Քեսապահայերը Առանց Խտրականութեան Մէկ Որոշում Ունին` Վերադառնալ Քեսապ

Մենք հրաշքներու ակնկալիքներ չունինք, որ մէկ օրուա մէջ ամբողջովին կ’ազատագրեն մեր բնակավայրը` Քեսապը, սակայն այստեղ այդ լուրերէն ետք ժողովուրդի տրամադրութիւնը բարձրացաւ եւ կը սպասենք նորութիւններու: Սակայն մենք պէտք է հնարաւորինս ամէն ինչ ընենք, որպէսզի կանխենք ժողովուրդի` քեսապահայութեանս չորրորդ տեղահանութիւնը: Լաւատես ըլլալը լաւ է, սակայն իրատես ըլլալն առաւել ճիշդ:
Կալա-ի հետ զրոյցին նման տեսակէտ յայտնեց Քեսապի գործադիր մարմինի անդամ Կարօ Մանջիկեան` անդրադառնալով այն լուրերուն, որոնց համաձայն` Քեսապն ազատագրուած է:
«Մեզի այստեղ տեղեկացուցին, որ սուրիական բանակն ազատագրած է Քեսապի ոստիկանատունը, բանակը կը մաքրագործէ քաղաքը, սակայն առայժմ փոքր-ինչ երեւակայական կ’ըլլայ ազատագրման մասին խօսիլը, հրաշք կ’ըլլայ, բայց, ամէն պարագայի, յոյսով կը սպասենք»:
Կ. Մանջիկեան ընդգծեց նաեւ, որ անմիջապէս բանակէն եկած պաշտօնական տուեալներով տեղեկութիւններ ունին միայն այն մասին, որ ազատագրման աշխատանքները ընթացքի մէջ են.
«Առայժմ զօրքը կը պայքարի, իսկ ազատագրուած ըլլալու մասին դեռ կանուխ է խօսիլը, այսինքն ատիկա մէկ օրուան մէջ ակնկալել չեն կրնար»:
ԿԱԼԱ-ն հետաքրքրուեցաւ նաեւ Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած հայութեան տրամադրուածութենէն եւ առհասարակ այնտեղի ներկայիս դրութենէն:
«Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայութիւնը` առանց կուսակցական ու այլ հայեացքներու խտրականութեան, բոլորս մէկ համոզում ունինք, որ ամէնէն ճիշդ որոշումը Քեսապ վերադառնալն է` անկախ ամէն ինչէ: Եւ այդ յոյսը կը փայփայենք, զօրացնենք` առանց չափազանցութիւններու ու տրամաբանութեան մէջ: Ամէնէն ճիշդ քաղաքականութիւնը այդ է` ժողովուրդն իր գիւղ վերադառնալը»:
Զառա Ղազարեան
ԿԱԼԱ