ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՋԱՒԱԽՔԻ ԾՆՈՂԱԶՈՒՐԿ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ

ՀՕՖ-ը կազմուած է 1988 թուականին,  ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ արք.եպիսկոպոս Պարսամեանի օրհնութեամբ եւ անմիջական աջակցութեամբ` Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժէն ետք կարիքի մէջ յայտնուած ժողովուրդին անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Ներկայիս ՀՕՖ-ը կը զբաղի մարդասիրական օգնութեամբ, ընկերային եւ տնտեսական օգնութեան զարգացմամբ եւ կրթական ծրագիրներու աջակցութեամբ:

Հայ Օգնութեան Ֆոնտի CASP ծրագիրը ուղղուած է ծնողազուրկ երեխաներուն ընկերային աջակցութիւն ցուցաբերելու: Այն գործունէութիւն կը ծաւալէ ինչպէս Հայաստանի եւ Արցախի , այնպէս ալ Ջաւախքի լեռնաշխարհին մէջ: Ծրագիրը սկսաւ Ախալքալաքով եւ տարածուեցաւ տարածաշրջանի գիւղերով մէկ, ծրագիրին ներառուած են թիւով  76 երեխաներ, որոնք այս նպաստի շնորհիւ կը կարենան լուծել որոշ ընկերային եւ կենցաղային խնդիրներ:

Մօտ 10 տարի է` բարեխնամ այս կազմակերպութիւնը, իր շրջանակները լայնացնելով, օգնութեան ձեռք  մեկնած է Ջաւախք աշխարհի մէջ ծնած եւ որբութեան դառնութիւնը զգացած երեխաներուն:
Այսօր երեխաները աղօթքներով յիշեցին իրենց բարերարները, ծրագիրի կազմակերպիչները եւ բոլոր այն մարդոց, որոնք ապրելով հեռաւոր Միացեալ Նահանգներու մէջ` չեն մոռնար իրենց արդար քրտինքի վաստակէն մասնաբաժին հանել որբութեան դառնութիւնը ճաշակած երեխաներուն:

Առաջնորդական փոխանորդ Տ. Բաբգէն վրդ. Սալբիյեան եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուածներու  շնորհակալութիւնը յայտնեց  ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ արք.եպիսկոպոս Պարսամեանին, Ամերիկայի ՀՕՖ-ի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Պարոն Գառնիկ Նանագուլեանին, ՀՕՖ-ի հայաստանեան գրասենեակի համակարգող Էդիկ Կարապետեանին, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր այս հայրենանուէր ու ազգանուէր գործին մէջ:

Scroll Up