«Վարդանեան» Կրթամշակութային Կեդրոնի Օգնութիւնը Արցախի Բանակին. տեսանիւթ

Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց թեմի «Վարդանեան» կրթամշակութային կեդրոնը դեռեւս քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք  ծաւալած է Արցախի պաշտպանութեան օգնելու գործունէութիւն: Կեդրոնին պատկանող «Նարեկ» համոյթը, «Արմատ» դպրոցը եւ Երիտասարդական կազմակերպութիւնը կազմակերպած են  շարք մը բարեգործական ձեռնարկներ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը` հաւաքուած գումարները «Արմատ» դպրոցի ուսմասվար Երազիկ Յարութիւնեանի, ուսուցչուհի Արշալոյս Երեմեանի, Առաջնորդարանի տնօրէն Մարգարիտա Սիմոնեանի եւ Երիտասարդական կազմակերպութեան անդամներ Արեւիկ Թամրազեանի եւ Էսթեր Արզումանովայի ջանքերով հասած է Արցախի բանակ:

 Արմատ

Scroll Up