Գրող, Հրապարակախօս Զօրի Բալայեան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Յանձնեց Հրեայ Գրող Եաիր Աուրոնի «Անընդունելի Անտարբերութիւն.Սիոնիզմը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Գիրքէն 500 օրինակ

Նոյեմբեր 8-ին,  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մասնակցութեամբ,  գրող,  հրապարակախօս Զօրի Բալայեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յանձնեց հրեայ գրող Եաիր Աուրոնի «Անընդունելի անտարբերութիւն.  Սիոնիզմը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը»  գիրքէն 500  օրինակ`Սփիւռքի համայնքներուն տարածելու նպատակով: Հրեայ գրող Եաիր Աուրոնի գլխաւոր նպատակը եղած է այս գիրքով ընթերցողին ներկայացնել փաստեր հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան վերաբերեալ,Պաղեստինի հրէական համայնքի եւ սիոնիզմի առաջնորդներու վերաբերմունքը 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային ոչնչացման մասին:Ներկայացնելով Եաիր Աուրոնի «Անընդունելի անտարբերութիւն.  Սիոնիզմը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը»  հետազօտութիւնը`  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ չնայած գիրքը ընթերցողի ձեռքերուն մէջ է դեռեւս 1990-ական թթ.  վերջերէն,  սակայն հայերէն թարգմանուած է միայն 2013թ.  գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեանի ջանքերով:Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց,  որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ,  գիրքը լաւագոյն նուէր է մեր ժողովուրդին:  Հայ համայնքներէն ներս նոյնպէս կը գործեն Ցեղասպանութեան տարելիցի աշխատանքները համակարգող յանձնախումբեր,  որոնք Հայրենիքէն կը սպասեն ազդակներ: Այդպիսի  ազդակ մըն է այս հետազօտութիւնը:Գիրքը արժէքաւոր է առաջին հերթին անոր համար,  որ գրուած է ցեղասպանութիւն տեսած հրեայ ժողովուրդի ներկայացուցիչի կողմէ,  եբրայերէն լեզուով, այնուհետեւ թարգմանուած է անգլերէն եւ ռուսերէն:

Նախարարը բարձր գնահատեց Զօրի Բալայեանի կողմէ հեղինակած գիրքի նախաբանը,  ինչպէս նաեւ «Ամարաս»  հրատարակչութեան տնօրէն Արկադի Ասրեանի` գիրքի ձեւաւորումը բարձր մակարդակով կատարելու գործը:Եաիր Աուրոնը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստերու ուսումնասիրման նուիրած է աւելի քան 10  տարի`  բացայայտելով իրեն համար անկանխատեսելի փաստեր:  Հեղինակը յոյս ունէր գտնել միջազգային հանրութենէն մեծ կարեկցանք հայերու տառապանքին նկատմամբ: Փոխարէնը գտած է անընդունելի անտարբերութիւն:Այս իմաստով մեծ աշխատանք կայ կատարելու գիրքը միջազգային հանրութեան ներկայացնելու գործին:  Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց նաեւ հետազօտութեան` թրքերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուներով թարգմանելը: «Շնորհակալութիւն եմ ուզում յայտնել նաեւ Կարէն Բաղդասարովին` գիրքը հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով թարգմանելու  եւ տպագրելու գործը հովանաւորելու համար,  ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուով թարգմանիչ Աննասա ֆարեանին`  լաւագոյն թարգմանութեան համար»,  –  աւելցուց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:Ներկայացնելով հետազօտութեան բովանդակութիւնը` Զօրի Բալայեան նշեց,որ գիրքը բաժնուած է զօրամասերուն,  գրադարաններուն,  50  օրինակ արդէն ուղարկուած է Արցախ, ինչպէս նաեւ գիրքէն օրինակներ  տրուած են ԱԳՆ-ին` հայկական դեսպանատուներ բաժնելու նպատակով:Գրողը նշեց, որ Եաիր Աուրոնը այս գիրքի լոյս ընծայումէն ետք  շարունակած է հաւաքել եւ արդէն ձեռքի տակ ունի հազարաւոր փաստաթուղթեր Հայոց ցեղասպանութեան,  հրէական Հոլոքոստի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան համեմատականութեան վերաբերեալ եւ կրնայ եւս մէկ գիրք հրատարակել:Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ հրէական համայնքի նախագահ Ռիմա Վարժապետեան:  Հրեայ ներկայացուցիչը,  սեփական ժողովուրդի փորձին համաձայն,  հաւաստիացուց,  որ միայն տպագրութիւնը բաւարար չէ,անհրաժեշտ է ամէն տեղ տարածել, ամենուրէք խօսիլ գիրքի մասին:Գիրքի յառաջաբանին մէջ Եաիր Աուրոնը նշած է,որ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հետազօտութիւնը աւելի շատ պէտք էր հրեայ,  քան հայ ժողովուրդին, աւելցնելով.  «Ես համոզուած եմ,  որ ժխտելով այլ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնը,  մենք կը պղծենք մեր սեփական հոլոքոստի ժառանգութիւնը: Ահա թէ ինչու  բոլորէն աւելի կը ցանկայի գիրքս թարգմանուած տեսնել հայերէն,  քան որեւէ այլ լեզուով:  Այժմ ատիկա իրականացած յոյս է,  նոյնիսկ`երազանք»:

Scroll Up