Վարչապետն Ընդունած Է Հեղինակաւոր Մարզիկ Սերգէյ Պուպկան
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Աթլեթիքայի դաշնակցութեան միջազգային միութեան փոխնախագահ, հեղինակաւոր մարզիկ Սերգէյ Պուպկան: Կառավարութեան ղեկավարը ողջունած է ճանչցուած մարզիկի այցը Հայաստան եւ յոյս յայտնած, որ այն պիտի նպաստէ մեր երկրէն ներս մարմնակրթութեան զարգացման ու տարածման երիտասարդներու մօտ: «Երիտասարդ տարիներին մենք հպարտանում եւ մեծ ոգեւորութիւն էինք ապրում Ձեր յաջողութիւններով: Ուրախ ենք, որ Հայաստանի ատլետիկայի ֆեդերացիայի հետ հաստատել էք ջերմ կապեր եւ նախաձեռնել նոր ծրագրեր: Հայաստանի կառավարութիւնը շարունակելու է նոր միջոցներ ձեռնարկել` սպորտի մասսայականացմանը հասնելու նպատակով»,- ըսած է Տիգրան Սարգսեան:
Սերգէյ Պուպկան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին` մարզանքի զարգացման մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: «Ինծի համար մեծ պատիւ է արժանանալ նման ընդունելութեան: Հանդիպումներ ունեցած ենք նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարին հետ: Կարեւոր է, որ այսօր մարզական բնագաւառը կը ղեկավարեն Եուրի Վարդանեանի եւ Ռոպերթ Էմմիյեանի նման հեղինակաւոր մարզիկներ: Ուրախ ենք տեսնել, թէ ինչպէս այսօր Հայաստան կը վերականգնէ իր մարզական մեծ աւանդոյթները»,- նշած է Սերգէյ Պուպկան:
Տեղեկացուած է, որ Աթլեթիքայի միջազգային դաշնակցութեան աջակցութեամբ յառաջիկային Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ պիտի տեղադրուի մարզական ժամանակակից վազքուղի, որ հնարաւորութիւն կու տայ իրականացնել միջազգային ամենաբարձր մակարդակի մրցումներ:
Սերգէյ Պուպկան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ հոկտեմբեր 27-30 Պալքանեան երկիրներու միութեան կազմին ընդգրկուած դաշնակցութիւններու մարզական արդիւնքներու տարեվերջեան ամփոփիչ ձեռնարկը Երեւանի մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար:
http://www.gov.am/