ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Չեխիոյ «Ուրարտու» Հայ-Չեխական Ընկերութեան Նախագահ Ալեքսանտր Սարգսեանը

Հոկտեմբեր 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Չեխիոյ «Ուրարտու» հայ-չեխական ընկերութեան նախագահ Ալեքսանտր Սարգսեանը:
Ողջունելով հիւրը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց Ա.Սարգսեանի կողմէ Չեխիոյ հայ համայնքին մէջ իրականացուող հայապահպան գործունէութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Ալեքսանտր Սարգսեան ներկայացուց Չեխիոյ մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց առաւել համակողմանի եւ լայն գործակցութեան:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները: Քննարկուեցան յատկապէս «Արի տուն» ծրագիրին, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին Չեխիոյ հայ համայնքի մասնակցութեան աշխուժացման վերաբերող հարցեր:
Երկուստեք կարեւոր համարուեցան Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զարգացման միտուած նախաձեռնութիւններու իրագործումը Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: