«Միացեալ Հայերը Հոլանտայի Մէջ» Եւս Արցախի Կողքին Են

Նիտերլանտներու թագաւորութեան Նայմեխէն քաղաքի «Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ» կազմակերպութիւնը եւս արձագանքած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական կոչին` «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին:

«Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ» միութիւնը եւ Նայմեխէնի մէջ «Վան» մէկօրեայ դպրոցը հիմնադրուած են 15 տարի առաջ: «Վան» դպրոցը այսօր  ունի 20 աշակերտ:

«ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն  ի վեր աշխոյժ կապի մէջ  եղած ենք, մասնակցած նախարարութեան կողմէ իրականացուող տարբեր ծրագիրներու, մրցանակաբաշխութիւններուն յաղթող ճանչցուած, արդէն աւարտած աշակերտներուն ալ պարբերաբար կ’ուղարկենք մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին: Միշտ կը զգանք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սրտցաւ վերաբերմունքը մեր նկատմամբ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին  ըսած է «Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ» միութեան նախագահ եւ «Վան» մէկօրեայ դպրոցի տնօրէն Սուետա Աբրահամեան:

15055664_1259377350801802_6463332216127655122_n

Scroll Up