«Յոյս Ունինք, Որ Կը Յաջողինք Հայաստանի ՄԷջ». Լիբանանահայ Գործարարներ

Հոկտեմբեր 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց լիբանանահայ գործարարներ Շառլ Հուրին եւ Գրիգոր Արմելեանը:

Ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարարը հետաքրքրուեցաւ գործարարներու յառաջիկայ ծրագիրներով եւ ուղղորդեց զանոնք դէպի Հայաստանի զարգացման հիմնադրամ, ուր անոնց կ’օգնեն Հայաստանի մէջ կազմակերպութիւն հիմնելու եւ ծանօթանալու մեր երկրի հարկային ու մաքսային քաղաքականութեան: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհակալ եմ ձեր այցի, գաղափարի եւ գործարար նպատակների համար: Ամենակարեւոր գործերից մէկը ձեր` ՀՀ քաղաքացու անձնագիր ունենալն է: Շնորհաւորում եմ: Կարեւորում եմ նաեւ Հայաստանում բիզնես սկսելու ձեր որոշումը»:

Լիբանանահայ գործարարները շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ ուղղորդելու համար, յոյս յայտնեցին, որ «Կը յաջողին Հայաստանի մէջ»:

 

Scroll Up