Սփիւռքեան Համայնքները Կը Միանան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Դո՛ւն Ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» Համահայկական Շարժումին
Դեռեւս հաշուած օրեր անցած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հնչեցուցած համահայկական կոչին` 2017 թուականը համայն հայութեան համար դարձնելու Արցախի տարի, եւ արդէն բազմաթիւ արձագանքներ կան սփիւռքեան համայնքներէն, հայկական դպրոցներէն ու միութիւններէն:
«Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» խորագիրով շարժումին յայտարարութիւնը տարածուած է Սփիւռքի շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ, որուն արդիւնքով քիչ չեն նաեւ այս կամ այն նախաձեռնութեամբ հանդէս գալու առաջարկ ներկայացուցած կառոյցները:
Ալմելոյի եւ Նոր Ջուղայի հայկական համայնքները արդէն իսկ իրականութիւն դարձուցած են իրենց նախաձեռնութիւնը: Մասնաւորապէս, ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, Ալմելոյի մէջ` Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցած է «Աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղին» արշաւի գործողութիւններուն մասին ձեռնարկը: Իսկ Նոր Ջուղայի մէջ աշնանային մթերքներու վաճառք կազմակերպած են` ի զօրակցութիւն արցախահայութեան:
Ռուսաստանի Դաշնութեան Ուֆա եւ Օպնինսկ քաղաքներուն մէջ գործող կիրակնօրեայ հայկական դպրոցներու, Քուէյթի ազգային վարժարանի սաներն ալ միացած են հայկական աշխարհի մէջ ձեռնարկը հանրայնացնելու կոչին` «Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» գրութեամբ պաստառներով լուսանկարներ տեղադրելով իրենց էջերուն վրայ:
Նշենք, որ Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի ու Ռուսատանի շարք մը համայնքներու մէջ յառաջիկայ օրերուն եւս տեղի կ’ունենան Արցախին նուիրուած մշակութային, բարեգործական ձեռնարկներ, որոնց մասին տեղեկատուութիւնը «Հայերն այսօր»-ը կը ներակայացնէ իր էջերուն վրայ: