Իրանահայ Միութեան Ներկայացուցիչը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Նոյեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան խնամակալ մարմնի անդամ Թոմիկ Ալեքսանեանը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ողջունելով հիւրը, կարեւոր համարեց կազմակերպութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, նշեց վերջին տարիներուն իրականացուցած բարձր գնահատանքի արժանի աշխատանքը:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ այս օրերուն հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներուն` Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, Արցախի, սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն, քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան եւ կազմակերպական հարցերը, նախանշուեցան ընելիքները:
Թոմիկ Ալեքսանեան անդամակցած եւ աշխոյժ գործունէութիւն իրականացուցած է շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու մէջ` «Դաւիդեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան, 2008-2015թթ-ին` Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան անդամ եւ փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան ափի նախագահ:
Եղած է նաեւ հայ-ամերիկեան հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի համահիմնադիր, հայ-ամերիկեան գործարարներու խորհուրդի անդամ է, ինչպէս նաեւ «Հայ զինուոր» բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիրներէն:
Ներկայիս Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան խնամակալ մարմնի անդամ է եւ կը զբաղեցնէ Իրանահայ միութեան գործադիր նախագահի պաշտօնը:
Լոս Անճելըսի «Բարեւ» հեռուստածրագիրին կողմէ իրականացուած հեռուստամարաթօնի ընթացքին հաւաքուած էր 380 հազար ԱՄՆ տոլար: Ապրիլեան պատերազմին զոհուած եւ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն օգնութիւնը տրամադրելու համար Հայաստան ժամանած էր նաեւ Թոմիկ Ալեքսանեանը: Իւրաքանչիւրին համար հաշուեհամար բացուած է, որուն վրայ փոխանցուած է համապատասխան գումարը: Ամէն ազատամարտիկի տրամադրուած է տարեկան 2000 ԱՄՆ տոլար: