«Կռունկ» Ինքնավարութեան Երիտասարդները` Համահայկական Շարժման Ջատագովներ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը սփիւռքեան համայնքներուն մէջ երթալով լայն տարածում կը ստանայ:
ՌԴ Սթաւրոփոլի երկրամասի Քիսլովոտսկ քաղաքի ազգամշակութային «Կռունկ» հայկական ինքնավարութեան երիտասարդները ՌՀՄ Սթաւրոփոլի երկրամասի ՌՀՄ բաժանմունքի երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ Գարիկ Քեշիշեանցի եւ Քիսլովոտսկի հայ համայնքի երիտասարդական թեւի ղեկավար Մուշեղ Կիւրկչեանի գլխաւորութեամբ միացած են նախաձեռնութեան` նպատակ ունենալով իրենց ներդրումը ունենալու այս կարեւոր գործի տարածման: «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Մուշեղ Կիւրկչեան նշեց, որ պիտի շարունակեն սերտ համագործակցութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ. նախատեսած են 2017 թուականին աւելի աշխուժացնել համայնքի մասնակցութիւնը նախարարութեան ծրագիրներուն:
Քիսլովոտսկի մէջ հայերը բնակութիւն հաստատած են 1803 թուականէն: 1997 թուականին օծուած է Հայ Առաքելական Սբ. Վարդան եկեղեցին:
Եկեղեցին եւ ինքնավարութեան շէնքը միասին կը կազմեն իւրայատուկ կրօնամշակութային ընդգրկուն համալիր: