Արման Փինարպասին Միացած Է «Դուն Ինչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» Շարժումին

Հաշուեքննութիւն եւ խորհրդատուութիւն մատուցող «Grant Thornton France» կազմակեպութեան բաժնետէր, Նիցցայի մասնաճիւղի նախագահ Արման Փինարպասին միացած է «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան:
Աւելցնենք, որ Արման Փինարպասին եղած է Հայ-ֆրանսական գործարարութեան ակումբի նախագահը, Հայաստանի մէջ Դանիոյ Թագաւորութեան պատուաւոր հիւպատոսը: 2010 թուականին զինք շնորհուած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան «Արժանիքի համար ազգային շքանշան»: Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ կայացած պարգեւատրման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: