ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հարաւային Քալիֆոռնիոյ համալսարանի փրոֆէսոր Ծերունեանի դասախօսութիւնը

Յունիս 11-ին Հարաւային Քալիֆոռնիոյ համալսարանի (USCU) փրոֆէսոր, կառավարչական հմտութիւններու բաժանմունքի հանրային կառավարման ծրագիրի ղեկավար Ֆրենք (Վռամշապուհ) Ծերունեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին համար հանդէս եկաւ կառավարչական եւ գործնական հմտութիւններու մասին դասախօսութեամբ:

 Ողջունելով հիւրը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց յատկապէս երիտասարդութեան կառավարչական  գիտելիքներ ու կառավարման  հմտութիւններ փոխանցելուն միտուած անոր գործունէութիւնը:

 Պարոն Ծերունեան պատկերաշարով ներկայացուց իր ուսումնասիրութիւնը, անդրադարձաւ USCU համալսարանի Հանրային կառավարման բաժանմունքի` իր ղեկավարութեամբ գործող ծրագիրին, որուն նպատակը ուսանողներուն կառավարչական գիտելիքներ եւ գործնական հմտութիւններ ուսուցանելն է: Ան դասախօսութիւններ  կարդացած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, Հայաստանի պետական կառավարման ակադեմիոյ, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ:

 «Մեր երիտասարդ պետութեան անհրաժեշտ են կառավարչական հմտութիւններ ունեցող երիտասարդ մասնագէտներ, եւ ես նպատակ ունիմ ԱՄՆ վերադառնալէ յետոյ, իմ համախոհ ընկերներու միջոցով  հիմնադրամ մը ստեղծել, որ հնարաւորութիւն կու տայ պարբերաբար Հայաստան ուղարկել այս ոլորտի դասախօս-մասնագէտներու», -նշեց ան:

k2

Scroll Up