։
Ուրեմն՝ Թուրքիան մասնակի՞ց է Սուրիոյ պատերազմին։
Թուրքիան ոչ միայն մարզեց, այլեւ մանաւանդ Հալէպի սահմանային իր մօտիկութեամբ, իր զինուորականները ընդդիմադիր զինեալի տարազի մէջ՝ Սուրիա մտցուց եւ ուղղակիօրէն մասնակից դարձաւ տարուած այս զինուորական բախումներուն։ Միաժամանակ, թուրք վաճառականներ, հսկայ բեռնատարներով եկան եւ այդ զարնուած, երբեմն ոչ թէ զարնուած, պարզապէս զարկի ընթացքին մարդիկ փախուստի դիմած, այդ հսկայ գործատեղիներու ամբողջ սարքերը բեռնակառքներու մէջ լեցուցած՝ առին տարին Թուրքիա։ Անոր համար Հալէպի արդիւնաբերական գրասենեակի տնօրէնը Թուրքիան կը կոչէ «Հալէպի կողոպտիչը»։ Եւ յատկապէս Էրտողանին այս անունով կը կոչէ։ Ոչ միայն այդ արդիւնաբերական գործատեղիներու կողոպուտը, նոյնիսկ մշակութային հսկայական կողոպուտ կատարած է Թուրքիան. օրինակի համար, Հալէպի մէջ կը գտնուի Իսլամական Կրօնից Վարչութեան ձեռագրատունը։ Դէպքերու ընթացքին յստակ ականատեսներու վկայութեամբ՝ բեռնակառք եկած է, մտած են կողոպտիչները այդ ձեռագրատունը, դարակները, սնտուկները եղած ձեւով, առանց ոչ մէկ խանգարումի բեռցուցած են բեռնակառքին վրայ եւ քալած են։ Ըստ ականատեսներու յստակօրէն ըսածին՝ այդ բեռնակառքները ուղղուեցան Թուրքիա։ Բնականաբար Թուրքիոյ կը հետաքրքրէ այդ բոլորը, որովհետեւ այդ ձեռագիրները, որոնք Հալէպի Իսլամական Կրօնից Վարչութեան պատկանող ձեռագիրներ են, արխիւներ են։ Անոնք կուգան օսմանեան օրերէն եւ թուրքերը կ’ըսեն, թէ ի՛նչ որ իրենց հետ առնչուած է՝ արդէն պէտք է ձեւով մը իւրացնել եւ իրենց սեփականութիւնը դարձնել։ Հաւանաբար այս ձեռագիրներուն մէջ կան վկայութիւններ՝ Ցեղասպանութեան հետ առընչուած։
Թուրքիոյ դերակատարութիւնը մեծ է։ Անշուշտ ասոնց կողքին կան «ուղեղը լուացուած» իսլամ ծայրայեղական, արմատական այդ խմբաւորումներու գումարտակները, այնպէս որ մէկը երկու, երկուքը հինգ, ի վերջոյ երբ որ գումարում մը եղած էր, շուրջ հարիւր երկիր եւ աւելի, այդ բոլորէն եկած կռուողներ կային Սուրիոյ մէջ։
Սուրիան այսօր թատերաբեմ է համաշխարհային պատերազմի մը։ Որովհետեւ՝ երբ այսքան երկրէ կռուող կուգայ, նոյնիսկ կռուողներ, որոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին Սուրիոյ հետ, իր առաջին հանգրուանին ըսուեցաւ, թէ յեղափոխութիւն է՝ ընդդէմ իշխանութեան։ Ըսուեցաւ՝ ընդվզում է դասակարգային, ընդվզում է համայնքային, ընդվզում է էթնիք եւայլն, ամէն ատեն անուանումը շահագործելով, զարգացուցին դէպքերը եւ ամէն անգամ արդէն նոր ուժեր բերելով դուրսէն, անհաւատալի հսկայական յատկացումներով։
Ժողովուրդը ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ իր առօրեայ կեանքին մէջ։
Բնական է այս ամէնը, պիտի ըսեմ մէկ խօսքով՝ Սուրիոյ գլխուն եկած փորձանք էր։ Սուրիացի ժողովուրդը շատ զոհեր ու վիրաւորներ ունեցաւ, տնտեսական քանդում ունեցաւ, բայց բոլորին դիմաց տոկաց։ Կենցաղային դժուարութիւնները ժողովուրդին համար պատերազմի այլ վնասներէն նուազ չէին։ Օրինակի համար, ես որպէս հալէպցի կ’ըսեմ, Հալէպի մէջ մենք երկար ատեն ելեկտրական հոսանք չունինք։ Հետեւաբար, վերջին մի քանի տարիներուն է, որ ներքին կարգադրութեամբ մարդիկ միջոցներու դիմած են, իւրաքանչիւր թաղի ծայրը անհատական նախաձեռնութեամբ, ելեկտրականութեան արտադրիչ սարքեր դրած են, ելեկտրուժ կ’արտադրեն, եւ մէկ, երկու, երեք ամպերով, մի քանի ժամ օրուան մէջ, յետ-միջօրէի այդ մութ ժամերուն, մարդիկ լոյս մը վառելու, բախտաւոր պարագային հետը հեռատեսիլ մը աշխատցնելու, օրուան լուրերուն հետեւելու առիթ մը կ’ունենան, քիչ մը աւելին առնողը, փոքր սառնարան մը աշխատցնելու հնարաւորութիւնը կ’ունենայ եւ այդ ալ սահմանափակ ժամերու։
Ջուրի պարագան՝ նոյնն է։ Դժբախտաբար ջրամատակարարումը քմահաճութեան առարկայ եղած է։ Որովհետեւ ջուրի հիմնական զտարանները եւ դէպի քաղաք այդ խողովակներու կեդրոնները քաղաքի կեդրոնը չեն, շրջակայքի մէջ են եւ այս դէպքերու ընթացքին այդ զինեալ խմբաւորումները առաջին հերթին իրենց կեդրոնացումը շրջակայքի վրայ ըրին։ Հալէպը շրջագայող գիւղերուն եւ արուարձաններուն վրայ ըրին։ Քաղաքի կեդրոնը միշտ մնաց պետութեան հակակշռին տակ։ Սակայն, օրինակ ջրամատակարարումը մնաց զինեալներու քմահաճոյքին առարկայ։ Կ’ուզեն՝ կը գոցեն կոճակը եւ ջուրը կը դադրի։ Ջրամատակարարումը կը կենայ։ Կրնայ կենալ շաբաթ մը, տասը օր, տասնըհինգ օր։ Բայց բոլորս գիտենք, թէ առանց ջուրի կեանքի ընթացքը անկարելի կը դառնայ։ Անոր համար զանազան կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական կողմերու օժանդակութեամբ, այսօր Հալէպի գրեթէ ամէն թաղամասի ծայրը, մէկ հատ հոր փորուած է։ Եւ բնական է ելեկտրարկիչով այդ ջուրը կը քաշուի, բարեսիրական կողմերը կը բաժնեն, ուր որ անմիջական կրնան հասնիլ, ուրիշներ կան որ այդ մէկը արհեստի վերածած են։ Ունին պզտիկ բեռնատարներ եւ ջուր կը ծախեն։ Այսինքն՝ կեանքի տարրական կարիքները, ջուր, ելեկտրականութիւն դարձած են առօրեայ մղձաւանջ մը։
Շատ անգամ կը հարցնեն սնունդի վերաբերեալ։ Մենք սնունդի այդքան մեծ դժուարութիւն չունինք, որքան որ սննդեղէնը գնելու կարողականութեան դժուարութիւն, որովհետեւ տոլարին դիմաց սուրիական դրամի անկումին պատճառաւ մարդոց գնողական կարողութիւնը ինկաւ։ Մինչ ոչ մէկու եկամուտը աւելցաւ, իսկ ընդհակառակը՝ անոնք, որոնք իրենց գործատեղիները կորսնցուցին, անոնց եկամուտը նոյնը մնալու տեղ նուազեցաւ, կամ՝ իրենց գործը կորսնցուցին։ Այսինքն՝ տնտեսական հարցը դարձաւ նոյնչափ կարեւոր հարց։
Այս կացութեան մէջ եկամուտը ուրկէ՞ կ՚ապահովուի։ Գործեր կա՞ն։
Կան գործեր, որոնք կամայ թէ ակամայ պիտի շարժին։ Օրինակի համար, պարզ այդ հորէն ջուր քաշող, իր փոքր բեռնակառքին մէջ դնող ու ծախողը չի հասցներ նոր գործեր։ Եւ դուն չես կրնար ըսել, որ այս մէկը այդքան ալ կարեւոր չէ։ Ի վերջոյ մարդ ես, քու անմիջական պէտքերուդ համար այդ ջուրը անհրաժեշտ է։ Խմելու ջուր չէ, առօրեայ գործածութեան ջուր է։ Բազմաթիւ բաներ կան։ Սննդեղէնի պարագան, այս դէպքերու բերմամբ, մանաւանդ երբ դրամի անկումը եղաւ տասնըհինգ, տասնըվեց անգամով՝ բազմապատկուեցաւ։ Ան, որ պէտք ունի, պիտի համակերպի։ Անոր համար կեանքի դժուարութիւնը բազմացաւ։
Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան կացութիւնը ի՞նչ վիճակի մէջ է։
Որպէս հայութիւն, մենք հոս ունինք մի քանի հիմնական բան։ Առաջինը՝ մեր համայնքի անվտանգութիւնը։ Համայնքի անվտանգութեան համար մեր երիտասարդութիւնը կամաւորաբար արդէն պարտականութիւն վերցուց մեր հաստատութիւններու եւ մեր թաղամասերու հսկողութիւնը։ Գիշեր-ցերեկ՝ առանց բացառութեան։
Որեւէ պահու միշտ վտանգուած թաղամասներ կրնային ըլլալ։ Այդ թաղամասներուն մէջ մեր հաստատութիւններուն անվտանգութեան համար, այդ շրջանի մեր բնակիչներու ապահովութեան համար եւ ինչու չէ՝ մարդկային կերպով այդ շրջանին մէջ գտնուող, մեզի հետ կեանքը կիսող տեղւոյն բնակչութեան որեւէ կարիքին հասնելու։ Այնպէս որ առաջին հերթին կայ այդ մեր կամաւոր տղոց իրենց ուխտի ամբողջական գիտակցութեամբ պարտականութեան գլուխ ըլլալը։ Ասոր կողքին կազմուեցաւ Սուրիահայ Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը, որ անմիջապէս հասաւ հոն, ուր որ կարիքը կար նիւթական թէ սնունդի կամ նման պատշաճութեան։ Ան գործեց Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնի վերահսկողութեամբ։ Այս մարմինը կազմուեցաւ առանց խտրութեան, այսինքն՝ կազմուած է երեք կազմակերպութիւններու, երեք հոգեւոր համայնքներու պետերէն եւ առաւել երկու խոշորագոյն բարեսիրական միութիւններու՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի եւ Բարեգործականի ներկայացուցիչներէն։
Մարմինը հովանաւորուած է երեք հոգեւոր համայնքներու, երեք կազմակերպութիւններու եւ երկու մեր խոշորագոյն միութիւններու ներկայացուցիչներով։ Անոնք ալ իրենց կարգին այս օժանդակութեան՝ նիւթական օգնութեան գործին լծուած են։ Ասոր մէջ անշուշտ կ՚իյնայ նաեւ բժշկական օգնութիւնը, ինչպէս նաեւ օգնութիւն անոնց, որոնց տունը վնասուած է – բաժինով մը՝ թէկուզ շատ խորհրդանշական, որովհետեւ ինչ որ ալ յատկացնես, դեռ քիչ կ՚ըլլայ այս եղած աւերին դիմաց, բայց մասնակցիլ, օգտակար ըլլալ, իրենց զօրակից կանգնիլ։ Այս մարմինը այս գետնի վրայ կ՚աշխատի, ընդհանրապէս այս է աշխատանքներուն ծիրը, որ գաղութը կարողանայ ոտքի պահել։
Մեր հաստատութիւնները որքա՞ն տուժած են, ի՞նչ կորուստներ ունեցած ենք։ Կայի՞ն պարագաներ, որ մենք թիրախ եղանք, որովհետեւ հայ էինք։
Ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ կ՚որսան մարդիկ։
Ճիշդ է, թուրքերուն համար ատիկա ծառայեց անհաճոյ մեր ներկայութիւնը ձեւով մը պղտորելու, նեղացնելու, խանգարելու եւ ինչու չէ քաջալերելու, որ մարդիկ աւելի դիւրաւ հեռանան այդ շրջաններէն։ Այս մէկը զարմանալի չէ, յատկապէս օրինակ՝ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ, ուր բնական է, թէեւ չկան յայտարարուած բառեր, որ մենք հարուածը կ՚ուղղենք հայերուն, կան յստակ ուրիշ պատկերներ, որոնք արդէն կը յիշեցնեն տրամադրութիւնը, ինչպէս այդ զանազան կռուող խումբերու մէջ կան թիւրքմեններ, թիւրքմենական խումբեր, որոնք ինքզինքնին հօրեղբօր որդի կը նկատեն թուրքերուն հետ։ Երեւոյթներ կան, որոնք քեզի բան մը կը յուշեն։ Այս բոլորին բնականաբար չենք զարմանար։
Գալով ձեր հարցումին, թէ մենք ի՞նչ կորուստներ ունեցանք։ Անշուշտ որ կորուստ բառը ես չեմ կրնար առնել միայն լրիւ շէնքի մը գոյութենէ դադրիլը, արդէն միայն այն ատեն կորուստի համար կը խօսինք։ Մեր ազգային հաստատութիւններէն վնաստուած շատ բան կայ։ Սահակեան վարժարանը, Զաւարեան վարժարանը, որոշ վնասներ կրեց ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը, որովհետեւ երեքն ալ կը գտնուին նոյն Նոր Գիւղի թաղամասին մէջ, կողք-կողքի քիչ մը աւելի անդին, արդէն իսկ նոր աշխատանքէ դադրած ազգային Մեսրոպեան վարժարանը, Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, ան որ արդէն հրկիզուեցաւ, Սուրբ Քառասնից մանկանց եկեղեցւոյ մուտքը փլատակ դարձաւ, բազմաթիւ հայկական գործատեղիներ, բնակարաններ բազմաթիւ են, որոնք քանդուեցան, երբեմն կիսաքանդ, երբեմն միայն վնասներով, նաեւ բազմաթիւներ կային, որոնք կողոպտուեցան, տարբեր տարողութեամբ վնասներ են, բայց վերջ ի վերջոյ վնասներ են։ Իսկ մարդկային վնասներու պարագային, մենք ունինք անշուշտ զոհեր։ Զոհերը, ես գոնէ, երկու տարբեր խմբաւորումներու մէջ կը դնեմ։ Մարդիկ, որոնք իրենց զինուորական ծառայութեան շրջանին, բանակի գործողութիւններու ընթացքին նահատակուեցան, եւ արդէն անոնք երկրի նահատակ են։ Նաեւ կան անմեղ զոհեր։ Մարդ՝ իր տան մէջ կամ մայթին վրայ քալած ժամանակը՝ հրթիռը վրան ինկած եւ մահացած է։ Այնպէս որ անմեղ զոհերը կան, բանակի նահատակները կան եւ ասոնց կողքին կան նաեւ մեծ թիւով վիրաւորներ։ Ունինք նաեւ առեւանգեալներ։ Շրջան մը առեւանգումի ալիքը շատ զարգացած էր։ Կ’առեւանգէին մէկը՝ փոխարէնը փրկագին մը սպասելով։ Վերջերս այդ մէկը գրեթէ կեցած է, սակայն մենք ունինք տակաւին 8-10 առեւանգեալներ։
Գաղթականներու պարագային որքա՞ն է գաղթողներու թիւը դէպի Հայաստան կամ ուրիշ երկիրներ։
Իրականութեան մէջ Սուրիոյ այս դէպքերուն հետեւանքով, յատկապէս հայերու պարագային, գաղթը պիտի դնեմ երեք տարբեր խմբաւորումներու մէջ։
Մէկը՝ մարդիկ, որոնք կամայ թէ ակամայ, տնահան եղան եւ մնացին մէջտեղ, ապաստանելով մզկիթներու մէջ, երբեմն իսկ բացօթեայ վրաններու տակ, որոնց մէջ մենք բարեբախտաբար հայեր չունինք։ Ոչ թէ մեզի չէ պատահած, այլ ընդհանրապէս մեր շտապը, մեր ակումբները, մեր ազգային իշխանութիւնը, առաջնորդարանները, ոչ մէկ ատեն այդ վիճակին հասնելու չեն ձգեր, անպայման այլ կարգադրութիւն մը կ’ընեն։ Այնպէս որ մենք ալ ունինք տնահան հայեր։
Երկրորդ խմբաւորումը, որ պիտի դնեմ, տունէ դուրս եկող հայն է։ Մարդիկ եղած են, որ մէկ-երկու չեն դիմացած եւ ուզած են տեղափոխուիլ։ Ո՛չ երկրէն դուրս. օրինակ՝ Հալէպէն անցած են բնակելու Լաթաքիա ծովեզերեայ քաղաքը, ուր համեմատաբար կեանքը աւելի ապահով նկատած են։ Ոչ միայն Լաթաքիա, այլ մօտակայ շրջաններու գիւղերուն մէջ ալ։ Ներքին տեղաշարժ կ’ըսեն եւ այլեւս երբ որ կացութիւնը իր բնականոն ընթացքին վերադառնայ, իրենք կա՛մ հոն կը մնան, կա՛մ կը վերադառնան իրենց նախկին քաղաքը։
Երրորդ տեղաշարժը, այսինքն՝ երկրէն դուրս եկող հայը, նոյնպէս ունի իր մէկ-երկու ենթաբաժանումները։ Ինչպէս Լիբանան կամ Հայաստան առաջին հերթին, որոնք յաճախ արտայայտուած են, թէ 10-15.000 սուրիահայ ունեցած են, շատ վաւերական թիւեր չեն անշուշտ։ Հաւանաբար, Հայաստանինը ճիշդ է։ Ի վերջոյ եթէ կացութիւնը վերականգնուի, Լիբանան գացողները պիտի նախընտրեն վերադառնալ իրենց քաղաքը, որովհետեւ իրենց համար շատ աւելի դժուար է Լիբանանեան պայմաններուն յարմարիլ՝ եկամուտէն մինչեւ ապրելակերպ, իսկ Հայաստանի պարագան շատ տարբեր չէ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կեանքը ե՛ւ սուղ է, ե՛ւ աշխատանքի հնարաւորութիւնները բաւարարող չեն։
Իսկ երրորդ խմբաւորումը, որ կրնամ ըսել՝ երկրէն մինչեւ արեւմտեան երկիրները հասնողներն են, Գանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա կամ զանազան երկիրներ, երբեմն նոյնիսկ Մ.Ա.Կ.ի Գաղթականաց Գրասենեակներու ճամբով, այս պարագային գիտենք, որ շատեր կան, որոնք կրկին դժգոհ են, որովհետեւ իրենց վարժուած կեանքէն տարբեր ընթացքի մէջ կը մտնեն, բայց արդէն նոր կացութեան հետ յարմարելու կը պարտաւորուին, իսկ բնականաբար եթէ վաղը կացութիւնը վերականգնի անոնցմէ շատեր, որոնք դժուար կը համակերպին նոր կացութեան, պիտի վերադառնան իրենց բնակավայրը։
Որքա՞ն ժամանակ պէտք է անցնի, որպէսզի կեանքը դարձեալ իր հունին մէջ մտնէ։
Բանակի յաջողութիւնները ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ ժողովուրդին համար ապահովութիւն է, ամբողջ ժողվուրդին ի շահ է եւ Հալէպի միասնականութեան վերականգնումի քայլ է։ Մեր պարագային առաւել, մանաւանդ հայաբնակ շրջաններու վրայ տեղացող ռումբերու քանակը, եթէ չըսեմ լրիւ կը ջնջուի, բայց շատ կրնայ նուազիլ։ Որովհետեւ այդ ռումբերը կամ այդ հրթիռները արձակող կողմերը արդէն մեր շրջաններու մօտիկ ըլլալէն հեռացուած կ’ըլլան, եւ բնականաբար ապահովութիւնը շատ աւելի կ’երաշխաւորուի։ Երբ ապահովութիւնը երաշխաւորուի, մարդիկ հոգեպէս ալ հանգիստ պիտի զգան եւ աւելի դիւրին կ’ըլլայ բնականոն կեանքի վերականգնումը։
Վերջերս լուրերէն կը հաղորդուի, որ եթէ քրտական երկիր մը շինուի (որ պիտի ներառէ սուրիական, իրաքեան հողեր) հաւանաբար Սուրիան բաժնուի երկու, երեք բաժիններու, այդ պարագային հայաբնակ շրջանները ի՞նչ պիտի ըլլան եւ ինչպէ՞ս են հայերու եւ քիւրտերու յարաբերութիւնները։
Հայը մէկ բաղկացուցիչն է ժողովուրդին եւ զանազան այդ բաղկացուցիչ կողմերուն հետ ունի իր ամէնօրեայ յարաբերութիւնը։
Ճիշդ է, քիւրտեր փորձեցին իրենց գտնուած շրջաններուն մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը փաստել, որուն կողքին նաեւ իրենց համար ծրագիր մը ունէին՝ քրտական ինքնավարութիւն ոչ թէ Սուրիոյ ամբողջականութեան մէջ, իրենց ազգային իրաւունքները յարգուած ներկայութեան մը վերածել։ Այս ցանկութեան մէջ երբեմն մարդիկ, քիչ մը քայլ մը առջեւ, քայլ մը ետեւով, ուղղութիւններ փորձեցին ստեղծել։
Մենք, որպէս հայութիւն, բոլորին հետ մեր յարաբերութիւնները կը մնան ջերմ։ Բայց ինչ որ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան կրնայ վնաս հասցնել, Սուրիոյ ժողովուրդին ամբողջականութիւնը խանգարել, մեզի համար ասոնք կարմիր գիծեր են։
Մեզի համար Սուրիան, որպէս երկիրի, կը մնայ իր ամբողջականութեամբ, իր մէկ ժողովուրդով, մէկ օրինաւոր պետականութեամբ, այն պետութեամբ, որ այսօր միջազգային բոլոր բեմերու վրայ ճանչցուած պետութիւն է, իր մէկ դրօշակով, որ բոլոր պետութիւններու կողմէ ճանչցուածն է։ Երբեմն մարդիկ ընդդիմադիր կամ հակառակ արտայայտութիւններ կ’ունենան. ես մէկ բան կ’ըսեմ։
Մ.Ա.Կ.ի վրայ ծածանող Սուրիան խորհրդանշող դրօշը երկո՞ւ հատ է, թէ՞ մէկ է։ Մէ՛կ է, Մ.Ա.Կ.ի մէջ Սուրիան քանի՞ պատուիրակութեամբ կը ներկայանայ։ Մէ՛կ պատուիրակութեամբ։ Հետեւաբար, միջազգային ընտանիքին համար ալ կայ տակաւին մէկ կառավարութիւն, իսկ մեզի համար, որպէս քաղաքացի բնականօրէն, մէկ կառավարութիւն։ Ասիկա ոչ մէկ սակարկութիւն կը վերցնէ։ Ատոր համար, մեզի համար Սուրիոյ ամբողջականութիւնը՝ տարածքային եւ ամէն հասկացողութեամբ, Սուրիոյ ժողովուրդի մէկ ըլլալը եւ միասնակամութիւնը, ասոնք կարմիր գիծեր են, որոնց հետ ոեւէ մէկը մեզի հետ սակարկութիւն չի կրնար ընել։
Կա՞ն դեռ ուժեր, որոնք կը կարծեն, թէ ուժը ունին տապալելու Ասատը։
Ասատը սուրիացի քաղաքացի մըն է։ Այս քաղաքացին օրին թեկնածութիւն դրած է նախագահութեան, ժողովուրդի քուէներով դարձած է նախագահ։ Երկրորդ ընտրութեան շրջան եկած է, նոյնիսկ մրցակից ալ եղած է եւ այս տղան ձայներու մեծամասնութեամբ շահած է։ Նախագահը վար իջեցնել այդ ուզողները ո՞ւր էին քուէարկութեան օրերուն։ Մարդկային եւ իրաւուքներու բնականոն հասկացողութիւն մը կայ։ Եթէ ես կ’ուզեմ այս նախագահը վար առնել իր շրջանի աւարտին՝ նոր ընտրութիւններու ատեն աշխատանք կը տանիմ, ժողովրդականութիւն կ’ունենամ, ձայն կ’ունենամ, կը հանեմ իմ մարդս։ Այսպէ՛ս կ’ըլլայ։ Եթէ զէնքով վար պիտի առնեմ, ըսել է, թէ իրենք ժողովրդավարութեան մասին չեն խօսիր։ Եւ հակաժողովրդավարական որեւէ մէկ ընթացքի ոեւէ մէկը համաձայն չի գտնուիր։
Թուրքիան որեւէ ձեւով կ’արդարացնէ՞ իր քաղաքական ընթացքը։ Էրտողան բոլորին դէմ կ’ելլէ, նոյնպէս իր ժողովուրդին դէմ։ Այս մէկը իր իսլամական մտածելակերպէն յառա՞ջ կուգայ, թէ՞ քաղաքականութիւն մըն է, որ մենք չենք հասկնար։
Ինծի համար Թուրքիան, ի՛նչ վարչակարգով ալ ներկայանայ (այսօր ներկայ վարչակարգը ունի իսլամական ծայրայեղական տարազ, յաջորդ վարչակարգը կրնայ ունենալ ազգայնամոլ տարազ), ինծի համար բոլորը ունին թրքական տարազ։ Թրքական տարազը ոչինչով փոխուած է իր օսմանեան մտածելակերպէն։
Օսմանցին իր տարածողական քաղաքականութեամբ ընթացաւ, այսօր նախագահ մը կայ Էրտողան կոչուած, որ արդէն համաշխարհային քաղաքական բեմին վրայ կը նկատուի նոր օսմանիզմի նոր սուլթանը։ Եւ նոյն ուղղութեամբ կը փորձէ ընթանալ։ Տեղ մը ISISը՝ իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումը իբրեւ թէ հալածելու պատճառաբանութիւնը դրած, բայց կողքին քիւրտին իրեն համար անյաջող քրտական ներկայութիւնը շրջանէն վերցելու երազներով, կողքին ինչու չէ նաեւ ինքը ունի Սուրիոյ մէջ տակաւին հողեր ձեռքբերելու երազներ, այդ բոլորով, թրքական բանակը այս դէպքերու ընթացքին մտցուց Սուրիա։
Սուրիան յստակ, խստիւ եւ անվիճելիօրէն կը դատապարտէ այս ընթացքը, արդէն իսկ հակադարձելու նախաքայլերու մէջ է, Թուրքիան նոյն քալերը առաւ Իրաքի մէջ։ Հոն, ուր որ կրնայ մէկ քայլ առջեւ երթալ, կը փորձէ նոր շահեր ապահովել։
Թուրքիան այս է, եւ անոր համար կ’ըսեմ, ինչ տարազ ալ փոխուի վարչակարգի, ինծի համար կը մնայ նոյն թուրքը, նոյն մտածելակերպը, նոյն հոգեբանութիւնը, նոյն ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը։ Իսկ թէ ինչ ուժո՞վ։ Կրնայ ըլլալ երբեմն դիւանագիտական խաղերով, երբեմն օրուան քաղաքական շահերու բերումով, բայց վերջաւորութեան, արաբական խօսք մը կ’ըսէ, որքան ալ պղտոր ջուր մը խառնես, իր թափանցիկութիւնը կը կորսնցնէ, քեզ կը շուարեցնէ, բայց ի վերջոյ տեղ մը պիտի գայ, որ չոքի եւ ջուրը յստականայ եւ ամէն իրաւունք իր արդար տեղը ունենայ։
Ես կը հաւատամ, որ Թուրքիա ի՛նչ խաղ ալ խաղայ, ի վերջոյ իրականութիւնը իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր եւ իրականութիւնը կը մերկացուի, մանաւանդ երբ իրաւունք պահանջող կողմ կայ, ամէն մէկը իր իրաւունքին ալ տէր կը դառնայ, պայմանաւ որ չի յուսալքուին մարդիկ իրենց իրաւունքի պահանջը ներկայացնելէ։
Հայկական Հարցին պէս՝ Սուրիա եւս պահանջներ ունի Թուրքիայէն։ Սուրիա ունի՝ Իսքենտերունն ու շրջակայքի բաժինները Թուրքիոյ բռնագրաւումէն ազատագրելու պահանջ։