Ի Վերջոյ Մնա՞լ… Թէ Հեռանալ Հալէպէն
Վերջին օրերուն Հալէպի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու լոյսին տակ հայաստանեան լրատուամիջոցները խուճապ յառաջացուցին հասարակութեան մէջ, եւ կը թուի թէ տարբեր դիրքորոշումներ կան`մէկը կ’ըսէ թէ Հալէպի հայութիւնը կ’ուզէ հեռանալ երկրէն եւ հնարաւորոութիւն չունի, միւսը՝ թէ ո՛չ, համայնքը պիտի պահպանուի եւ քաղաքէն հեռացող չկայ։
Հարցը պէտք է դիտարկել հետեւեալ տեսանկիւնէն. Համայնքի ղեկավարութիւնը որուն հետ համաձայն է Հալէպի մէջ մնացած հայութեան մեծ մասը իր կեանքի գնով կը պաշտպանէ համայնքի ունեցուածքը եւ կը հոգայ տեղի հայութեան կարիքները, նոյնն է պարագան նաեւ Սուրիոյ միւս քաղաքներու մէջ ապրող հայութեան։
Ինչո՞ւ կ’ուզեն համայնքը պահել, որովհետեւ.
Առաջին,- Այնտեղ մեծ դերակատարութիւն ունի հարիւր տարուան երախտագիտութեան զգացումը, երբ Ցեղասպանութեան ժամանակ արաբները իրենց սեփական ընտանիքի կեանքը վտանգի ենթարկելով ապաստան տուին հայերուն, իսկ հայերու երախտագիտութեան մասին արաբական թերթերուն մէջ առ այսօր բազում յօդուածներ կը գրուին։ Հայէպի եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան մասին ձեւաւորուած այս երկար տարիներու դրական կարծիքը հնարաւոր չէ մէկ օրուան մէջ փոշիացնել։
Երկրորդ,- Այնտեղ կերտուած է կէսդարեան պատմութիւն, կան պատմական կառոյցներ, շինութիւններ, եւ երբ համայնքը պաշտօնապէս հեռանայ քաղաքէն, այլեւս որեւէ բանի տէրը չէ եւ կը սկսի բացասական վերաբերում ցուցաբերուիլ նաեւ Սուրիոյ միւս քաղաքներուն մէջ ապրող հայութեան նկատմամբ, մինչեւ իրենք ալ կամայ թէ ակամայ հեռանան երկրէն եւ հայերու գոյութիւնը Սուրիոյ մէջ վերածուի յիշատակի։
Երրորդ,- այնտեղ մարդիկ ունին իրենց ունեցուածքները, զորս ձեռք բերած են երկար տարիներու ընթացքին, անոնք կապուածութիւն ունին երկրի հետ, եւ թող զարմանալի չթուայ այնտեղ են նաեւ իրենց հարազատներու գերեզմանները, որոնք սրբութիւն են իրենց համար եւ կեանքի գնով անգամ չեն հեռանար։
Այլ խօսք է թէ այս հիմնաւորումները արդարացուա՞ծ են կամ ոչ, այլ խօսք է, որ մենք այս բոլորը պահելու համար շատ թանկ կը վճարենք…
Լաւ պատկերացնելու համար օրինակելի սուրիահայու նկարագիրը յայտնենք, որ քիչ չէ այն մարդոց թիւը, որոնք մինչեւ պատերազմը որոշած էին Հայաստան տեղափոխուիլ, որովհետեւ համոզուած էին, որ ճիշտը Հայրենիքի մէջ ապրիլն է, բայց երբ անոնց այդ որոշման իրականացման նախորդեց սուրիական պատերազմը, անոնք որոշեցին մնալ եւ համայնքը անօգնական չձգել։ Այն հալէպահայերը, որոնք կառչած են Հալէպին եւ իրենց ունեցուածքին, նոյնիսկ Գամիշլի կամ Լաթաքիա չեն ուզեր տեղափոխուիլ։
Այո կան Հալէպահայեր, եւ ընդհանրապէս շատ սփիւռքահայեր, (անկախ անկէ, որ իրենց երկրի մէջ պատերազմ է կամ ոչ), որոնք մեծ ցանկութիւն ունին Հայաստան տեղափոխուելու, բայց հնարաւորութիւն չունին։ Պէտք է այստեղ ուշադրութիւն դարձնել, թէ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ըսելով ի՛նչ կը հասկնանք, խօսքը միայն Հայաստան հասնելու ճանապարհածախսի մասին չէ եւ ոչ ալ Հայաստանի շրջաններու մէջ տրամադրուած կացարաններու, այլ Երեւանի մէջ տուն ունենալու եւ բարեկեցիկ կեանք ապահովելու գործի մասին է։ Արդար ըլլալու համար հարցը դիտարկեցէք տարբեր դիտանկիւններէն. եղան սուրիահայեր, որ Երեւանի Ամիրեան փողոցի մէջ (ամենայայտնի փողոցներէն մէկը, հրապարակին կից) ապրեցան եւ դժգոհեցան, որ պետութիւնը իրենց տան վարձը միայն վեց ամիս հոգաց, եղան նաեւ սուրիահայեր, որոնց անվճար տուն առաջարկուեցաւ, սակայն ի պատիւ իրենց, անոնք հրաժարեցան ըսելով, ո՛չ, մենք վարձելու կարողութիւն ունինք, անվճար տունը տուէք աւելի կարիքաւոր ընտաենիքի մը։ Այսօր Իրաքահայ եւ Սուրիահայ ընտանիքները առանց դժգոհելու կ’ապրին Դարբնիկի մէջ իրենց տրամադրուած կացարաններու մէջ, բայց եղան նաեւ ռումբերու տակէն մազապուրծ Հայաստան հասած սուրիահայեր, որոնք մերժեցին այնտեղ ապրիլ։
Այս օրհասական պահերուն ամենահեշտը մեղադրելն է. կազմակերպութիւններէն եւ լրատուամիջոցներէն կը խնդրենք, որ անհիմն յայտարարութիւններ չընեն։ Գոնէ դո՛ւք հանգիստ ձգեցէք սուրիահայերը եւ անոնց կարքավիճակը մի շահագործէք՝ ձեր ետին նպատակները իրականացնելու համար։ Այսօր առաւել քան երբեւէ պէտք է հնչեն միասնութեան կոչեր, աջակցութեան ծրագրեր։ Ոչ Հալէպի մէջ մնացողը մեղադրեցէք, ոչ ալ Հայրենիքէն հեռացողը, ոչ Հայաստանի պետութիւնն է իր սահմանափակ կարողութիւններով մեղաւոր, ոչ ալ Սփիւռքի համայնքները իրենց ձիրուցան վիճակով։Օգնելու հնարաւորութիւն ունի՞ք, օգնեցէք, խնդիրները լուծելու ծրագիր ունի՞ք, առաջարկեցէք, եկէք ժամանակը ոչ թէ մեղաւորներ փնտռելու վրայ վատնենք, այլ խնդիրները լուծելու։ Իւրաքանչիւր սուրիահայ ինքն է իր ճակատագրին տէրը, կը մնա՞յ, թէ կը հեռանայ երկրէն, կ’ընդունի՞ Հայաստանի սահմանափակ աջակցութիւնները, բայց ամենայնդէպս աջակցութիւն, որ միայն սուրիահայերուն շնորհուած է, թէ կը մերժէ։ Եւրոպա՞ կ’երթայ, Գանատայ, Ամերիկա թէ այլուր իր խնդիրն է։ Միւս կողմէն իւրաքանչիւր հայու, կազմակերպութեան, համայնքի, Հայաստանի պետութեան խնդիրն է ՀՆԱՐԱՒՈՐ բոլոր միջոցները ի գործ դնել սուրիահայերու խնդիրները լուծելու համար։
ԵՌԱԳՈՅՆ