«Դարձեալ Սկսիլ». Հալէպահայ Մայտա Իսթանպուլեան-Տէմիրճեանը Կը Փորձէ Հալէպի Ամանորի Շունչը Երեւան Տեղափոխել

4 տարի առաջ Հայաստանի մէջ հաստատուած Մայտա Իսթանպուլեան-Տէմիրճեան ջերմութեամբ ու սիրով կը յիշէ Հալէպի մէջ իրականացուցած Ամանորի տօները: Ընտանեկան այս տօնին կարմիր-կանաչով կը զարդարէին տունը, կը պատրաստէին սիրելի ճաշատեսակներ…այսօր այդ ամէնը արդէն հայրենիքի մէջ կ’ընեն: Աւելին` կը փորձէ իրեն կողմէ պատրաստուած ձեռագործ իրերու միջոցով` սփռոցներ, մոմակալներ, նկարազարդուած ապակիէ կամ փայտէ իրեր, տօնական շունչը հասանելի դարձնելու միւսներուն:

Տիկին Մայտան իր պատրաստած աշխատանքները ներկայացուցած էր վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառին, որուն ընթացքին ալ «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է անոր հետ:

 

 

Scroll Up