ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Նուիրատուութիւնը Պաթումի Ալ. Մանթաշով Կեդրոնին

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, հետեւելով վերջին տարիներուն ձեւաւորուած աւանդոյթին, կրկին իր օգնութիւնը տրամադրեց վիրահայոց համայնքներուն` ներառեալ Պաթումի Ալեքսանդր Մանթաշովի անուան կրթութեան, մշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնին: Նախարարութեան կողմէ կեդրոնին յատկացուեցան տեսա-լսողական սարքաւորում, բարձրախօսներ, համակարգիչ, տպիչ եւ տեխնիկական այլ միջոցներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Վիրահայոց թեմէն:

Նուիրուած սարքերը հասցէատիրոջ փոխանցուեցաւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի կողմէ: Այս առիթով Թեմակալ առաջնորդը 2016 թուականի Դեկտեմբեր 2-4 կը գտնուէր Պաթումի մէջ: Սրբազան հայրը հանդիպեցաւ «Ալ. Մանթաշով» կեդրոնի ուսուցչական կազմին հետ` տնօրէն Սոնա Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ, ականատես եղաւ կատարուած աշխատանքներուն, գնահատանքի արժանացուց անձնակազմի իրականացուցած աշխատանքները եւ առաջնորդարանին կողմէ մանկավարժներուն փոխանցեց նուէրներ:

Այցի ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ նաեւ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ: Սրբազանը իր օրհնութիւնը փոխանցեց Պաթումիի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ, Աճարիոյ, Կուրիայի եւ Իմերեթիի հայութեան հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեանին` կատարուած աշխատանքներուն համար եւ խրախուսեց շարունակել այդ աշխատանքները համայնքին եւ կեդրոնին հետ համատեղ` ի նպաստ եկեղեցւոյ շուրջ հայութեան կեդրոնացման եւ հաւատացեալներու թիւի աւելացման:

Տէր Վազգէն եպիսկոպոսը նաեւ մասնակցեցաւ եկեղեցական արարողութիւններուն: Դեկտեմբեր 3-ին Գերաշնորհ առաջնորդը իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալներու յիշատակին նուիրուած առաւօտեան ժամերգութեան եւ հաւատացեալներուն փոխանցեց օրուան խորհուրդին մասին հոգեւոր պատգամը:

Դեկտեմբեր 4-ին, Պաթումի «Սուրբ Փրկիչ» հայոց եկեղեցւոյ մէջ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի հանդիսապետութեամբ, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:

Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Վազգէն Սրբազանը Հայրական օրհնութիւն եւ հոգեւոր խօսք փոխանցեց հաւատացեալներուն եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց հոգեւոր հովիւի, կեդրոնի մանկավարժներուն եւ ծխական խորհուրդի անդամներու համատեղ աշխատանքներու արդիւնքով տեսնելով եկեղեցւոյ մէջ բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութիւնը:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, թեմակալ առաջնորդը իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, որ մշտապէս իր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ  կը պահէ վիրահայ համայնքի երիտասարդութեան կրթամշակութային հարցերը: Թեմակալ առաջնորդը իր գնահատանքը բերաւ Պաթումի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ «Ալեքսանդր Մանթաշով» կեդրոնի աշխատակազմին` հոգենուէր եւ ազգապահպան աշխատանքներուն համար:

Պաթում կատարած ուղեւորութեան ժամանակ Վիրահայոց թեմի առաջնորդին կ’ուղեկցէին Թեմի վարչութեան տնտեսական բաժինի տնօրէն Կարէն Երիցեան եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի օգնական Գէորգ սարկաւագ Անտոնեան:

Վիրահայոց թեմի Պաթումի Ալ. Մանթաշովի անուան կրթական-մշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնի շէնքը ձեռք բերուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, ի մասնաւորի Սփիւռքի նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ, վերանորոգման աշխատանքները կատարուած են Ճինիշեան հիմնադրամի հովանաւորութեամբ, իսկ ներքին յարդարումը եւ գոյքը ձեռք  բերուած է Վրաստանի կառավարութեան տրամադրած միջոցներով եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանի ու Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի աջակցութեամբ:

2 3 4 5

Scroll Up