Արցախի ՄԷջ Կը Շարունակուին Ընթանալ Լրագրողներու 8-րդ Համահայկական Համաժողովի Աշխատանքները

Հոկտեմբեր 23-ին Ստեփանակերտի Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ իրականացուած են լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի հինգերորդ եւ վեցերորդ նիստերը:

«Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով համաժողովի աշխատանքները Արցախի մէջ շարունակուած են «Հայկական սփիւռքի զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին» եւ «Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան համակարգին հետ կապուած խնդիրներու լուսաբանումը ԶԼՄ-ի մէջ» թեմատիկ ուղղութիւններով:

Ներկայացուած զեկոյցներէն ետք ծաւալած են քննարկումներ. ատոնք ուղղուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ առկայ խնդիրներուն, լրատուամիջոցներուն միջեւ համագործակցութեան միջոցով լուծման խթանելուն:

Նիստերուն ընթացքին ցուցադրուած է հեռուստալրագրող Նայիրի Հոխիկեանի «Արեւը ցեխով չես ծածկի» փաստավաւերագրական ֆիլմը, ուր կը պատմէ 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ոճրագործութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ազգային ինքնութիւնը պահպանած աւելի քան 4.5 մլն հայերու մասին:

54068 (1) 54068

14797536_1752442821685584_193350395_n 14798852_1752442811685585_321251788_n

Scroll Up