Բարեգործական Համերգ Ուելսի ՄԷջ ` Ընտանիք Մը Եւս Սուրիայէն Հայաստան Տեղափոխելու Նպատակով

Նոյեմբեր 6-ին Ուելսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ տեղի ունեցաւ 1964թ. ստեղծուած Քարտիֆի Փոլիֆոնիք երգչախումբի եւ Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ մարմնի 3-ամեայ «Կոմիտաս» երգչախումբի բացառիկ եւ երկար սպասուած համերգը: Կազմակերպիչներն էին «Կոմիտաս» երգչախումբի նախագահ Վարդան Ուզունեան, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սիփան Օլահ, Քարտիֆի Փոլիֆոնիք երգչախումբի պատասխանատուներէն Մայք Փեփերը, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Տէյվիտ Եանկը եւ Ուելսի եկեղեցական ծխական խորհուրդի նախագահ Ճոն Թորոսեանը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Թէքէեան կեդրոն-հիմնադրամէն` համերգէն առաջ «Կոմիտաս» երգչախումբը եւ Լոնտոնէն ժամանած աւելի քան 50 հիւրեր այցելեցին Քարտիֆի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար-յուշակոթող` յարգանքի տուրք մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:
Համերգի գաղափարը ճանաչողական, ուսուցողական, մշակոյթներու եւ լեզուներու փոխանակման նպատակ ունէր. Կը խորհրդանշէր երկու ազգերու` հայերու եւ ուելսցիներու, բարեկամութիւնը: Ձեռնարկը նաեւ կը նպաստէր երգչախմբային երաժշտութեան, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան տարածման: Համերգը աննախադէպ էր, քանզի «Կոմիտաս»-ը առաջին հայկական երգչախումբը դարձաւ, որ ելոյթով հանդէս եկաւ Քարտիֆի մէջ:
Երաժշտական երեկոյին ներկայ էին հոգեւորականներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, երաժիշտներ, նեկայացուցիչներ Լոնտոնի հայկական մշակութային միութիւններէն, Քարտիֆի ջերմ եւ սիրալիր ուելսցի հանդիսատեսը, ինչպէս նաեւ հայեր Պաթէն, Թեթպըրիէն, Փլիմըթէն, Սոզպըրիէն եւ Սուինտընէն:
Համերգային ծրագիրը մանրակրկիտ մշակուած էր խմբավարներ Սիփան Օլահի եւ Տէյվիտ Եանկի կողմէ. նպատակն էր երգերուն եւ անոնց թարգմանութիւններուն միջոցով, որոնք զետեղուած էին ձեռնարկի գրքոյկին մէջ, հանդիսատեսին ներկայացնել երկու ժողովուրդներու պատմութիւնը, մշակոյթը, աւանդոյթներն ու հաւատալիքները:
Համերգի առաջին մասին մէջ «Կոմիտաս» երգչախումբի կատարմամբ եւ խմբավար Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ հնչեցին բացառապէս հայկական երգեր` Ա. Տոլուխանեանի «Երեւանի գիշերները կապուտակ», Ա. Աճեմեանի «Շաղկած բալենի», մենակատար` Հ. Եղիկեան, Կոմիտասի «Իմ չինարի եարը», Ա. Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն «Ամպի տակից» եւ «Համբարձում», Ս. Շաքարեանի «Հայկական ժողովրդական երգեր» պոպուրին: Առաջին մասի վերջին երկու երգերը` Ս. Լուսիկեանի «Նոր Հայաստան» եւ Է. Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ», միացեալ կատարեցին «Կոմիտաս» եւ Փոլիֆոնիկ երգչախումբերը, մեծ անակնկալ մատուցելով ուելսցի եւ հայ հանդիսատեսին: Յատկանշական էր ուելսցիներու կողմէ հայերէն խօսքերու յստակ արտաբերումը եւ միացեալ երգչախումբերու 85 երգիչներու համահունչ կատարումը:
Համերգի երկրորդ մասին մէջ Փոլիֆենիկ երգչախումբի կատարմամբ եւ խմբավար Տեյվիտ Եանկի ղեկավարութեամբ հնչեցին անգլերէն եւ ուելսերեն բարձրաճաշակ երգեր` Ճ. Վեպերի «Լիսա Լան», Գ. Յոյստի «Ես կը սիրեմ իմ սիրեցեալին», Վ. Մաթիասի «Չորս ուելսական ժողովրդական երգեր», Ռ. Վաուկանի «Հոգիները արդարներու» /այս հոգեկերտ երգին հեղինակը ներկայ էր համերգին/: Փոլիֆոնիկ երգչախումբին միացաւ «Կոմիտաս»-ը` ուելսերեն լեզուով կատարելու վերջին երկու երգերը` Փ. Այրեսի «Սուօ Կան» օրօրոցայինը եւ Է. Ճոնսի «Խաղաղութիւն ստեղծողները»: «Կոմիտաս» երգչախումբի երգացանկի առաջին ուելսերէն երգերը բարձր մակարդակով ներկայացուեցան այս համատեղ ելոյթին ընթացքին եւ երկրորդ անգամ անակնկալ մատուցեցին հանդիսատեսին:
Եւ ասիկա դեռ ամէնը չէր: Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի Հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան արժանապատիւ Հայր Թորգոմ Տոնոյեանի հետ կատարեցին յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին Հայր Սուրբի կատարմամբ հնչեց «Ի կոյս գերեզմանէն» միջնադարեան շարականը: Գիրք նուիրաբերուեցաւ Ուելսի Խաղաղութեան տաճարի տնօրէն Ստեֆան Թոմասին` Ուելսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար: Այնուհետեւ օրհնուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սրբապատկեր, որն ալ նուիրաբերուեցաւ հոգեւորական Պատրիկ Թոմասին` ի գնահատանք արժանապատիւ հոգեւորականի` հայ ազգի, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի վերաբերեալ գրուած մեծաքանակ աշխատութիւններուն:
Համերգէն եւ բարեգործական ընթրիքէն հանգանակուած հասոյթը կազմակերպիչ Ճ. Թորոսեանի գլխաւորութեամբ պիտի ուղղուի Սուրիոյ բարեգործական հիմնադրամին` հայ ընտանիք մը եւս Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխելու նպատակով: