«ՉԷ Եղած Դէպք, Երբ Որեւէ Ընտանիք Ցանկութիւն Յայտնած Է Հայաստան Մեկնելու, Եւ Մենք Մերժած Ենք». Յարութիւն Սէլիմեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/Հարություն-Սելիմյան.jpg1_.jpg)
Վերջին օրերուն Հալէպի մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն շուրջ է «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ, վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի հետ:
– Վերապատուելի՛, ինչպէ՞ս է իրավիճակը այսօր Հալէպի մէջ:
– Հալէպի այսօրուան իրավիճակը քիչ մը աւելի թոյլ է ապահովական եւ ռազմական յարձակումներուն պատճառով: Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին շատ բուռն հրթիռակոծութիւններու ենթարկուեցան հայկական եւ քրիստոնէական շրջանները: Դժբախտաբար, մենք ունեցանք շուրջ 8 զոհ եւ 20-է աւելի վիրաւորներ, որոնց քանի մը հոգիի վիճակը ծանր է:
Դժբախտաբար, ռուսական եւ ամերիկեան կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած անհամաձայնութիւնը իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ: Թէեւ չենք կրնար ըսել, թէ իրականութեան մէջ, որոնք մեզի անյայտ են, ինչ տեղի ունեցած է, բայց այդ ամէնէն տուժեց Հալէպի բնակչութիւնը առանց խտրականութեան: Քրիստոնեայ, իսլամ, արաբ, հայ, բոլորը ճգնաժամի մէջ են եւ ահազանգ կը հնչեցնեն արար աշխարհին, յատկապէս հզօր պետութիւններուն եւ մարդասիրական, միջազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի այն յանձնաժողովներուն, որոնք մարդու իրաւունքներու հարցերով կը զբաղուին: Այս քանի մը ամիսներուն արիւնալի իրականութիւն մը կ’ապրի Հալէպի ժողովուրդը, իսկ անոնք որեւէ անդրադարձ չեն կատարեր, որեւէ յայտարարութեամբ հանդէս չեն գար:
Ինչ կը վերաբերի հայկական համայնքին, ապա այսօր քիչ մը յուսալքուած իրականութեան առջեւ է, որ բնական է, որովհետեւ տուինք բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ, ամբողջութեամբ փուլ եկան տուներ, շէնքեր, խանութներ ու գործատեղիներ: Այս փլուզումները նաեւ հոգեկան ազդեցութիւն ունեցան մեր ժողովուրդին վրայ: Բայց անկախ այս իրականութենէն, այսօր Հալէպի մէջ կը գտնուին քաղաքին ու համայնքին կառչած մնալու կամեցողութիւն ունեցող, կորիզային արժէք ներկայացնող երիտասարդներ, ընտանիքներ: Եւ մեր առաքելութիւնը անոնց նեցուկ ըլլալու, մեր ժողովուրդին կենցաղային կարիքները հոգալու մէջ է նաեւ:
– Վերապատուելի՛, այսօր շրջանառուող թեմաներէն է, որ շատերը կը ցանկան հեռանալ Հալէպէն, սակայն հնարաւորութիւն չունին: Ինչպէ՞ս է իրավիճակը իրականութեան մէջ:
– Իրականութիւնը այն է, որ անցնող տարիներուն ընթացքին միշտ եղած են մարդիկ, որոնք ցանկացած են Հալէպէն հեռանալ: Եւ եղած ու կան կազմակերպութիւններ, որոնք նեցուկ եղած են, օժանդակած, որպէսզի անոնք կարենան մեկնիլ եւ հեռանալ այս արիւնահեղեղ իրականութենէն կամ ժամանակաւոր, կամ մնայուն: Հայ աւետարանական եկեղեցին միայն պայման մը դրած է հեռացողին առջեւ` պատրաստ է օժանդակելու բոլոր անոնց, որոնք կը ցանկան հայրենիք մեկնիլ: Այսինքն, հայրենադարձութեան ուղիով միայն պէտք է օժանդակենք: Մենք համաձայն չենք, որ մեր ժողովուրդը փախստականի կարգավիճակով Հալէպէն երթայ եւրոպական երկիրներ, Ամերիկա եւ յանձնուի իրենց պարտադրուած իրականութեան: Մենք կ’օգնենք եւ կ’օժանդակենք անոնց, որոնք կը ցանկան Հայաստան հեռանալ եւ անոնց, որոնք կը ցանկան մնալ: Վերջիններուս օժանդակելու պարտականութիւնը եւ առաքելութիւնը նոյնպէս մերը կը համարենք:
Երբեք չէ եղած դէպք, երբ որեւէ ընտանիք ցանկութիւն յայտնած է Հայաստան մեկնելու, եւ մենք մերժած ենք: Վերջերս հանդիպեցայ քանի մը ընտանիքներու, որոնք կը ցանկային հեռանալ Հալէպէն: Երբ ես անոնց առաջարկեցի Հայաստան երթալ, անոնք պատասխանեցին. «մենք հիմա կը ցանկանք ժամանակաւոր Հայաստան երթալ` պտոյտի, տեսնենք, թէ ինչ վիճակ է, յետոյ ետ կը վերադառնանք»: Այսպէս մտածողներ ալ կան:
Իւրաքանչիւր արտայայտուող լրջօրէն ցանկութիւն չունի հեռանալու այստեղէն եւ հաստատուելու Հայաստանի մէջ: Կան մարդիկ, որոնք կը փափաքին Հայաստան երթալ, բայց բոլոր ցանկութիւն յայտնողները չէ, որ Հայաստան հաստատուելու ցանկութիւն ունին:
– Վերապատուելի, երէկ` Հոկտեմբեր 7-ին, Հալէպ հասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ առաքուած մարդասիրական օգնութիւնը: Դուք եւս ներկայ էիք, երբ օժանդակութիւնը հասաւ Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Ին՞չ կրնաք ըսել այս առիթով:
– Բոլորս տեղեակ ենք, որ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ` Սուրիա առաքուած է 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն` սննդամթերք, անձնական առողջապահական պարագաներ, ձմեռնային հագուստ, ծածկոցներ եւ այլն: Հոկտեմբեր 7-ին Հալէպի երեք կազմակերպութիւնները միասնաբար ընդունեցին այդ օժանդակութիւնը: Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգման մարմնին յանձնարարուեցաւ օգնութիւնը բաշխել, որպէսզի այս նեղ օրերուն մեր ժողովուրդը ստանայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ առաքուած օժանդակութիւնները: Այն միայն հայ ժողովուրդին համար չէ, այլ` Սուրիոյ ժողովուրդին համար: 10 թոն նախատեսուած է Դամասկոսի եւ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ ապրող ժողովուրդին համար, 30 թոն` Հալէպի:
– Զրոյցի աւարտին, ի՞նչ կը ցանկաք աւելցնել:
– Այս դժուար օրերուն Հալէպ բնակող հալէպահայութիւնը իր աչքերը կ’ուղղէ դէպի աշխարհի այն կողմերը, ուր իրենց եղբայրներն ու քոյրերն են, որպէսզի օժանդակութեան ձեռք մեկնեն իրենց:
Մենք պիտի շարունակենք մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ձեռք մեկնել մեր ժողովուրդին, զանոնք օժանդակելը մեր պարտականութիւնն է: Կրկին կ’ուզեմ կրկնել` Հայաստան մեկնելու ցանկութիւն յայտնողները կրնան դիմել մեզի: Կան ընտանիքներ, որոնք այսօր տարբեր պատճառներով, իրենց կամքով կը ցանկան Հալէպի մէջ մնալ: Մեր առաքելութիւնն է նաեւ անոնց օժանդակելը:
Մեր աղօթքն այն է, որ Հալէպը փրկուի, պիտի փրկուի` որպէս մայր գաղութ, պատմական քաղաք, որովհետեւ այստեղ կատարուող աւերուածութիւնները ապագային պիտի համարուին համայն մարդկութեան ամօթը: Այսօր կը քանդուի տարբեր ազգերու եւ մշակոյթներու մէկտեղուած հարստութիւնը, ամբողջ աշխարհը պէտք է լծուի Հալէպը փրկելու սուրբ առաքելութեան մէջ:
Լուսինէ Աբրահամեան