ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Տեղակալ Սերժիկ Սրապիոնեան Մասնակցած Է «Արփա» Հիմնարկի Տնօրէն Յակոբ Փանոսեանի Եւ ԵՊԲՀ-ի Ուսանողներու Հետ Հանդիպման

Նոյեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի Մ. Հերացու անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ մագիստրոսներու եւ ասպիրանտներու հանդիպումը Լոս Անճելըսի «Արփա» հիմնարկի  տնօրէն Յակոբ Փանոսեանի հետ:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժիկ Սրապիոնեան եւ Բժշկական համալսարանի ուսումնական աշխատանքներու գիծով փոխ տնօրէն Սամուէլ Աւետիսեան:

Յակոբ Փանոսեան ուսանողներուն եւ երիտասարդ հետազօտողներուն ներկայացուց «Արփա» հիմնարկի  «Նորարարութիւն» ամէնամեայ մրցոյթի իրականացման եւ պարգեւատրման կարգը: Մրցանակաբաշխութիւնը,  որուն կը մասնակցին Հայաստանի գիտական հաստատութիւններու երիտասարդ գիտնականներ, ասպիրանտներ եւ  մագիստրոսներ, որ տեղի կ’ունենայ արդէն 6-րդ տարին: Մրցանակաբաշխութեան արդիւնքով գիտական նորոյթ կամ գիւտ  հանդիսացող աշխատանքները կ’արժանանան դրամական պարգեւներու:

Բանախօսի զեկոյցը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց երիտասարդ հետազօտողներու մօտ, որոնց համար այս  մրցոյթին մասնակցիլը գիտահետազօտական գործունէութիւնը խթանող կարեւոր ազդակ կը հանդիսանայ:

Scroll Up