Զինեալ Խմբաւորումներ Հաւաքական Կերպով Նահանջեցին Հին Հալէպի Շրջանէն, Շատեր Յանձնուեցան
6 Դեկտեմբերի ուշ գիշերին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հաւաքական կերպով նահանջեցին Հին Հալէպի ամբողջ տարածքէն։
Ոմանք համաձայնեցան յանձնուիլ սուրիական բանակին՝ վար առնելով իրենց զէնքերը։
Սուրիական բանակը իր ամբողջական հակակշռին տակ առաւ Հին Հալէպի Աղիոր, Քասթըլ Հարամի, Պապ ալ Հատիտ եւ մերձակայ թաղամասերը։
Կը սպասուի սուրիական բանակի հրամանատարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը այս ուղղութեամբ։
Շրջանի բնակչութիւնը դուրս կ՚ելլէ սուրիական բանակին տրամադրած հանրակառքերով, մինչեւ շրջանի ականազերծումն ու անվտանգութեան հաստատումը։