Նոր Եւ Ստոյգ Տեղեկութիւններ Սուրիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակին Վերաբերեալ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Ժիրայր-Ռեիսեան-300x235.jpg)
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին հետ կապուած, ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, Սուրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ժիրայր Ռէիսեանի հետ:
Սերժ Սրապիոնեան- Պարոն Ռէիսեան Հայաստանի մէջ կը տարածուին լուրեր, որ Հալէպի մէջ խուճապ է, որ մարդիկ հաւաքուած են, իրենց տեղափոխող չկայ, Հայաստան բերող չկայ, ի՞նչ կուտակումներ կան Հալէպի մէջ, ինչպէ՞ս է դրութիւնը հիմա:
Ժիրայր Ռէիսեան – Հիմա հանդարտ է: Այս պահուն մեր մօտ խուճապ չկայ:
Սերժ Սրապիոնեան – Մարդոց կուտակումներ կա՞ն, ովքեր կ’ուզեն գալ Հայաստան, բայց միջոցներ չկան:
Ժիրայր Ռէիսեան – Նման բան չկայ, որ մարդիկ այստեղէն ցանկան Հայաստան գալ եւ չկարենան: Կրնան ըլլալ պահեր, որ հրթիռակոծումներ ըլլան, կրնան վնասներ եւ զոհեր ըլլան, սակայն խուճապային իրավիճակ, որ մարդիկ դիմեն Հայաստան գալու համար, չկայ:
Սերժ Սրապիոնեան – Շա՞տ կը դիմեն, որ Հայաստան գան: Իրենց տեղեկացուցէք, որ մենք պատրաստ ենք ընդունելու:
Ժիրայր Ռէիսեան – Եթէ Հայաստան գալու դիմումներ ստանանք, ատոնք կ’ուղարկենք Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսին եւ միաժամանակ ձեզի ալ տեղեակ կը պահենք: Անհանգստութեան հարց չկայ, բայց խնդրեմ` այստեղ-այնտեղէն լսուած խօսքերուն չհաւատալ, այլ միայն պաշտօնական աղբիւրներէն տեղեկանալ:
Կից` «Հայերն այսօր»–ը կը ներկայացնէ հեռախօսազրոյցի ձայնագրութիւնը.