Վալանսի ՀԲԸՄ-ը «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» Շարժման Մասնակից

Վալանսի ՀԲԸՄ-ը միացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկակա՞ն շարժման:
110-ամեայ կառոյցի անդամները այս կերպ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն, իրենց հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ, աջակցիլ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան: