“Հայոց պետականութիւնը միասնութեան առանցք” Լրագրողական համահայկական 8-րդ համաժողովի հայտարարութիւնը

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած “Հայոց պետականութիւնը միասնութեան առանցք” խորագրով լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող  մարմնի աջակցութեամբ։

Համաժողովը հանգամանօրէն քննարկեց հետեւեալ խնդիրները

-Համահայկական տեղեկատուական միասնական ցանցի ձեւաւորման կառուցակարգերը եւ լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները` ճգնաժամային պայմաններու մէջ:

-ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ սփիւռքեան կառոյցներու համագործակցութեան ուղիները:

-Սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը ՀՀ պետականաշինութեան գործին մէջ:

-Հեռուստատեսութեան, ձայնասփիւռի եւ ելեկտրոնային մամուլի համագործակցութեան հեռանկարները:

-Հայկական սփիւռքի գործակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին:

-Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան համակարգի հետ առնչուող խնդիրներու լուսաբանումը Զանգուածային լրատուամիջոցներով։

Լրագրողներու համահամաժողովը հաստատեց, որ համաժողովներու հետեւողական քննարկումները, ՀՀ-Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան խնդիրներու շուրջ համահայկական լրատուամիջոցներու համախմբումը յանգեցուցին գործնական արդիւնքներու. Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին դրսեւորելով միասնական հզօր ուժ եւ պատասխանատու վարքագիծ՝ հայկական լրատուամիջոցները, մօտ  10 ժամ կաթուածահար ընելով հակառակորդի լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը, աշխարհին մատուցեցին արցախեան իրադարձութիւններու վերաբերեալ ճշմարիտ տեղեկատւութիւն։

Համաժողովը առաջնային համարեց՝ 

 Աշխատանքները նպատակաուղղել Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու միջազգային վարկի բարձրացման, Հայաստանի եւ հայութեան մասին համաշ­­խար­հա­յին տեղեկատուական տարածքէն ներս դրական կարծիքի  ու կերպարի ձեւաւոր­ման ուղղութեամբ։ Այդ նպատակով համագործակցիլ բազմազգ ընթերցողներ ունեցող երկրներու օտարա­լեզու լրատուամիջոցներու լրագրողներու հետ եւ հնարաւորինս յաճախակի դարձնել անոց այցելութիւնները Հայաստան։

 Հայ լրագրողական մարդուժի ցանցային հնարաւորութիւններու լիարժէք օգտագործման եւ  լրագրողական մասնագիտական ներուժի համախմբուած աշխատաոճի որդեգրման եւ զարգացման, պետական եւ համազգային տեղեկատուական ռեսուրսներու լիարժէք օգտագործման միջոցով արդի տեղեկատուական ահռելի հոսքը նպատակաուղղել  ի նպաստ հայու եւ Հայաստանի:

Հայկական ԶԼՄ-ները իրենց առաքելութեան մէջ յետայսու եւս էական տեղ պէտք է յատկացնեն տարբեր ձեւերով հայոց հարուստ եւ հնամենի պատմութեան ու մշակոյթի պահպանման եւ հանրահռչակման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան, յատկապէս Հայոց լեզուի անաղարտ պահպանման համար նոր միջոցներ որդեգրելուն:

Շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման նպաստող տեղեկատւութեան, Հայ դատի, Ղարաբաղ­եան հիմնահարցի հետ առնչուած զարգացումներու լուսաբանումը, վերլուծել եւ համակարգել լրատ­ուամի­ջոցներու փաստական նիւթերը:

Համաժողովի մասնակիցները որոշեցին

-Համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ “Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար” խորագիրով շարժում՝ ողջ աշխարհի հայութիւնը յանձնառու դարձնելու ԼՂՀ-ին օգնելու, ներդրումները խթանելու, ԼՂՀ-ի ընկերատնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային կեանքը առաւել զարգացնելու առումով ։

-Քարոզել, ներկայացնել եւ հետեւողականօրէն բարձրաձայնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը

-Միջոցներ գտնել օտարալեզու մամուլի ներկայացուցիչները գործուղելու Ղարաբաղ՝  ճշմարտութիւնը աշխարհին ներկայացնելու համար։

-Նպատակաուղղուած աշխատանքներ տանիլ հայաստանակեդրոն Սփիւռքի մասնագիտական կազմակերպման, Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ Հայրենիքի հզօրացման համար, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքի ջանքերը մէկտեղելու համար։

Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակիցներ

2016 Հոկտեմբեր 20-24

Երեւան –Ստեփանակերտ

Scroll Up