Հալէպէն Անդին… Վերջին Կիրակին
«Ծովերէն անդին, յիշէ իմ անգին,
Մեր անբախտ սիրոյ վերջին կիրակին»:
Յարութ Պալեան կ՛ողբայ իր կորսուած սէրը:
Ողջ հայութիւնը կ՛ողբայ սուրիահայ գաղութին կորուստի վտանգը:
Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով հաւաք մը կազմակերպուած է Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ` հայ 3 համայնքներու կղերականներու:
Նախ տեսերիզով մը կը ցուցադրուին աւերակներու կոյտերու վերածուած Հալէպէն սրտաճմլիկ տեսարաններ, ապա` տեսերիզ մը, որ հպարտութիւն կը պատճառէ: Հակառակ այս դժուար օրերուն, անտեսելով ռումբերը, վերաբացուած են դպրոցները. փոխադրուած` յարաբերաբար «աւելի ապահով» վայրեր: Նոյն յարկին տակ միասնաբար կը գործեն քանի մը դպրոցներ: Հայ աշակերտներ կը տօնեն Թարգմանչացը` երգ, նուագ, ու պար, մինչ այդ, քանի մը թաղ անդին, ռումբերը կը գոռան եւ … կեանքը կը շարունակուի Հալէպի մէջ, հայկական ոգիով եւ կարեւորագոյնը լաւ օրերու վերսկսման յոյսով:
Այդ աւերակներու մէջ իր ժողովուրդին հետ է Շահան արք. Սարգիսեան: Կը զբաղի ոչ միայն եկեղեցական հարցերով, այլ իբրեւ հովուապետ Բերիոյ շրջանին` ժողովուրդին մէջ է, կ՛այցելէ վնասուած վայրերը, ակումբները, դպրոցներն ու եկեղեցիները: Իր խրախուսական խօսքերով կորովը կը բարձրացնէ հալէպահայութեան, իսկ այսօր, Հալէպէն մեկնելու դժուար պայմանները անտեսելով, հասած է Լոս Անճելըս` իր երախտագիտական զգացումները արտայայտելու ամերիկահայ գաղութին, որ թիկունք կը կանգնի իր տանջուող քոյրերուն ու եղբայրներուն, նաեւ խրախուսելու գաղութի հայութիւնը` գէթ նիւթապէս օգտակար հանդիսանալու սփիւռքի առաջին գաղութին` հալէպահայութեան: «Մեր նպատակը նոր դպրոցներ ու եկեղեցիներ կառուցել չէ. տակաւին կանուխ է. մեր նպատակն է ոտքի պահել հայ դպրոցը: Ամէն հայ մանուկ կամ պատանի, առանց հարցուփորձի, անվճար կ՛ընդունուի հայ դպրոց. ուսուցիչները պէտք է հատուցուին, ունին իրենց նիւթական դժուարութիւնները»:
Նախապէս չէի հանդիպած սրբազան հօր: Մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ վրաս իր արտայայտուելու ոճը: Ոչ մէկ ճարտասանական աւելորդաբանութիւն: Պարզ խօսակից մըն է, որ կը ներկայացնէ Սուրիոյ գաղութը այնպէս, ինչպէս որ է: Չի զլանար ներկաներուն փոխանցելու գաղութին կորսուելու վտանգը, սակայն միեւնոյն ժամանակ` ոչ մէկ յուսահատական խօսք: Հայը յաճախ ունեցած է դժուար օրեր, սակայն միշտ ալ կրցած է ոտքի կանգնիլ: «Այսօր պատճառ մը չեմ տեսներ, որ հալէպահայը մէկ կողմ նետէ իր վճռակամութեան ոգին»:
Դիւրին բան չէ առաջնորդել գաղութ մը, որ տարիներէ ի վեր պատերազմի դաժան պայմաններուն տակ կը մարտնչի: Բնակարաններ փուլ եկած են, ունեցած ենք մարդկային կորուստ, անհաշիւ նիւթական վնաս, քայքայուած է հայերու հոգեվիճակը, կորովը: Մեծ թիւով հայեր բռնած են գաղթի ճամբան, շատեր` ժամանակաւոր կերպով Լիբանան հաստատուած, յուսալով մօտիկ ապագային վերադառնալ իրենց տուները, ուրիշներ վերջնականապէս գաղթած` արեւմտեան երկիրներ: Մաս մըն ալ` Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ: Անորոշ է իրենց վիճակը: Մնա՞ն, թէ՞ վերադառնան: Քիչ է թիւը անոնց, որոնք վճռած են մնալ, չգաղթել ու տէր կանգնիլ մեր աննման գաղութին: Շատ բան կը պարտին սրբազան հօր: Իր հօտին հետ է ամէն վայրկեան, կ՛այցելէ դպրոցներն ու ակումբները եւ իր խրախուսիչ խօսքերով կորովը կը բարձրացնէ յուսահատ ժողովուրդին, իսկ այժմ կ՛այցելէ Ամերիկայի արեւմտեան եւ արեւելեան ափերը, ապա կ՛անցնի Քանատա` դրամահաւաքի, թեթեւցնելու համար սուրիահայ գաղութին դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւնները:
Սրբազանին ճամբորդութիւնը դիւրին չէ: Հաճելի արձակուրդի մը համար չէ, որ եկած է այս հեռաւոր ափերը: Ժողովներ, հաւաքներ, անքուն գիշերներ եւ այս բոլորը` ի սէր հալէպահայ գաղութի փրկութեան, անոր գոյապայքարի շարունակութիւնը երաշխաւորելու:
Շահան սրբազան` որպէս շրջանի առաջնորդ, իր ժողովուրդին նման, կ՛ապրի վատ պայմաններու մէջ: Ելեկտրականութեան անվերջանալի ու երկարատեւ ընդհատումներ, ջուրի պակաս, ցուրտ օդին վառելանիւթի չգոյութիւն: «Լոս Անճելըսի մէջ մենք կ՛ապրինք լաւ պայմաններու մէջ, չունինք նման մտահոգութիւններ, ինչ որ ունի Շահան սրբազանը». այս նոյն խօսքը կը լսենք շատ մը կղերականներու բերնէն: Բացարձա՛կ իրականութիւն:
***
Տեսերիզի ցուցադրութիւնը կը շարունակուի: Երեւակայութեամբս կ՛երթամ դէպի անցեալ, եւ ինքնաբերաբար փուլ եկած շէնքերը կը վերականգնին, ու աչքիս առջեւ կը պարզուի նախկին Հալէպը:
Վերադարձած եմ մանկութեանս, պատանեկութեանս ու երիտասարդութեան տարիներուն:
Գրեթէ ամէն տարի, Զատկուան շրջանին, կ՛այցելէինք Հալէպ, ուր տեղի կ՛ունենային Նաւասարդեան խաղերը: Միջին Արեւելքի տարբեր քաղաքներէն ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ, գայլիկներ, արենուշներ ու մարզիկներ կը խուժէին հայահոծ այդ քաղաքը: Հալէպահայը հիւրասէր եղած է միշտ: Ամէն ընտանիք այդ շաբթուան ընթացքին քանի մը հիւր կը պահէր իր տան մէջ: Գայլիկ մը, մարզիկ մը կամ ալ` պարզ այցելու մը: Ոչ ոք պանդոկ կ՛իջեւանէր: Հալէպահայուն համար մեծ ամօթ էր արտօնել, որ այցելու մը պանդոկ իջեւանի: Հալէպահայուն դուռը միշտ բաց եղած է:
Դարձեալ Զատիկ է: «Օթոմոթրիս»-ով գացած ենք Հալէպ: Կը տեսնեմ Նոր Գիւղի փոշոտ ճամբաները, կողք կողքի քարաշէն երկյարկանի տուները` իրենց բակով ու մառանով: Հասած ենք մեր ազգականին տունը. հարազատ մօրաքոյրս չէ, սակայն մեզի համար «մօրաքոյր» է:
Հալէպի մէջ «հիւր» բառը միայն բառարաններու մէջ կարելի էր գտնել: Ամէն այցելու «տանտէր» էր, հարազատ մը: Ծանօթ էինք ամբողջ թաղեցիներուն: Ամէն անգամ որ Հալէպ այցելէինք, թաղեցիներէն գրեթէ բոլորը «աչքի լոյսի» կու գային տնեցիներուն: Տուներնին հիւր ունէին, կարելի՞ էր «աչքերնիդ լոյս» չըսել: Հիւր ունենալը պատիւ էր հալէպահայուն համար:
Աւագ ուրբաթ: Կ՛այցելէինք 7 տարբեր եկեղեցիներ: Տակաւին երեխայ էինք, նոյնիսկ չէինք գիտեր իմաստը 7 եկեղեցիներ այցելելու: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մուտքին` հապճեպով «Հայր Մեր» մը, ու կը վազէինք յաջորդ եկեղեցին: Տարիներ անցած են այդ թուականէն, եւ չեմ ալ յիշեր, եթէ Հալէպի մէջ գոյութիւն ունէի՞ն 7 հայկական եկեղեցիներ: Այնքան ալ կարեւոր չէ: Կրնանք ասորիներու կամ յունական եկեղեցի մը այցելել. բոլորն ալ նոյն Աստուծոյ կ՛աղօթեն, բոլորն ալ Յիսուսի չարչարանքը, թաղումն ու ապա յարութիւնը կը նշեն: Աւագ ուրբաթ: Սուրիա, իսլամական քաղաք է, սակայն այդ օր քաղաքի բոլոր գիշերային վայրերը, շարժապատկերի սրահները փակ կ՛ըլլային: Զատկուան շաբաթը պայման էր Յիսուսի կեանքը ներկայացնող ժապաւէնը դիտել: Անգիր սորված էինք Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւնն ու յարութիւն առնելը, սակայն կարծես անգիր օրէնք դարձած էր ամէն տարի կրկին դիտել բազմիցս տեսած այդ ժապաւէնը: Ուրբաթ կէսօրին բոլոր գործատեղերը կը փակէին, միայն փուռերն էին, որ մեղուի փեթակի տպաւորութիւն կը ձգէին: Տանտիկինները, հսկայ ափսէներու մէջ լեցուցած, խմորը կը տանէին փուռ` վայելելու համար «Զատկուայ քեխքէ»-ները:
Կիրակիի «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»-էն ետք կը սկսէին հաւկթախաղերը: Ամէն կողմ երեխայ, երիտասարդ թէ տարեց, դէմը մէկը առած` հաւկիթ կոտրելու ջանք մը ունէր, կարծես հաւկիթներու ճակատամարտ մը ըլլար:
Երկուշաբթի, մեռելոց:
Գործատեղերը դարձեալ փակ էին: Ամէն մարդ իր տօնական զգեստները հագած, նախ կ՛այցելէր գերեզմանատուն` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեզմէ յաւերժ բաժնուած հարազատներուն, ապա անպայման պիտի այցելէին իրենց ԲՈԼՈՐ ազգականներուն, հայրենակիցներուն ու բարեկամներուն տուները` Զատիկ շնորհաւորելու:
Յաջորդ կիրակի` Նաւասարդեան տողանցք:
Հազարաւոր մարդիկ, մեծով պզտիկով դաշտն էին: Առջեւէն կը տողանցէր Հալէպի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որուն կը հետեւէին մարզիկները, արենուշներն ու գայլիկները: Իսկական Նաւասարդեան տօն էր այդ օր:
Յաջորդող օրերուն ամէն այցելու կը վերադառնար Լիբանան` դարձեալ Հալէպ այցելելու որոշումով:
* * *
60- ականներու սկիզբը սուրիահայերը դժուար օրեր ապրեցան քաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով, եւ մեծ թիւով սուրիահայեր հաստատուեցան Լիբանան: Լիբանանահայ գաղութը աւելի բարգաւաճեցաւ, հայութեան թիւը բազմապատկուեցաւ: Ուսուցիչներու, կուսակցական գործիչներու ու մտաւորականներու բանակ մը ողողեց Լիբանանը, սակայն չտկարացաւ հալէպահայ գաղութը: Լիբանան հաստատուած հալէպահայերէն միշտ նոյն խօսքը կը լսէինք, «Ա՜խ, մեր Հալէպը տարբեր է», սակայն ոչ ոք մտածեց վերադառնալ իր ծննդավայրը:
Տարիներ ու տասնամեակներ իրարու կը յաջորդեն: Հալէպի մէջ Նաւասարդեան շաբաթը լոկ յիշատակ մնացած է: Մեր ազգականին այլեւս չենք այցելեր:
Մանկութեան ու պատանեկութեանս տարիներուն կը յաջորդէ երիտասարդութեան տարիներս: Յաճախ կ՛այցելեմ Հալէպ, սակայն` ո՛չ ընտանիքովս: Նուագախումբի ընկերներուս հետ կ՛այցելենք յայտնի երաժիշտ Վաչէ Երամեանին, որպէսզի մեր ձայնագրելիք երգերուն երաժշտական դաշնաւորումները կատարէ: Տակաւին աչքիս առջեւ է Վաչէ Երամեանին բնակարանը. հրշէջներուն ճիշդ դէմի շէնքը: Այդ ժամանակ հրշէջները «ճանճ կը քշէին»: Հրդեհ գրեթէ չկար, իսկ այսօր վստահաբար այդ նոյն հրշէջները բազմազբաղ են գիշեր ցերեկ, շաբաթը 7 օր, տարին 365 օր: Մեր սիրելի բարեկամը` Վաչէ Երամեան, մեզի ծանօթացուցած էր հալէպահայ կարգ մը երաժիշտներու, որոնք բոլորն ալ անխտիր իր աշակետները եղած են: Մեզ կը հրաւիրեն իրենց աշխատած գիշերային վայրերէն մէկը: Գիշերային վայրեր ամէն տեղ կարելի է գտնել, սակայն Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ճաշարան-պարտէզը իւրայատուկ է. կը նախընտրենք հոն անցընել մեր ժամանակը` հայերով շրջապատուած:
Հազիւ ՀՄԸՄ-ի ճաշարան պարտէզէն ներս մտած` տասնեակ մը տղաք կը շրջապատեն Պէյրութէն ժամանած իրենց բարեկամները:
Պէյրութի մէջ եթէ կուսակցական ընկեր ես, անունիդ առջեւ «ընկեր» մակդիրով կը դիմեն քեզի, եթէ ՀՄԸՄ-ական ես «եղբայր» մակդիրով, սակայն Հալէպի մէջ ոեւէ մէկուն հետ խօսած ժամանակ անպայման «ախպար» մակդիրը կը զետեղեն անունին առաջ:
Գործով Հալէպ գտնուած միջոցիս առիթ կը ստեղծեմ Նոր Գիւղի ազգականիս տունը այցելելու: Պանդոկին առջեւ թաքսիի հայ վարորդէն կը խնդրեմ, որ զիս Նոր Գիւղ հասցնէ: Կը փափաքիմ, որ երաժիշտ ընկերներս հետս գան: Ինքնաշարժին վարորդը կը յայտնէ, թէ ինքն ալ Նոր Գիւղի բնակիչ է: Ազգականներուս մականունը կու տամ ու կը հարցնեմ, թէ ծանօ՞թ են իրեն: «Ամօ՛թ ըրիր. Նոր Գիւղի բոլոր հայերս իրարու ծանօթ ենք»:
Կը հասնինք ազգականիս տունը եւ «անկոչ հիւրերու» նման` ներս կը մտնենք: Ուրախ են մեր այցելութեան համար, սակայն այս անգամ դրացիներու «աչքերնիդ լոյս»-ի փոխարէն` ծուռ նայուածքներուն միայն կը հանդիպինք: Երաժիշտ ենք, եւ այդ տարիներուն, կարծես անգիր օրէնք դարձած էր, որ երաժիշտները «Պիթըլզ»-ի նման երկար մազեր ունենան. շատեր` նաեւ մօրուք: Այդ մէկը անհանդուրժելի է Նոր Գիւղի հայերուն համար: Իր տան դրան առջեւ նստած տարեց անձ մը նոյնիսկ չի վարանիր պախարակելու մեզ: «Ա՛մօթ ձեզի, ասիկա հայ երիտասարդի կը վայելէ՞»: Նոյնիսկ «մօրաքրոջս» նայուածքը տարբեր է: Հին օրերու ժպիտը չքացած է երեսէն. զարմանք կայ աչքերուն մէջ: Զիս տեսած էր մանկութեանս տարիներուն, իսկ հիմա…
Գաւաթ մը սուրճ առնելէ ետք կը մեկնինք իրենց տունէն` յաջորդ Հալէպ այցելութեան դարձեալ չայցելելու որոշումով:
Տարիները իրարու կը յաջորդեն: Քանի մը տարին անգամ մը երաժշտական գործով կ՛այցելեմ Հալէպ: Մեր երէց բարեկամը` Վաչէ Երամեան հեռացած է այս աշխարհէն: Կը յիշեմ իր տան դէմ գտնուող հրշէջները, եւ մէկ քայլ անդին նշանաւոր «Ֆուլճին», ուր ոչ այնքան մաքուր պնակներու մէջ ախորժակով կը վայելէինք իր պատրաստած ֆուլը:
Այդ բոլորը 20-րդ դարու կէսերուն էր: 21-րդ դարու առաջին տասնամեակին «Երազային Հալէպ»-ը վերածուեցաւ «Մղձաւանջային Հալէպ»-ի:
Չգիտակցեցանք աղէտին ուժգնութիւնը: Միամտօրէն հաւատացած էինք, որ քանի մը ամիսէն Հալէպ կը վերագտնէ իր բնականոն վիճակը:
Սխալած էինք:
***
Հալէպ կատարած «շրջապտոյտէս» կը վերադառնամ իրականութեան:
Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եմ դարձեալ: Տասնեակ մը կղերականներ եկեղեցւոյ խորանին առջեւ «Տէ՛ր, ողորմեա՛» կ՛երգեն սուրիահայ զոհերու հոգւոյն: Առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցւոյ ամբողջ ժողովուրդը կը մասնակցի, եւ միասնաբար բոլորս կ՛երգենք «Տէր Ողորմեա»:
«Տէ՛ր, ողորմեա՛»:
Տէրը ե՞րբ պիտի ողորմի անմեղներու չարչարանքին:
«Տէ՛ր, ողորմեա՛»:
Յաճախ լսած եմ այս շարականը, սակայն այս անգամ, բոլորին սրտէն բխող «Տէ՛ր, ողորմեա՛»: մըն է: Այնքա՛ն յուզիչ:
Սի՛րտ ունեցիր ու մի՛ յուզուիր:
Մա՛րդ եղիր ու դիմացիր:
«Տէ՛ր, ողորմեա՛» երգողներէն շատերուն աչքերէն արցունք կը հոսի: Ո՞վ գիտէ, Հալէպը ձգելնուն «Վերջին կիրակին» եղած է, կամ … երկուշաբթին, հինգշաբթին: Ի՞նչ կարեւոր է, կիրակի՞, երկուշաբթի՞, թէ՞ հինգշաբթի:
Լիբանան ձգած օրս չեմ յիշեր թէ շաբթուան ո՞ր օրն էր, սակայն այդ օրը ինծի համար դարձած է «վերջին կիրակին»:
Մեծ թիւով հալէպահայեր, արդէն հաստատուած են «Ծովերէն անդին» ու կը յիշեն իրենց «Երազային Հալէպը»:
Հալէպէն անդին… ծովերէն անդին:
Մեր բարգաւաճ օրերու… վերջին կիրակին:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս